ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու գործակից ընկերները։ Զրոյցի ընթացքին հիւրերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեցին, որ Ուսուցչաց հիմնարկը ապահոված է նոր յարկաբաժին մը, որ ժողովրդական մշակոյթի կեդրոնի մը պիտի վերածուի։ Սոյն կեդրոնի բացումը նախատեսուած է յառաջիկայ օրերուն։ Ուստի, հիմնարկի վարիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին մասնակցութիւն բերելու արարողութեան։ Գումգաբուի մէջ հիմնարկի պատասխանատուները Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնեցին նաեւ Ուսուցչաց հիմնարկի գործունէութեան վերջին նորութիւնները։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց՝ քաղաքիս ամենահայաբնակ շրջաններէն մէկուն մէջ այսպիսի նոր երդիքի մը ստեղծուած ըլլալուն կապակցութեամբ։ Ան գնահատեց հիմնարկի վարիչներուն տեսլականը, օրհնեց անոնց գործունէութիւնը եւ մաղթեց յաջողութիւններ։