ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ
«Մահուան գործիքի՝ Խաչի նշանի վրայ գամեցիր, որպէսզի կամքիդ դէմ երկարող ձեռքս թուլացնես։ Համընթաց քու ոտքերուդ ազատարար իմ անսանձութեան պատճառով պատժարանի փայտին կպցուցիր, որպէսզի զսպես դուն գթածաբար վայրագութիւնը փախչող թշուառիս». (ՆԱՐԵԿ, Բան ԼԶ)։
Է. դարու կէսին, Վարագայ լերան վրայ ճգնող մենակեաց մը՝ Թոդիկ, գիշեր մը, տեսիլքի մէջ նկատեց, որ Վարագայ ժայռուտ գագաթին վրայ տասներկու սիւներով տաճար մը կանգնուած է՝ մէջտեղը լուսասփիւռ խաչով։ Քիչ յետոյ այդ լուսաւոր «ձեւ»ը ինքնին փոխադրուելով դէպի վար, կու գայ եւ կ՚ամփոփուի Վարագայ վանքի սեղանին վրայ։
Թոդիկ եւ իր աշակերտը Յովէլ կը փութան եկեղեցի եւ կ՚երկրպագեն լուսափայլ մասունքին՝ որ Խաչափայտէն մասնիկ մըն էր, ինչպէս կը խորհէին իրենք, երբ Ս. Հռիփսիմէ կոյս եւ ընկերուհիները իրենց հետ էին։ Մասունքը անծանօթ մնացած էր եւ շատեր՝ անոր սիրով՝ հոն անցուցեր էին իրենց կեանքը, ինչպէս եւ Թոդիկ եւ Յովէլ, մասունքին յայտնութիւնը խնդրելով եւ սպասել Աստուծմէ։
Եւ Խաչի մասունքին յայտնութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց եւ այդ ժամանակի կաթողիկոս Ներսէս Գ. Տայեցի (Իշխանեցի), «Շինող» մականունեալ (641-661), փութաց Վարագ, ստուգեց մասունքին ստուգութիւնը եւ պատմական մանրամասնութիւնները՝ տնօրինեց, որ ամէն տարի սեպտեմբեր 28-ի մերձաւոր կիրակիին, կամ Խաչվերացի տօնէն երկու շաբաթ վերջ կատարուի Վարագայ խաչի տօնախմբութիւնը։
Արդարեւ, քրիստոնէութեան մէջ շատ առաջուընէ ի վեր խաչը գերազանց յարգանքի մը առարկան եղած է։ Գողգոթայի խաւարներուն մէջէն Յիսուսի արիւնով օծուած խաչը այնուհետեւ եղաւ քրիստոնէին պարծանքը, եւ քրիստոնեայ եկեղեցիներ, հոգիի վսեմ ամբարձումներով եւ բարեպաշտիկ ներշնչումներով տօնեցին զայն՝ իր փրկական խորհուրդին, եւ իր վերացումներուն ի յիշատակ։ Եւ այդ յիշատակութեան օրերուն տօնը եւ հաւատքի անշեղ սկզբունքը միատեղ քալեցին շարունակ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։ Ուստի, երբ մէկ կողմէն Հայ Եկեղեցին հանդէս կու գայ բարեպաշտներու աչքին, միւս կողմէ՝ հաւատարիմ հաւատաւոր հոգիներուն համար՝ այնքա՜ն գեղեցիկ եւ բարերար, փրկարար դա՛ս մը կը մատակարարէ։ Երբ քրիստոնեան խաչը կը բարձրացնէ մէկ ձեռքով, միւսով ցոյց կու տայ Անոր խորհուրդը։
Այն օրէն, երբ իրերու խորին տրամաբանութեամբ մը խաչին ճակատագիրը՝ հանգամանքը եւ իմաստը փոխուեցաւ եւ եղաւ մարդուն փրկարար պարծանքներէն մէկը, տարբեր կարծիքներ, համոզման եւ հաւատալիքի տարբեր կռուաններ եւ ընտրութեան զանազան եղանակներ եւ կերպեր ստեղծուեցաւ պարծանքի համար։ Այսուհանդերձ, երբ այդ զանազանութիւնները դասաւորուին եւ անոնց բարոյական եւ հոգեբանական եւ ընկերային նմանութիւններուն եւ մերձաւորութիւններու վրայ հիմնուած՝ զանոնք ջոկուին, պիտի տեսնուի, որ մարդոց համար միայն երկու տեսակ պարծանք գոյութիւն ունի. մին՝ Պօղոս առաքեալի պարծանքը, եւ միւսը՝ Աշխարհի պարծանքը։ Պօղոս առաքեալը աշխարհի հանդէպ կը յայտարարէ, թէ իր միակ եւ միակ պարծանքը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խա՛չն է. «Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ։ Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհի համար». (ԳԱՂՏ. Զ 14)։ Ասիկա մշակուած մտքի, երկար տարիներու կեանքի փորձառութեան, նաեւ գիտական հետազօտութիւններու համոզումով ձեռք բերուած բանաւոր եզրակացութեան մը բնական արդիւնքն է՝ թէեւ մարդկայնօրէն վիճելի, բայց վճռակա՛ն ի վերջոյ։
Շնորհաւոր ըլլայ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը՝ Խաչը թող պահէ պահպանէ բոլորս եւ խաչեալ, յարուցեալ Տէր Յիսուսի սէրը եւ շնորհքը մեզ հետ ըլլայ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ