ՎԵՑ ՏԱՐԻ ԱՆՑ
Վեց տարի առաջ, 2020-ի սեպտեմբերի 27-ին Ատրպէյճանը լայնածաւալ յարձակում մը ձեռնարկեց Արցախի վրայ: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «ռազմական դրութիւն» յայտարարուեցաւ: Հայութիւնը ոտքի ելաւ: Հայրենիքի մէջ թէ՛ դուրս, 24 ժամ հրապարակուող մարտական լուրերուն հետեւեցանք, «# Յաղթելու ենք»ով առաջնորդուեցանք: Մեր նորագոյն պատմութեան ամենադաժան այս պատերազմը 44 օր տեւեց եւ մեր՝ հայկական կողմի ծանր պարտութեամբ աւարտեցաւ:
Վերջին պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, պատերազմին զոհ գնաց 3833 հոգի, որոնցմէ 3755-ը՝ զինուորներ, 78-ը քաղաքացիներ: Վեց տարի անց, այսօր դեռ անյայտ կորած է 191 հոգի, որոնցմէ 172-ը՝ զինուորներ, 19-ը՝ քաղաքացիներ։
Շուշիի անկումէն ետք, 2020-ի նոյեմբերի 9-ին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարները եռակողմ համաձայնագիր մը ստորագրեցին, որով հրադադար հաստատուեցաւ:
Բացի գրաւած տարածքներէն, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցան նաեւ Աղտամի, Քելպեճերի, Լաչինի շրջանները: Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծի եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմը տեղակայուեցաւ:
9 կէտերէ բաղկացած եռակողմ յայտարարութեան շատ մը կէտեր, ինչպէս տարաշրջանի բոլոր տնտեսական ու երթեւեկային կապերու ապաշրջափակումը, թուղթի վրայ մնացին:
Երեք տարի անց, 2023-ի սեպտեմբերի 19-ին, Ատրպէյճանը լայնածաւալ եւս մէկ յարձակումով ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի վրայ: Արցախը լրիւ հայաթափուեցաւ, Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարները Պաքուի մէջ գերեվարուեցան:
Այսքանը վեց տարի առաջ եղածին մասին:
Ծա՞նր էր: Այո՛: Կամ, այդ օրերուն թուաց այնպէս, որ ծանր էր, քանի որ պատերազմներ անցուցած, զոհեր, հող ու արիւն թափած, բլուրներով երիտասարդ թաղած յաղթած ու Արցախը «ազատագրած» մեր ժողովուրդին համար բնական է, որ ծանր ու անտանելի պիտի ըլլար պարտութիւնը:
Ասկէ աւելի ծանր ի՛նչ կրնայ ըլլալ, մտածեցինք բոլորս:
Ճի՞շդ էր:
«Վեց տարի վերջ»ին անցնի՞նք:
Վեց տարի վերջ, ո՛չ միայն կրթութիւնը, այլ՝ ամէն ինչ «նորաձեւ» է խաղաղ Հայաստանի մէջ:
Վեց տարի վերջ, 2026-ի սեպտեմբեր 27-ին Ատրպէյճանի մէջ օրինաւորօրէն հռչակուած «Յիշատակի օր»ը մեծ շուքով նշուեցաւ: Վեց տարի առաջուան պատերազմին իրենց տուած զոհերը յիշեցին մարդիկ, փառաւորեցին իրենց քաջ հերոսները, որոնց արիւնով մեծ յաղթանակը կերտուեցաւ ու «իրենց պատմական հողերը վերադարձան»…
Յաղթող կողմն են անոնք, անշո՛ւշտ պիտի յիշեն:
Պարտուողները իրենց զոհերը չե՞ն յիշեր, թէ «լաւ» բաները միայն կը յիշուին, պէտք է յիշուին: Մեր լաւը կը յիշենք, միւսին՝ գէշը:
Իսկ մեր իշխանութեան «Առերեսուիլը՞»:
Չկարծէք, որ տեղեակ չեմ, թէ մեր օրէնսդրութեան համաձայն, ամէն տարուան յունուարի 27-ն է մեր զոհերուն, բոլո՜ր զոհերուն օրը:
Խորին յարգանք ու երախտիք մեր բոլոր ժամանակներու զոհերուն, անկասկա՛ծ, բայց սովորական պատերա՞զմ մըն էր 44-օրեան ու անոր հազարաւո՜ր զոհերը, որ անոր բուն օրը սեպտեմբերի 27-ը պարզապէս, պարզօրէն մոռցուի:
Վեց տարի անց, շատե՜ր Եռաբլուր այցելեցին, յուզուեցան ու հաւանաբար լռեցին, քանի որ պատմելիք շատ բան չունին այդ օրերու մասին: Ընկերային ցանցերու վրայ շատեր գրեցին, իրենց ցաւն ու ցասումը արտայայտեցին, զոհերու նկարներ տեղադրեցին ու յիշեցին… անդին՝ պաշտօնական ո՛չ մէկ յայտարարութիւն, ո՛չ մէկ բառ պատերազմին ու անոր զոհերուն մասին:
Ատրպէյճանի մէջ զոհերը յիշատակելու օր եղած պահուն, մեր զոհերուն այս որակի պաշտօնական անտեսումն ու չյիշուիլը մեզ աւելի՞ յարգելի կը դարձնէ. կը հարցնեմ:
Պատերազմի խորհրդանիշ դարձած Ալպերթ Յովհաննիսեանին նկարը պատէն ջնջելը ի՞նչ կը նշանակէ:
Արարատ, Արցախ, հռչակագիր, սահմանադրութիւն. գոհ պէտք է պահենք մեր «բարեկամները», որ յանկարծ չզայրանան ու նորէն չյարձակին, նոր հողեր չգրաւեն ու նոր հազարներ չտանին… հասկնալի է, բայց սեպտեմբերի 27-ը սովորական օրի մը վերածելը, աւելի՛ն, պետութեան պաշտօնական հեռուստատեսութեամբ, «Հ1»ով, Թաթային համերգը հեռաարձակե՞լը…
Ի՞նչ կը կոչուի այս վարքը:
Ի՞նչ եղանք եւ ինչո՞ւ այսպէս եղանք մենք:
Որո՞ւն յարգանքին կրնանք արժանանալ անարժանապատիւ այս կեցուածքով:
Ի՞նչ պատկեր ու արժէք փոխանցած կ՚ըլլանք մեր բարեկամներուն, թշնամիներուն եւ ամենակարեւորը՝ մեր զաւակներուն, մեր այս ըրածով:
Հայաստանի Պանրապետութեան ապագայ մեր զինուորները ինչպիսի՞ հաւատքով օր մը դարձեալ պէտք է երթան կռուելու, այսքան ապերախտութեան դիմաց, թէ չկայ, ամբողջովին դուրս նետուած է արդէն, կռուելու հաւանականութիւնը…
Ինչո՞ւ չէ:
Այսինչ բաները, բառերը մի՛ յիշէք այլեւս. շա՛տ լաւ:
Այսինչ բանը հանեցէ՛ք ձեր սահմանադրութենէն. անշո՛ւշտ:
Հռչակագիրը փոխեցէ՛ք. սի՛րով:
Ջարդ, զոհ, պատերազմ… պէտք չե՛ն. ի՛նչ վնաս ունի:
«Արեւմտեան Ատրպէյճան» է Հայաստանը. խնդիր չէ՛:
Դադիվանքն ու Գանձասարը ատրպէյճանական հողերուն վրայ աղուանական քրիստոնէական մշակութային ժառանգութիւն համարող Պաքուն, այսօր Ինթերփոլին դիմած է մեր՝ հայերուս այդ վանքերէն գողցած խաչքարներն ու իրերը վերադարձնելու համար:
Պատասխա՞ն, որեւէ պաշտօնական կեցուա՞ծք: Երբե՛ք:
Ի՛նչ պատերազմ, ի՛նչ կռուիլ, ուրեմն, եթէ որեւէ, ո՛րեւէ բանի դիմաց մեր պատասխանը մէ՛կ է.
Ծռած վիզ, կախուած գլուխ ու լռութիւն:
«Պատերազմ է՞ք ուզում» սպառնալիքը բոլո՜ր լռութիւններուն գինը կը վճարէ:
Ապրի՜ն սեպտեմբերի 27-ին Թաթա լսողները:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ