ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«Թէեւ թզենին ընձիւղ (=ծիլ, բողբոջ) չտայ, որթատունկերուն վրայ պտուղ չըլլայ, ձիթենիին բերքը ստէ, արտերը կերակուր չտան, փարախէն ոչխարը պակսի, գոմերուն մէջ արջառ չըլլայ, սակայն ես Տէրոջմով պիտի ցնծամ, իմ փրկութեանս Աստուծմովը պիտի ուրախանամ։ Տէր Աստուածը իմ զօրութիւնս է, եւ իմ ոտքերս եզնիկի ոտքերուն պէս պիտի ընէ եւ զիս իմ բարձր տեղերուս վրայ պիտի պտտցնէ». (ԱՄԲԱԿՈՒՄ. Գ 17-19)։
Ամբակում մարգարէ իր այս աստուածաշունչ խօսքերով կ՚անդրադառնայ տնտեսական նեղութիւններու, տագնապներու, աշխարհային անորոշ եւ անստոյգ վիճակներու, ընկերային վերիվայրումներու պարագաներուն՝ որոնք յաճախ կը պատահին մարդկային կեանքի մէջ ամէնուրեք եւ ամէն ժամանակ։ Ան հոգեւոր լուծումներ կը պատգամէ մարդոց՝ փրկուելու համար այս վիճակներէն։
Մարդը՝ մարդկութիւնը տարբեր չէր Ամբակումի ժամանակները՝ ինչպէս չէ՛ այսօր եւ ինչպէս եղած է եւ պիտի ըլլայ միշտ։ Քանի որ մարդը, որքան ալ զարգանայ, որքան ալ բարեփոխութեան ենթարկուի, խորքով եւ բնաւորութեամբ միշտ նոյն «մարդ»ն է։ Մարդ միշտ կը կրէ իր նախնիներուն ծինային յատկութիւնները եւ մարմնապէս Ադամին ժառանգո՛րդն է։ Ա՛յն է ծառի մը ճիւղերը՝ ի՛նչ որ է անոնց արմատը։ Եւ ահաւասիկ, որքան ալ փոխուին նեղութիւններ ժամանակի ընթացքին, փոխուին անոնց տեսակը, ձեւը, ծանրութիւնը, «նեղութիւն»ը միշտ կը մնայ մարդուս կեանքին մէջ, քանի որ. «… կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես…». (ԾՆՆԴ. Գ 17) խօսքով ան դատապարտուած է նեղութիւն կրելու այս աշխարհի վրայ։ Նեղութիւնը՝ կերպով մը «ժառանգականութիւն» մըն է անհատնում։
Եւ կեանքը որքան փոխուի, այս ժառանգն ալ կը բարդուի։ Տնտեսական նեղութիւններն ալ այս ընթացքին բնական հետեւանքներն են։ Մարդ որքան բազմապահանջ եւ որքան տենչայ եւ այդ մասին որքան անյագ ըլլայ, համեմատաբար նեղութիւններն ալ կ՚աւելնայ։
Փափաքներու մէջ չափ եւ սահման ունենալ, պարզ եւ չափաւոր կեանք վարել՝ կեանքի, մանաւանդ տնտեսական նեղութիւնները կը նուազեցնէ։ «Պարտէզին ծառերուն պտուղէն համարձակ կեր. բայց բարիի եւ չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր, քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս». (ԾՆՆԴ. Բ 16-17) պատուիրեց Աստուած եւ այս պատճառով մարդ իր բոլոր արարքներուն մէջ պէ՛տք է չափ մը եւ սահման մը ունենայ։
Արդարեւ, այսօր ալ, ինչպէս ամբողջ պատմութեան ընթացքին, տնտեսական տագնապներու առաջնակարգ պատճառը եղած է մարդուն ագահ, ընչաքաղց, նիւթապաշտ եւ անյագ վարուելակերպն է կեանքի նկատմամբ։ Պարզ համեմատութիւն մըն է ասիկա, որքան աւելի տենչ, աւելի իղձ, աւելի բաղձանք «նիւթ»ի, այնքան նեղութի՛ւն…
Բայց, ինչպէս կ՚ըսէ ժողովրդական խօսքը, «չկայ չարիք՝ որ չծնի բարիք»։ Ինչ որ մարդ դժբախտութիւն կը համարէ, ինչ որ ինք իր ձեռքով եւ ընթացքով ստեղծած է, Աստուծոյ համար դրական եւ օգտակար առիթ մը կրնայ ըլլալ։ Արդարեւ, նեղութիւններ յաճախ պատճառ կ՚ըլլան, որ մարդ աւելի մօտենայ Աստուծոյ, քանի որ նեղութեան մէջ մարդ միշտ վստահելի ապաւէնի մը կը կարօտի։
Երբ մարդուն հանգիստ, անվտանգ կեանքի ապահովութիւնը կ՚անհետի, ան աւելի հակամէտ կ՚ըլլայ հոգեւոր ճշմարտութիւններ փնտռելու։ Նեղութիւններէ փրկուելու հարցին ալ, մարդ բնազդաբար իր ուշադրութիւնը կը դարձնէ ուրիշ կողմ։ Ուստի, փոխանակ ցաւելու, ողբալու նեղութիւններու պարագային մարդ իր աչքերը կը դարձնէ Աստուծոյ։ Նեղութիւններ մարդը կը մղեն իր նախասիրութիւնները կարգաւորելու, ինքնաքննութիւն մը կատարելու եւ սխալին անդրադառնալո՛ւ։
Ուստի, Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ո՛չ մէկ բան, ո՛չ ներկայիս, ո՛չ ապագային, մեզ կը զատէ Աստուծոյ սէրէն». (ՀՌՈՎՄ. Ը 38-39)։
Նեղութիւններու մէջ մարդ պէտք է անդրադառնայ, որ իր ազատութիւնը չափ մը եւ սահման մը ունի, եւ երբ այդ չափը եւ սահմանը անցնիլ փորձէ՝ հոն պիտի դիմաւորուի նեղութիւններով, որոնք արդէն արգելք պիտի ըլլան, որ ինք աւելի յառաջանայ։ Եւ ուրեմն պարզութիւնը եւ չափաւորութիւնը հանգիստ, խաղաղ եւ երջանիկ կեանքի մը անյետաձգելի, անհրաժեշտ պայմաններն են…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ