ԱՒԱՆԴԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Աւանդապահութիւնը որքան օգտակար է, այնքան վնասակար է աւանդապաշտութիւնը եւ մանաւանդ անպէտ եւ անիմաստ աւանդութիւններուն կառչած մնալու ջանքերը՝ որոնք մարդիկը կը տանին նախապաշարումի։

Նախապաշարեալ մարդիկ կը յաւակնին ինքնավստահ ցոյց տալ իրենց գիտցած եւ հաւատացածներուն։ Սակայն, անոնց վստահութեան ջուրը իրենց անձին ակէն չի բխիր։ Աշխարհի ամբողջ բնակչութեան քիչերը միայն ունին կատարեալ համոզում իրենց պաշտպանած տեսութեան, կրօնքին, հաւատքին, գիտութեան անսխալ ըլլալուն։ Քանի որ իրենք անձնապէս փնտռեր, համոզուեր, հաւատացեր եւ ուրիշներուն սորվեցուցեր են։ Իսկ մնացեալ մարդիկը այսպէս եւ այնպէս կը հաւատան, քանի որ ուրիշներ այսպէս եւ այնպէս կը հաւատան։

Ասիկա իրականութիւն է բոլոր մարզերու եւ շրջանակներու մէջ, անոնք ըլլան կրօնական, քաղաքական, ընկերային, գիտական եւ այլն։ Անոնք կ՚ըսեն իրենք իրենց. «Այսպէս կը հաւատամ, քանի որ հայրս, մայրս, վարժապետս, խելացի ընկերս, այս, այն այսպէ՛ս կը հաւատան։ Անոնք այս փոխանցեցին ինծի»։ Այսպէս խորհիլ, աշխարհի աղէտներէն մին է։

Առանց մտածելու, առանց խորհրդածելու ընդունիլ ըսուած խօսք մը կամ սովորութիւն մը։ Ամէն օր հազարաւոր մարդիկ իրար սպաննելու չափ իրար կ՚ատեն, իրարու կը թշնամանան ուրիշներուն համոզումներուն հոսանքէն քշուելով եւ տարուելով։

Նախապաշարումը հաստատուն հիմ չ՚ունենար, թէեւ ինքնավստահ ըլլալու յաւակնութիւնը կ՚ունենայ։ Ատոր ակը տգիտութեան ծառին արմատները երկարելով կը ջրէ զայն։ Նախապաշարումը ամբարտաւան է. ինքը գիտէ, չի խաբուիր, չի սխալիր, ինքը ի՛նչ բանի որ համոզուեր եւ հաւատացեր է, միա՛յն այդ է շիտակը, ճշմարիտը եւ ուղիղը։ Եթէ իր համոզումը կամ հաւատքը փոխելու ըլլայ, ատկէ առաջ սխալած կը նկատուի, այդ իրեն նախատինք է, տգէտի տեղ դրուած կ՚ըլլայ։ Մարդը հպարտ է՝ մեծամիտ, ինչպէ՞ս կրնայ սխալած ըլլալ, ո՛չ, երբեք, դիմացի՛նն է սխալողը։ Նախապաշարեալը յամառ է, իր խօսքերէն չի շեղիր, անգութ է, անողորմ, եթէ կարելի ըլլայ կը պարտադրէ, կը սպառնայ, որ դիմացինն ալ իրեն նման համոզուի եւ հաւատայ։

Նախապաշարումները միայն կրօնական հաւատալիքներ չեն։ Մարդիկ կը նախապաշարուին իրենց տեսածներով, լսածներով կարդացած-սորվածներով, ենթադրութիւններով, եւ այն ամէն բաներով, ինչ որ զիրենք կը տպաւորեն։

Ասոնց մէջ կ՚իյնայ ամենաէականը, հաւատալիքը։ Մարդոց բոլոր աւանդութիւններով նախապաշարումները եթէ սխալ ըլլան, անոնց կռթնողները ի վերջոյ, շատ բան չեն կորսնցներ, բայց եթէ հաւատքը սխալ ըլլայ, ներկայ, մանաւանդ ապառնի ամէն բան, անմահ հոգին ալ կորսուած կ՚ըլլայ։ Ա՛յս է շատ սիրուած, անտեղիտալի, միշտ պաշտպանուած, ամուր մը անոր կառչուած «աւանդութիւն»ը կոչուած անէծքին ահաւոր վարձատրութիւնը։

Կրօնական նախապաշարումը իր ծիլերը կ՚արձակէ եւ հասակ կը նետէ ընտանիքին մէջ։ Թէեւ կրօնքով աշխարհ եկող մանուկ չկայ, մանուկը կը դաստիարակուի, որ կրօնք ընդունի, երբեմն ալ ընկերային շրջանակին ազդեցութեանը ներքեւ մարդիկ կրօնք կ՚ընդունին։ Այս իմաստով կրօնքը ստացական երեւոյթ մըն է։ Սակայն ողբերգութիւն է տեսնել, որ առհասարակ մարդիկ կրօնքը, հաւատքը կ՚ընդունին որպէս աւանդութիւն միայն, առանց գիտակցութեան, առանց թափանցելու անոր իմաստին եւ խորհուրդին։ Մինչդեռ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, պէտք է հաւատալ հասկնալով եւ հասկնալ՝ հաւատալով։

Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկեցիներու գրած երկրորդ նամակին մէջ կը զգուշացնէ. «Որովհետեւ անոնք ճշմարտութեան սէրը չընդունեցին որ փրկուին, անոր համար Աստուած ալ պիտի ղրկէ անոնց ուժով մոլորութիւն մը՝ որ ստութեան հաւատան, որպէսզի դատապարտուին ամէն անոնք որ չհաւատան ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ, հապա անօրէնութեան յօժարեցան». (Բ ԹԵՍ. Բ 10-11)։

Ուստի, կայ միայն մէկ ճշմարիտ հաւատք, որ կը փրկէ մարդը եւ անոնք կը մերժեն այդ հաւատքը։ «Եւ Տէրը ըսաւ.- Քանի որ անոնք իմ օրէնքս ձգեցին, որ իրենց առջեւ դրեր էի եւ իմ ձայնիս մտիկ չընելով՝ անոր համեմատ չքալեցին, հապա իրենց սրտին կամակորութեանը եւ հայրերուն իրենց սորվեցուցած բահաղամին ետեւէն գացին…». (ԵՐԵՄ. Թ 13-14)։

Աստուած Ճշմարտութի՛ւն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2026