ՔԱՍԻՄԷՆ՝ ՅՈԲԵԼԵԱՐ ՆԱՏԻԱՅԻՆ

Ես՝ Միսաք Անուշաւան Մարտիրոսի Գօչունեանս, գրական ծածկանունով Քասիմ, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադիր, երբեմնի Ազգային պատգամաւոր եւ առաջինը «Նարեկ»ը աշխարհաբարի փոխադրածս, իմ մահուընէ շուրջ 115 տարի վերջ ի վերուստ կը գրեմ այս տողերը: Սա, վստահաբար, արդար առիթ մըն է: Իմ բարոյական պարտքն է ի վերուստ շնորհաւորել Նատիա Գօչունեանի ծննդեան 75-ամեակի եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի կրկնակ յոբելեանները: Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Նատիա Գօչունեանը եւ որպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր՝ պատմութեան առջեւ կ՚ուզեմ բարձր գնահատել ծաւալած գործունէութեան նշանակութիւնը՝ իմ իսկ հիմնադրած այս օրաթերթի երկարակեաց, մրցանիշային ոդիսականին մէջ: 

Սիրելի՛ Նատիա, 

Ես ԺԱՄԱՆԱԿ-ը հիմնելէ վերջ միայն հինգ տարի կարողացայ ծառայել անոր: Իսկ դուն այդ բանը կ՚ընես 45 տարիէ ի վեր, ինչ որ իմ ըրածին ուղիղ ութն անգամն է: 

Ես այօր քեզի ուղիղ համեմատութեան մէջ կը դնեմ իմ պաշտելի մօրս՝ Մարիամ (Եամօ) Գօչունեանի հետ, որ համարձակութիւնը ունեցաւ մեր ընտանիքը Կիւրինէն Պոլսոյ ճամբան դնելու: Իմ լուսահոգի եղբօր՝ Սարգիսի կողակիցը՝ Արաքսի Գարագաշեան-Գօչունեանի մայրական գուրգուրանքին հետ կրնամ քեզի անվարան բաղդատել: Ու տակաւին կէսրոջդ՝ Լիլի Գօչի կերպարը դուն կը պանծացնես ամէն տեսակէտէ:

Իմ հոգեզաւկիս՝ Մարտիրոս Գօչունեանի նման, երկու անգամ ընտրուած ես Ազգային պատգամաւոր՝ ինչպէս որ ես էի ժամանակին: Առանց, որ զիրար ճանչցած ըլլայինք՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ծառայութեան ճանապարհին մեր ըրածները ունին շատ նմանութիւն: 

Կը մաղթեմ, որ աշխարհաբարի փոխադրածս «Նարեկ»ի բիւր օրհնութիւնները առատօրէն տեղան քու վրադ, որպէսզի կեանքիդ շարունակութիւնը ըլլայ լուսաւոր ու խաղաղ: Ես ի վերուստ կը հաստատեմ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար ըրածդ գերմարդկային ու անփոխարինելի է: 

Հիմնադրի բարոյական իրաւունքով՝ ի վերուստ գրուած այս յօդուածը կը ստորագրեմ մեր թերթին անունով:

     

  

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2026