ՍԻՐԱԼԻՐ, ԶՈՀԱԲԵՐ ՈՒ ՀԱՇՏԱՐԱՐ

Այսօր մէկտեղուած ենք իմ սիրելի դասընկերուհիիս՝ Նատիա Էպէօղլու-Գօչունեանի զոյգ տարեդարձներուն համար. մէկը իր ծննդեան 75-ամեակը, իսկ երկրորդը՝ իր կեանքին մէջ շատ կարեւոր տեղ գրաւած ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատան մէջ զոհաբեր աշխատութեան 45-ամեակը։ 

1966-ին, Էսաեան վարժարանի 9-րդ դասարանը ծանօթացած իմ սիրելի ընկերուհիս ու անկեղծ բարեկամուհիս՝ Նատիա Էպէօղլու-Գօչունեանի հետ, որուն հետ մեր կապը կը շարունակուի ցայսօր։ 

Նատիան ընտանեկան յարկէն ներս եւ ընկերային գետնի վրայ միշտ ունեցած է սիրալիր, զոհաբեր, հաշտարար կեցուածք մը, իր շուրջիններուն մօտեցած է հարազատ մօր մը կամ քրոջ մը նման՝ միշտ գուրգուրանք ցոյց տալով։ 

Անոր մարդասիրական կողմը միշտ ծանր կը կշռէ՝ առանց շահախնդրութեամբ:

Նատիա Գօչունեան եղաւ հայ կինը եւ հայ մայրը՝ հասցնելով իր մէկհատիկը, մեր բոլորիս սիրելին Արան, որ եղաւ թէ՛ Գօչունեան ընտանիքին եւ թէ համայնքիս պարծանքը: Նատիան եղաւ նաեւ ջանասէր քաջ հայ կինը, որ 45 տարիներու հոլովոյթին պայքարելով՝ դարաւոր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին գոյատեւումը ապահովեց ու տակաւին պիտի շարունակէ։ 

Վարձքդ կատար, սիրելի Նատիաս, 45 տարուայ գործունէութեանդ համար ու շնորհաւորութիւններ նաեւ 75-ամեակիդ առթիւ։ Քեզի կը մաղթեմ առողջ օրեր, ուժ եւ կարողութիւն, նաեւ համբերութիւն, որպէսզի երկար տարիներ կարենաս շարունակել ծառայել հայ տիպ ու տառին:

ՍԱԹԵՆԻԿ ՆՇԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2026