ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆԸ
ՄԵԾԱԶՆԻՒ
ՏԻԿԻՆ ՆԱՏԻԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ, ԹՈՒՐՔԻԱ
Սիրելի Տիկին Գօչունեան,
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն, Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը կը յղենք Ձեզ եւ կը շնորհաւորենք ծննդեան տարեդարձի եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեայ յոբելիանի կապակցութեամբ:
Տիրոջ կամքով առիթ ունեցած ենք անձնապէս ճանչնալու Ձեզ եւ Ձեր բարեպաշտ ընտանիքը, ինչպէս նաեւ հաղորդ դառնալու հաւատաւոր մեր ժողովուրդին մատուցած Ձեր գովարժան ծառայութիւններուն: Տասնեակ տարիներ Դուք անմնացորդ նուիրումով Ձեր կարողութիւնները ի սպաս դրած էք Իսթանպուլի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ազգանուէր առաքելութեան իրագործման, որպէսզի հայալեզու պարբերականը յաջողութեամբ շարունակէ իր աւելի քանի մէկ դարեայ ընթացքը՝ ընթերցողներուն ներկայացնելով արժանահաւատ տեղեկատուութիւն եւ աւանդ բերելով մեր հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու զարգացման:
Լրագրական գործունէութեան զուգընթաց Դուք նաեւ պոլսահայութեան համայնքային կեանքի կազմակերպման գործին մէջ ստանձնած էք կարեւոր յանձնառութիւններ, որոնց բարձր գնահատանքով պատրիարքական ընտրութիւններու ժամանակ երկիցս ընտրուած էք՝ իբրեւ ազգային պատգամաւոր: Հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան եւ եկեղեցասիրութեան ոգին, որ առաջնորդած է հաւատաւոր հայուհիդ Ձեր ողջ գործունէութեան ընթացքին, իր հոգիին մէջ կը կրէ նաեւ Ձեր որդին՝ տիար Արա Գօչունեան, որ շարունակելով Գօչունեան ընտանիքի բարի աւանդոյթները՝ նուիրեալ ու օգտաշատ ծառայութիւն կը մատուցէ ազգային եւ եկեղեցական մեր կեանքի յառաջընթացին:
Սիրելի Տիկին Գօչունեան, վերստին շնորհաւորելով Ձեզ յոբելինական տարեդարձի առթիւ՝ ի խորոց սրտի աղօթքով կը հայցենք, որ Ամենակալ Տէրը առատօրէն օրհնէ եւ Իր Սուրբ Աջի ամենախնամ հովանիի ներքեւ պահպանէ Ձեզ՝ պարգեւելով քաջառողջութիւն եւ երկնառաք բիւր բարիքներ՝ շարունակելու Ձեր ծառայութիւնները մեր ազգին ու մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ:
Օրհնութեամբ՝
ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ