ԽՈՍՏՈՒՄ ՄԸ
Դասամիջոց էր:
7-րդ դասարանի Խաչիկն ու Կարօն դասարանն էին տակաւին եւ դուրս չէին եկած շրջափակ: Կը զրուցէին՝ ուսուցիչի պատուհանին մօտ կանգնած: Յանկարծ, Կարոյին ձեռքը դպաւ պատուհանի յեցակին դրուած տիկին Թամարին ծաղկամանին, որ իյնալով գետին կոտրեցաւ:
Կարօն ու Խաչիկը խառնուեցան իրարու:
Դասարանէն ներս իրենցմէ բացի ուրիշ ո՛չ ոք կար:
Անմիջապէս հաւաքեցին կտորները եւ նետեցին աղբամանին մէջ եւ դուրս ելան դասարանէն:
Շրջափակին մէջ դարձեալ առանձնացան: Կարօն մտահոգ էր, թէ ի՛նչ պէտք էր ըներ եւ ինչպէ՛ս պէտք էր վարուէր: Կը վախնար, որ եթէ երթար ու ըսէր ուսուցչուհիին՝ տիկին Թամարին, ան պիտի բարկանար ու պատժէր զինք: Այս մտածումներուն մէջ ան խնդրեց Խաչիկէն, որ ո՛չ ոքի բան ըսէ կատարուածին մասին:
Խաչիկը խոստացաւ…
Յաջորդ դասապահին ո՛չ ոք զգաց, թէ ծաղկամանը կոտրած էր:
Յետմիջօրէին, երբ տուն կը վերադառնար Կարօն, դարձեալ մտածումներու տարափին տակ կը տառապէր: Մէկ կողմէ կ՚ուզէր ըսել եղելութիւնը, միւս կողմէ պատժուելու հանգամանքը կը սարսափեցնէր զինք: Թէեւ տիկին Թամարը շատ բարեհամբոյր էր իրենց նկատմամբ, բայց միաժամանակ, այդ ծաղկամանն ալ շատ կը սիրէր եւ մեծ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէր:
Անդին, Խաչիկն ալ տունդարձի ճամբուն մտահոգ էր եւ չէր կրնար ինքզինք գտնել: Խոստում մը տուած էր իր դասընկերոջ, բայց տարաբնոյթ մտածումները կը կրծէին իր միտքը: Վաղը անպայմանօրէն տիկին Թամարը պիտի նկատէ, որ ծաղկամանը չկայ, հարցուցփորձ պիտի ընէ, հապա եթէ՞ մէկ ուրիշը մեղադրուէր, եթէ՞ ամբողջ դասարանը տուժէր այս հանգամանքէն:
Գիշերը ո՛չ Կարօն եւ ո՛չ ալ Խաչիկը կրցան հանգիստ քնանալ: Երկուքն ալ հակառակ իրենց տակաւին մատղաշ տարիքին, բայց հասունացման նշոյլները յստակօրէն կ՚երեւային անոնց մտածումներուն մէջ:
Յաջորդ օր, հայերէնի պահուն՝ որ վերջին պահն էր, պահի վերջաւորութեան տիկին Թամարը նկատեց, թէ ծաղկամը չկար: Դասը չընդհատեց: Աշակերտները նկատեցին, թէ ան պահ մը խառնուեցաւ, բայց շարունակեց դասը: Խաչիկն ու Կարօն իրարու նայեցան եւ երկուքին մէջէն դող մը անցաւ…
Դասը աւարտած էր: Տիկին Թամարը գնաց դէպի պատուհան՝ բան մը փնտռողի հայեացքով: Ապա, երբ համոզուեցաւ, թէ ծաղկամանը այնտեղ չէր, մեղմ ձայնով հարցուց աշակերտներուն:
-Տղա՛քս, աղջիկնե՛րս, պատուհանի յեցակին դրուած ծաղկամանը ո՞ւր է:
Քա՜ր լռութիւն տիրեց: Խաչիկէն եւ Կարոյէն բացի ո՛չ ոք գիտէր եղելութիւնը: Իսկ այս երկուքը որոշած էին ոչինչ ըսել:
Տիկին Թամարը երկրորդ անգամ կրկնեց հարցումը:
Դարձեալ քա՜ր լռութիւն:
Երրորդ անգամն ալ նոյն իրավիճակն էր:
Դասապահը աւարտած էր եւ զանգը հնչած, սակայն ո՛չ ոք կը համարձակէր տեղէն շարժիլ:
Տիկին Թամարը մեղմ ձայնով դարձեալ սկսաւ խօսիլ.
-Յոյսով եմ, որ վաղը ծաղկամանը տեղը կ՚ըլլայ: Կրնաք երթալ:
Եւ 7-րդ դասարանցիները դուրս եկան դպրոցէն: Բոլորն ալ զարմացած էին եւ իրարու կը հարցնէին, թէ արդեօք մէկը տեսա՞ծ էր ծաղկամանը կամ գիտէ՞ր, թէ ի՛նչ պատահած է: Ո՛չ ոք ոչինչ կրցաւ գիտնալ: Խաչիկին եւ Կարոյին ալ երբ հարցուցեան նմանատիպ հարցումներ, անոնք չգիտնալ ձեւացան:
Յաջորդ օրը, երկրորդ դասապահը հայերէնի պահն էր: Տիկին Թամարը իր սովորութեան համաձայն դասարան մտաւ, բարեւեց, իրերը դրաւ ուսուցիչի սեղանին, սակայն նստելու փոխարէն, եկաւ դասարանի կեդրոնը եւ քիչ մը խիստ ձայնով խօսիլ սկսաւ.
-Ծաղկամանը կոտրած է տղաք ու աղջիկներ…
Խաչիկն ու Կարօն խառնուեցան՝ կարծելով, թէ իրենց գաղտնիքը յայտնուած է: Կարօն նոյնիսկ չարացաւ, մտածելով, թէ Խաչիկը խոստումը չէր յարգած եւ յայտնած էր ուսուցչուհիին: Սակայն, տիկին Թամարի խօսքին շարունակութիւնը ջրեց այդ կասկածը:
-Դպրոցի մաքրուհիներէն մէկը այսօր առաւօտ մօտեցաւ ինծի եւ յայտնեց, թէ երէկ երբ ձեր դասարանը մաքրած է, ծաղկամանը կոտրած վիճակով աղբանին մէջ գտած է: Հիմա, զաւակներս, պատմեցէ՛ք ինծի եղելութիւնը առանց քաշուելու:
Քար լռութիւն տիրեց դարձեալ:
Կարօն ու Խաչիկն էին միայն, որոնք անհանգիստ էին ներքնապէս ու կը տառապէին:
Տիկին Թամարը դեռ երէկ իսկ նկատած էր Կարոյին ու Խաչիկին անբնական վիճակը, բայց չէր ուզած ճնշել անոնց վրայ:
-Զաւակներս, բան չունի՞ք ըսելու: Պիտի չխօսի՞ք:
Յանկարծ Ռուբէնը ոտքի կանգնելով ըսաւ.
-Տիկին Թամար, ես կոտրեցի ձեր ծաղկամանը: Երէկ անզգուշութեամբ այդ կողմէ կ՚անցնէի եւ յանկարծ ձեռքս դպաւ ու իյնալով կոտրեցաւ:
Խաչիկն ու Կարօն խոր շունչ քաշեցին: Այդ եւս տիկին Թամարին ուշադրութենէն չվրիպեցաւ…
Ռուբէնը իր հետ առնելով պահ մը դուրս եկան դասարանէն եւ ապա մտնելով՝ դասի սկսան: Ռուբէնին դէմքը ե՛ւ խաղաղ էր ե՛ւ մտահոգ:
Այդ օր եւս տունդարձի ճամբուն վրայ Կարօն եւ Խաչիկը մտածումներու մէջ թաղուած էին: Մէկ կողմէ հանգսիտ էին, որովհետեւ կը կարծէին, թէ խնդիրը այդքանով վերջացաւ: Միւս կողմէ սակայն կ՚անհնագստանային Ռուբէնին համար, որ անմեղ տեղ յանցանքը իր վրայ առնելով չէին գիտեր, թէ ի՛նչ հետեւանքներ պիտի կրէ:
Գիշերը դարձեալ հանգիստ չկրցան քնանալ երկուքն ալ:
Առաւօտեան երբ դպրոց հասաւ Խաչիկը, անմիջապէս գնաց Կարոյին մօտ եւ փորձեց համոզել զինք, որպէսզի երկուքով մօտենան տիկին Թամարին եւ ճշմարտութիւնը յայտնեն անոր:
Կարօն թէեւ սկիզբը մերժեց Խաչիկին առաջարակը, բայց յետոյ համաձայնեցաւ: Ռուբէնին անիրաւ տեղը պատիժ կրելը կը ճնշէր վրան: Խաչիկին չափ սիրելի եւ մտերիմ էր իրեն նաեւ Ռուբէնը: Անոնք ո՛չ միայն դասընկերներ էին, այլեւ նոյն թաղին մէջ մեծցած էին, աւելին՝ դրացիներ էին եւ յաճախ իրենց դասերը միասին կը պատրաստէին, միասին կը խաղային, երբեմն նոյնիսկ միասին կը ճաշէին… Այս բոլորը Կարոյին վրայ կը ճնշէին եւ պատճառ դարձան, որ համաձայնի Խաչիկին ըսածին:
Տակաւին դասերը չէին սկսած: Կարօն ու Խաչիկը քիչ մը հաստատ եւ քիչ մը վախցած քայլերով յառաջացան դէպի ուսուցչարան: Հասան այն պահուն, երբ տիկին Թամար կը պատրաստուէր ուսուցչարան մտնել: Տեսնելով զանոնք, տիկին Թամարը յառաջացաւ դէպի իրենց:
-Բարի լոյս, տիկին Թամար: Կ՚ուզենք ձեզի բան մը ըսել:
Խաչիկն էր:
-Բարի լոյս, տղա՛քս: Կը լսեմ ձեզ:
-Տիկին Թամար, ձեր ծաղկամանը ե՛ս կոտրեցի…
Կարօն էր:
Տիկին Թամարը ժտաց, քնքշօրէն շոյեց Կարոյին գլուխը եւ խիստ ձայնով մը ըսաւ.
-Հիմա դասարան գացէ՛ք: Հայերէնի պահուն կը խօսինք:
Կարօն ու Խաչիկը խառնուեցան: Անոնք կը կարծէին, թէ տիկին Թամարը աւելի մեղմ պիտի վարուէր, այն ինչ անոր ձայնէն զգացին, թէ ան բարկացաւ եւ շատ հաւանաբար պիտի պատժէ զիրենք:
Մտահոգ դասարան մտան: Կարօն միտքին մէջ փորձեց մեղադրել Խաչիկը, բայց անմիջապէս զղջաց, մտածելով, որ պէտք է ամէն պարագայի իրականութիւնը յայտնել տիկին Թամարին, ի՛նչ ալ ըլլար հետեւանքը:
Այդ օր հայերէնի պահը կարծէք կը դանդաղէր հասնելու:
Վերջապէս հայերէնի պահն էր:
Կարօն ու Խաչիկը ներքին դող մը կը զգային:
Տիկին Թամարը ըստ իր սովորութեան դասարան մտաւ, բարեւեց եւ դասին անցաւ:
Կարօն ու Խաչիկը ա՛լ աւելի սկսան վախնալ:
Տիկին Թամարը դասը աւարտեց սովորականէն տասը վայրկեան կանուխ: Կարօն, Խաչիկն մւ Ռուբէնը իր մօտ կանչեց: Մեղմ ձայնով մը սկսաւ խօսիլ.
-Զաւակներս, այսօր ձեզ երեքդ կանչեցի, որովհետեւ ձեր արարքին մէջ միայն կոտրած ծաղկամանը չեմ տեսներ։ Ես կը տեսնեմ երեք պատանի, որոնք կանգնած են կարեւոր ընտրութեան մը առջեւ՝ ճշմարտութեան եւ վախի, պատասխանատուութեան եւ լռութեան միջեւ։
Կարօ՛, Խաչի՛կ, դուք գիտէք, որ ծաղկամանը պատահմամբ կոտրեցաւ։ Պատահական սխալ մը կրնայ պատահիլ որեւէ մարդու հետ։ Սխալը ամօթ չէ։ Ամօթ է սխալը գիտնալ եւ փորձել թաքցնել զայն։ Դուք վախցաք, որ պիտի պատժուիք եւ այդ վախը ձեզ առաջնորդեց լռութեան։ Բայց ձեր խիղճը ձեզ հանգիստ չձգեց։
Խաչի՛կ, դուն խոստում տուիր Կարոյին եւ պահեցիր խոստումդ։ Ընկերոջդ գաղտնիքը չբացայայտեցիր։ Ասիկա լաւ եւ հաւատարիմ ընկերութեան կարեւոր մէկ կողմն է։ Բայց պէտք է հասկնաս, որ ամէն խոստում չէ, որ պէտք է պահել։ Երբ խոստումը կը պահանջէ լռել անիրաւութեան մը կամ սխալի մը մասին, ճշմարտութիւնը պէտք է աւելի բարձր տեղ ունենայ։ Իսկական ընկերը ան չէ, որ ընկերոջ սխալը կը ծածկէ, այլ ան, որ քաջութիւն կու տայ անոր՝ սը-խալը ընդունելու։
Կարօ՛, դուն ալ հասկցար, որ ճշմարտութիւնը որքան ալ դժուար ըլլայ, վերջաւորութեան պէտք է ըսուի։ Դուն սխալեցար, երբ փորձեցիր թաքցնել կատարուածը, բայց քաջութիւն ունեցար սխալդ ընդունելու։ Ասիկա կարեւոր է։ Մարդուն մեծութիւնը անսխալական ըլլալուն մէջ չէ, այլ իր սխալը ընդունելու եւ զայն ուղղելու կարողութեան մէջ։
Իսկ դո՛ւն, Ռուբէն…
Դուն ըրիր շատ գեղեցիկ բան մը. ուզեցիր պաշտպանել յանցաւորը, թէեւ չէիր գիտեր, թէ ո՛վ է ան կամ անոնք։ Չուզեցիր, որ ան կամ անոնք պատժուին եւ յանցանքը անոնց վրայ ծանրանայ։ Այդտեղ ընկերասիրութիւնդ եւ զոհողութեան պատրաստակամութիւնդ երեւցան։ Ընկերոջ մը դժուարութեան պահուն անոր կողքին կանգնիլը մարդկային վեհ առաքինութիւն մըն է։
Բայց, զաւակս, մաիաժամանակ սխալ բան մը ալ ըրիր։ Դուն գիտակցաբար վերցուցիր ուրիշին գործած սխալը եւ ըսիր, թէ դո՛ւն կոտրած ես ծաղկամանը։ Այսինքն՝ բարի նպատակը քեզ առաջնորդեց սխալ ճանապարհի մը։ Կարելի չէ՛ ուրիշի մը պատիժը վերցնել, նոյնիսկ եթէ կը կարծենք, թէ այդպիսով մեր ընկերոջ կ՚օգնենք։ Ճշմարիտ ընկերասիրութիւնը սուտով չի՛ պաշտպանուիր։ Եւ երէկ, երբ քեզի հետ դասարանէն դուրս եկանք, ես քեզի այս մէկը լաւ բացատրեցի, որովհետեւ վստահ էի, թէ դուն չէիր ծաղկամանը կոտրողը: Կարոյին ու Խարչիկին անհանգիստ պահուածքը արդէն ինծի որոշ նախազգացում մը տուած էր, թէ անոնցմէ մէկն էր, որ կոտրած էր զայն…
Դուք երեքդ ալ այսօր կարեւոր բան մը սորվեցաք։ Խոստումը կարեւոր է, ընկերութիւնը կարեւոր է, իրարու օգնելը կարեւոր է, բայց այս բոլորէն վեր պէտք է ըլլայ ճշմարտութիւնը։
Ես ձեզմէ ո՛չ ոք կ՚ուզեմ վախցնել պատիժով։ Ես կ՚ուզեմ, որ դուք մեծնաք այնպիսի ոգիով, որոնք ապագային ձեր սխալներուն կարենաք տէր կանգնիլ, չմեղադրէք անմեղը, չթաքցնէք ճշմարտութիւնը, միւս կողմէ ընկերոջ մը սխալը ծածկելու փոխարէն՝ օգնէք անոր, որպէսզի ճշմարտութիւնը ըսէ ու ընէ։
Ծաղկամանը կոտրած է։ Զայն այլեւս չե՛նք կրնար նոյն վիճակին բերել, բայց կրնանք նորը բերել։ Դուք ձեր այս փորձառութենէն կրնաք շատ աւելի արժէքաւոր բան մը սորվիլ, այն է՝ ըլլալ ազնիւ, պատասխանատու եւ ճշմարտասէր։
Հիմա ես ձեզմէ միայն մէկ բան կ՚ուզեմ. երբեք մի՛ մոռնաք այս օրը եւ յիշեցէ՛ք՝ սխալիլը մարդուն կը սորվեցնէ չսխալիլ, բայց սխալը ընդունիլը մարդս կը մեծցնէ ու կ՚ազնուացնէ։
*
Այդ օր Կարօն ու Խաչիկը հանգիստ քնացան:
Յաջորդ առաւօտեան անոնք իրենց հետ ծաղիկներով լեցուն ծաղկաման մը բերած էին իրենց սիրելի ուսուցչուհիին՝ տիկին Թամարին…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ