«ԱՆՍԿԶԲՈՒՆՔ ԵՒ ԱՆՆԿԱՐԱԳԻՐ ԱՆՀԱՏՆԵՐ»
Այստեղ, սակայն, կը տեսնենք լուրջ դաստիարակութեան խնդիր մը. մենք թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ չենք կրնար մեր նոր սերունդը դաստիարակել ապագայի յաղթանակի հեռանկարով. այդ հեռանկարին սկիզբը ազգային գիտակցութիւնն ու հայրենասիրութիւնն է։ Մեր նոր սերունդը հետաքրքրուած չէ իր պատմութեան մէջ յաղթանակներ կերտած մեծերով՝ ինչքան ամերիկացի կամ եւրոպացի այս կամ այն երգիչով։ Մերօրեայ աշխարհը նոր սերունդի ուշադրութենէն հեռու կը տանի ազգային դիմագիծն ու անոր հանդէպ անհրաժեշտ կապուածութիւնը։ Շատ մը երեւոյթներ կը խաթարեն մեր նոր սերունդի նկարագիրը եւ մենք այդ մաքուր, հայեցի նկարագիրն է, որ պէտք ունինք:
Դարձեալ Գալուստեանն է գրողը. «Դարերու ընթացքին եղած չէ շրջան մը, որ նկարագիրի ուժը այնքան անխուսափելի պէտք մը եղած ըլլայ, որքան ներկայիս մեր ազգին համար: Դաստիարակութիւնը, որ աւելի ընդարձակ կերպով տարածուած է ամէն կողմ՝ քան ոեւէ ատեն, կարծես միայն ծառայած է մեր մարդկային տենչանքները նրբացնելու, փառասիրութիւնը աւելի հրահրելու եւ հարստութեանց հասնելու մարմաջը աւելի սաստկացնելու: Ու մեր ճամբուն վրայ ամէն օր հանդիպած բոլոր խոչընդոտներուն ու դժբախտութեանց պատճառներուն գլխաւորը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ նկարագրի պակասը, որ մեզ կը տանի մեր ստորին բնազդներուն ու անկարող կ՚ընէ մեզ մեր ինկած վիճակէն ազատելու»։ Ահաւասի՛կ, աւելի քան դար հնութիւն ունեցող ախտորոշում՝ որ մինչեւ օրս կը շարունակէ իր ճշմարտութիւնը պահպանել։ Այդ ժամանա՞կ աւելի կարիքը կար այդ նկարագրին թէ ոչ այսօր՝ չենք գիտեր, սակայն, յստակ ձեւով կը տեսնենք, որ այդ հայեցի նկարագրին նահանջը ապագայ յաղթութիւններուն յոյսը եւս կը խեղդէ:
Այս բոլորին մէջ պէտք է մեղադրել դպրոցը, որովհետեւ վերջին տասնամեակներուն թերացա՛ծ է իր առաքելութեան մէջ։ Հայ ժողովուրդի պարագային դպրոցը պէտք չէ դիտել լոկ գիտական ուսում ստանալու եւ զարգանալու կեդրոն։ Մեր դպրոցները պարտին դասէն շատ աւելի կարեւոր արժէքներ ջամբել. մեր դպրոցները պարտին ո՛չ միայն քննութիւնները յաջող յանձնող, համալսարան ընդունուող ու բարձրագոյն մասնագիտութիւն ձեռք բերող երիտասարդներ պատրաստել. անոնցմէ շատ աւելի առաջնահերթ է իր ժողովուրդին ապագային նկատմամբ պարտաւորութիւն զգացող անհատներ պատրաստել։ Մեր դպրոցներուն մէջ այսօր պէտք չէ «ինչպէ՞ս ապրիլ» սորվեցնենք։ Նոր սերունդը ինչպէսէն աւելի պէտք է իր մէջ ունենայ «ինչո՞ւ ապրիլ»ը եւ այդ «ինչո՞ւ»ին մէջ է, որ որոշ արժէքներ իմաստ ու արժէք կը ստանան:
Իմաստ չունի աշակերտներուն սորվեցնել Վարդան Մամիկոնեանին մասին, եթէ աշակերտը պիտի չյաջողի թափանցել այն սրբազան արժէքներուն, որոնք ծնունդ տուին Վարդանանց ճակատամարտին։ Այդտեղ թուականներէն ու անուններէն շատ աւելի կարեւոր է այն հայրենասէր զգացումները, որոնք առաջնորդեցին հայ ժողովուրդը պատերազմելու իրմէ շատ աւելի մեծ բանակ ունեցող պարսիկներուն դէմ։ Եթէ աշակերտը չի հասկնար, որ Վարդանանցը օտար պետութեան դէմ մղուած պատերազմէ աւելի սեփական ինքնութիւնը պահպանելու պայքար մըն է, ապա թուականն ալ, անուններն ալ իմաստ մը չունին։ Դպրոցներուն մէջ դասաւանդուած հայոց պատմութիւնը որպէս «գիտելիք» պէտք չէ ներկայացուի։ Աշակերտը իւրաքանչիւր պատմութեան ետին պարտի հասկնալ խորքը:
Կը հաւատանք, որ հայկական դպրոցները պարտին իրենց ուսումնական ծրագիրին մաս դարձնել հայ մեծերը. գրողներ, մտաւորականներ, գիտնականներ, հոգեւորականներ, արհեստաւորներ… Պարտին լաւապէս ճանչնալ բոլոր այն մեծութիւնները, որոնք սեփական շահերէն աւելի ապրած են հայ ժողովուրդի շահերը հետապնդելով: Նոր սերունդը հետաքրքրուած է հարստանալու ցանկութեամբ. պէտք է դպրոցին մէջ իսկ խօսիլ Կիւլպէնկեանի, Նուպար փաշայի, Մանթաշեանի եւ բազմաթի՜ւ այլ մեծանուն հայերու մասին, որոնք ո՛չ միայն հարստացան, այլ իրենց գործերով հայ ազգը հարստացուցին։ Ի դէպ ըսենք, որ վերոյիշեալ հայերուն հաւասար բազմաթի՜ւ այլ հայ հարուստներ ունեցած ենք պատմութեան ընթացքին, անոնց անունները մոռցուած են պարզապէս այն պատճառով, որ ազգին ո՛չ մէկ օգուտ ունեցած են։ Այսօր նոր սերունդը իրեն որպէս «իտէալ» կ՚ընտրէ այս կամ այն երգիչը՝ որուն իգական կամ արական ըլլալը այնքան ալ յստակ չէ։ Դաստիարակութեան ճամբով պէտք է նոր սերունդին դիմաց դնել իտէալներ՝ որոնք իրենց կեանքով պայծառացուցած են հայ ազգը։ Ահաւասի՛կ, Կիւլպէնկեանի մահէն անցած է աւելի քան կէս դար, սակայն, անոր հարստութիւնը կը շարունակէ հայ աշակերտներու նպաստել՝ որպէսզի սորվին եւ իրենց սորվածով ազգին օգտակար տարրեր դառնան։ Անցեալին հայ դպրոցն էր, որ հայ մտաւորական, հայ յօդուածագիր, հայ ուսուցիչ կը պատրաստէր, այսօր դպրոցը դարձած է «առեւտուր»ի կեդրոն, ուր աշակերտը դրամ կը վճարէ՝ իսկ ուսուցիչն ու տնօրէնութիւնը այդ դրամներով աշխատավարձ կը ստանան։ Նպատա՞կ. տարեշրջանը իր աւարտին հասցնել:
Այս բոլորը նկատի ունենալով՝ համոզուած ենք, որ տակաւին յաղթանակը մեզմէ շա՜տ հեռու է, սակայն, անկարելի չէ։ Պարզապէս պէտք է աշխատիլ, պէտք է տաս, քսան, երեսուն տարի նպատակի մը համար միանալ։ Միայն այդ ժամանակ կարելի կ՚ըլլար դուրս գալ այս ոչ-լաւատես վիճակէն։ Սկզբնաղբիւրը դպրոցն է. գիտակից նոր սերունդով միայն կարելի է ապագան երաշխաւորել:
•վերջ
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ի՜նչ դժուար է վերելքը կեանքի, երբ ո՛չ ղեկավար ունիս եւ ո՛չ հովանաւոր, եւ ինքդ տակաւին մատաղ երազես միայն առանց ատամներու ու բռունցքի:
ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան