ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
Բնական օրէնքը, որ ներկայ է իւրաքանչիւր մարդու սրտին մէջ եւ վերահաստատուած անոր բանականութեան կողմէ, ընդհանրական է իր պատուէրներուն մէջ, իսկ իր իշխանութիւնն ալ կը տարածուի բոլոր մարդերուն վրայ։ Ան կ՚արտայայտէ անձին արժանապատուութիւնը եւ կը սահմանէ հիմը անոր իրաւունքներուն եւ անոր հիմնական պարտականութիւններուն։
Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Բնական օրէնքը ուրիշ բան չէ, եթէ ո՝ լոյսը բանականութեան, որ դրուած է մեր մէջ Աստուծմէ, անով կը ճանչնանք ի՛նչ որ պէտք է կատարենք եւ ինչ բանէ պէտք է զգուշանանք։ Այս լոյսը կամ այս օրէնքը Աստուած մարդուն տուած է արարչագործութեան պահուն։
Իսկ Marcus Tullius Cicero (106-43. Քրիստոսէ առաջ) ճշմարիտ օրէնքի մասին կ՚ըսէ. «Անշուշտ, ճշմարիտ օրէնք մը գոյութիւն ունի, անիկա ուղիղ իմացականութիւնը կը ներկայացնէ. ան համաձեւ է բնութեան հետ, սփռուած՝ բոլոր մարդոց մօտ. ան անփոփոխելի եւ յաւիտենական է։ Անոր հրահանգները պարտականութեան կոչ մըն են։ Անոր դրած արգելքները կը զգուշացնեն յանցանքէն։ Սրբապղծութիւն է ներհակ օրէնքով փոխարինել զայն։ Արգիլուած է չգործադրել անոր որեւէ մէկ տնօրինումը, իսկ զայն ամբողջութեամբ յետսկոչելը, ո՛չ ոքին տրուած է…»։
Բնական օրէնքը անյեղլի եւ յարակայ կը մնայ պատմութեան յեղաշրջումներուն մէջ. ան կը գոյատեւէ գաղափարներու եւ բարքերու մակընթացութեան տակ եւ թիկունք կը կանգնի անոր յառաջդիմութեան։ Զայն արտայայտող կանոնները եւ օրէնքները կը մնան ըստ իրենց էութեան վաւերակա՛ն։
Մարդը իրաւունք ունի գործելու ըստ խղճմտանքին եւ ազատօրէն՝ անձնապէս առնելու համար բարոյական որոշումները։ Ուստի, մարդը պէտք չէ՛ հարկադրուի գործելու ընդդէմ իր խղճմտանքին։ Ո՛չ ալ պէտք է անոր արգիլուի գործելու ըստ իր խղճմտանքին՝ մա՛նաւանդ կրօնական մարզին մէջ։
Մարդկային անձին արժանապատուութիւնը իր մէջ կը ներփակէ եւ կը պահանջէ բարոյական խղճմտանքին ուղղամտութիւնը։ Խղճմտանքը թոյլ կու տայ ստանձնել պատասխանատուութիւնը կատարուած արարքներուն։ Եթէ մարդը գէշ կը գործէ, խղճմտանքին արդար դատաստանը կրնայ մնալ անոր մէջ թէ՛ իբր վկան բարիին ընդհանրական ճշմարտութեան եւ թէ՛ վկան չարութեան՝ անոր եզակի ընտրանքին։ Արդարեւ, խղճմտանքին դատավճիռը կը մնայ գրաւական մը յոյսի եւ ողորմածութեան։
Իր հոգիին զօրութեամբ եւ հոգեւոր կարողութիւններով ճոխացած եւ զարգացած իր իմացականութեան եւ կամքին, մարդը օժտուած է ազատութեամբ՝ առանձնաշնորհեալ նշան աստուածային պատկերին։ Աստուածային պատկերը ներկա՛յ է իւրաքանչիւր մարդուն մէջ։
Խղճի եւ կրօնական հարցին՝ ո՛չ ոք բռնադատուելու է իր խղճմտանքին դէմ գործելու, ո՛չ ալ արգիլուելու է արդար եւ իրաւացի սահմաններու մէջ գործելու ըստ իր խղճմտանքին, անհատաբար թէ՛ հրապարակաւ, առանձին թէ հաւաքաբար՝ միացած ուրիշներուն։ Այս իրաւունքը հիմնուած է նոյնինքն մարդկային անձին բնութեան վրայ՝ որուն արժանապատուութիւնը զինք ազատօրէն յարիլ կու տայ աստուածային ճշմարտութեան, որ գերիվեր է ժամանակաւոր կարգէն։ Այս պատճառով այս իրաւունքը կը գոյատեւէ նոյնիսկ անոնց մէջ՝ որոնք ճշմարտութիւնը որոնելու եւ անոր փարելու պարտաւորութիւնը չեն յարգեր։
Կրօնական ազատութեան իրաւունքը յինքեան ո՛չ կրնայ սահմանազերծ ըլլալ, ոչ ալ սահմանուիլ միայն հանրային կարգով մը, յղացուած դրապաշտ կամ բնապաշտ կերպով։ Արդար սահմանները՝ որոնք այս իրաւունքին յարակից են, պարտին որոշուիլ ընկերային իւրաքանչիւր կացութեան համեմատ՝ քաղաքական խոհեմութեամբ ըստ պահանջքներուն հասարակաց բարիքին եւ վաւերացուին քաղաքական իշխանութեան կողմէ՝ ըստ իրաւական կանոններու համապատասխան բարոյական առարկայական կարգին։
Կրօնական ազատութիւնը իրաւո՛ւնք մըն է ո՛չ բարոյական արտօնութիւնն է յարելու սխալին, ո՛չ ալ սխալելու ենթադրեալ իրաւունք մըն է, այլ մարդկային անձին բնական իրաւունքը՝ վայելելու քաղաքացիական ազատութիւնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ