ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Հայաստանի լրագրողներու միութիւնը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ պոլսահայ բազմավաստակ հրատարակիչ Նատիա Գօչունեանը՝ ծննդեան 75 եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի առթիւ: 

45 երկար ու ձիգ տարիներ Նատիա Գօչունեան կը ծառայէ հայ մամուլին՝ իր աւանդը բերելով սփիւռքեան մամուլի կայացման:

Նատիա Գօչունեան լրագրական իր աշխատանքին զուգահեռ՝ ծաւալած է նաեւ արդիւնաւէտ հասարակական գործունէութիւն: Երկու անգամ ընտրուած է Պոլսոյ Ազգային պատգամաւորական ժողովի անդամ, գտնուած է Պոլսոյ հայ համայնքի հանրային, մշակութային ու հասարակական կեանքի կիզակէտին: 

Սփիւռքէ ներս ծաւալած իր հայրենանուէր գործունէութեան համար Նատիա Գօչունեան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Սահակ - Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանով: 

Հայաստանի Լրագրողներու միութիւնը Նատիա Գօչունեանին կը մաղթէ առողջ, երջանիկ, խաղաղ ու բարեբեր երկար տարիներու կեանք՝ ի փառս հայ մամլոյ, հայկական սփիւռքի միաբանութեան եւ հայոց հոգեւոր-մշակութային կեանքի: 

ՍԱԹԻԿ ՍԷՅՐԱՆԵԱՆ 

Նախագահ 
Հայաստանի Լրագրողներու միութեան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2026