ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿԸ (Բ.)

Կեանքի մէջ որպէս մարդ բոլորս հաւասար ենք, սակայն, մեզ իրարմէ տարբերողը մեր ինքնութիւնն ու անհատականութիւնն է։ Այնպէս ինչպէս նոյն դէպքը կամ երեւոյթը տարբեր անձերու վրայ տարբեր հետքեր ու ազդեցութիւններ կը ձգէ, նոյնն է նաեւ նիւթական հարստութեան պարագան։ Այս կէտին թուաբանական ճշդութիւն մը գոյութիւն չունի. մեր խնայողութեան, մեր ապրելակերպին վրայ, բնականաբար, կ՚ազդեն մեր փորձառութիւնները եւ անոնց հիման վրայ է, որ կը ձեւաւորուին մեր յառաջիկայ տարիները: Հետեւաբար, մարդոց վարքագիծը պէտք է միայն դատել ու գնահատել անոնց փորձառութիւններն ու կեանքի պատմութիւնը սերտելով, որովհետեւ փորձառութիւնները տարբեր ազդեցութիւններ կը ձգեն մարդոց վրայ եւ այդ մէկը տեղ մը իր բաժինը կ՚ունենայ տնտեսականին վրայ եւս: 

Երկու տարբեր մարդիկ կրնան ամբողջութեամբ տարբեր կարծիքներ ունենալ հարստութեան, խնայողութեան եւ ընդհանուր կեանքի վերաբերեալ։ Անոնցմէ մին գուցէ նախընտրէ հեռու մնալ պարտքէն եւ խնայողութիւնը աւելի կարեւոր նկատէ, իսկ միւսը պարտքը որպէս գործիք օգտագործէ՝ իր տնտեսական վիճակը ներդրումներու ճամբով բարելաւելու համար։ Այս պարագային «ճիշդ» կամ «սխալ» ընտրել հնարաւոր չէ, որովհետեւ երկուքն ալ ունին իրենց համոզիչ պատճառները եւ գուցէ տեղ մը ճիշդ ըլլայ երկուքն ալ։ Պէտք է նկատի ունենալ, որ անոնք մեծցած են տարբեր շրջանակներու, տարբեր ընտանիքներու մէջ եւ այդտեղ իւրաքանչիւրին համար ամբողջութեամբ տարբեր էր տնտեսական վիճակի ընկալումը: Առ այդ, մարդոց տնտեսական վիճակը իմաստութենէն աւելի իր մէջ ունի հոգեբանական ու պատմական վիճակ:

Դարձեալ կ՚ըսենք, այս իրականութեան մէջ թուաբանական հաշիւ գոյութիւն չունի. օրինակ՝ իր մանկութիւնը աղքատութեան մէջ ապրող, սակայն, ապագային հարստացած աղքատն ու ի ծնէ հարստութեան մէջ ծնած զաւակը հարստութեան եւ տնտեսական վիճակին մասին նոյն կարծիքը չեն կրնար ունենալ։ Անոնք ապրած են տարբեր մթնոլորտներու մէջ եւ այդ մթնոլորտն է, որ իրենց մէջ ստեղծած է գիտակից մարդը։ Այս իրողութեան մէջ ընտանիքէն բացի մեծ դեր ունի նաեւ շրջապատը. օրինակի համար, եթէ անձ մը իր մանկութիւնը անցուցած է միջավայրի մը մէջ, ուր հարստութիւնը ի ցոյց մարդկանց ապրիլը յաջողութեան խորհրդանիշ է, ապա այդ մէկը որպէս իր դաստիարակութեան անբաժան մէկ մասը պիտի յայտնուի նաեւ իր հասունութեան ժամանակ: Այս տարբերութիւններն են պատճառը, որ ամէն մարդ ուրիշի ունեցած հարստութեան պարագային կարծիք մը, գաղափար մը ունի։ Բազմաթի՜ւ մարդիկ կը քննադատեն այս կամ այն հարուստը՝ «սխալ» ընելու եւ ապրելու մէջ, որովհետեւ իրենք ունին համոզուած «ճիշդ» մը, որ իրականութեան մէջ յարաբերական է, սակայն, անոր գիտակցութիւնը չունին տակաւին: 

Անշուշտ, խօսելով տնտեսութեան մասին, պէտք է արձանագրենք, որ իրենց կարեւոր ազդեցութիւնը ունին նաեւ սերունդներն ու ժամանակը. օրինակի համար, այսօր հարուստներ մեծամեծ գումարներ կը մսխեն այս կամ այն ինքնաշարժը ձեռք բերելու համար։ Այս երեւոյթը մօտաւորապէս դար մը առաջ տարբեր բնոյթ ունէր։ Ինքնաշարժը ցուցադրութենէն աւելի կեանքը դիւրացնող, մարդը կէտէ կէտ առաջնորդող միջոց մըն էր, սակայն, այսօր տեղէ տեղ փոխադրուելէ աւելի հասարակութեան մէջ որոշ «բարձ» դիրք ունենալու մրցակցութիւն մըն է։ Ժամանակի ազդեցութիւնը կը տեսնենք նաեւ քաղաքական պատճառներով եւս. օրինակի համար, պատերազմ եւ դժուարութիւն տեսած անձ մը իր խնայողութեան մէջ վստահաբար տարբեր դրսեւորում պիտի ունենայ, քան անձ մը՝ որ երբեք այդ դժուարութիւնները ապրած չէ. օրինակի համար, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իր համեստ կեանքը ապրողին համար խնայողութեան իմաստն ու Սուրիոյ կամ Լիբանանի դժուարին օրերը ապրած անհատի մը համար նոյնը չի կրնար ըլլալ: Իր ազդեցութիւնը ունի նաեւ անցած ճամբան. օրինակի համար, իր կեանքին մէջ ձախողութիւն չտեսած անհատ մը ինքնավստահ ձեւով կրնայ խօսիլ նոր արկածախնդրութիւններու մէջ մտնելու մասին՝ քան այն անձը, որ անգամ մը այրած է ձեռքը: 

Ի դէպ, այս մէկը գիտականօրէն փաստուած իրողութիւն մըն է։ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք մեծահարուստ ընտանիքի մը տարիներ ետք հարց տուած են, թէ համաշխարհային պատերազմէն ու անոր տագնապէն ի՞նչ կը յիշէ. աշխարհի ամենէն հարուստ ընտանիքներէն մէկու մը զաւակը ըլլալով ո՛չ մէկ տագնապ, ՛ոչ մէկ ճգնաժամ յիշած է։ Հետեւաբար, թուաբանական վերջնական պատասխանէ մը անկախ մարդու մտածողութիւնը, համոզումները կախեալ են իր միջավայրէն: Փաստ է, որ մարդոց որոշումներուն եւ կատարած ներդրումներուն մէջ դեր ունի մանկութեան եւ երիտասարդութեան ապրած կեանքը. օրինակի համար, ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ գնաճի ճգնաժամը ապրած մարդիկ ապագային աւելի քիչ ներդրումներ ընելու արկածախնդրութիւնը կ՚ունենան, իսկ անոնք, որոնք ապրած են այնպիսի ժամանակաշրջանի, ուր բաժնետոմսերը աճ արձանագրած են, բնականաբար, ապագային բաժնետոմսեր առնելու շատ աւելի հետամուտ պիտի ըլլան։ Օրինակը տանք այսպէս. տասնամեակներ առաջ ստեղծուեցաւ համացանցային յայտնի դրամատեսակ մը՝ «Bitcoin»ը. սկզբնական վիճակին քիչեր հետաքրքրուեցան, սակայն, երբ լաւ արդիւնքներ արձանագրուեցան, շատերու ուշադրութիւնը գրաւեց։ Դրականը տեսնողը այդ դրականն է, որ կը հետապնդէ, իսկ բացասականը ապրողը կ՚ապրի այն վախով, որ դարձեալ նոյնը կրնար կրկնուիլ:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ուսանողը՝ ամէն բանի փափաքող ու ամէն բանէ զուրկ՝ հեգնող ու դժգոհ անձնաւորութիւն մըն է:

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2026