ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿԸ (Ե.)
Աշխարհի ամենէն իմաստուն ու յաջողակ մարդոցմէ մին իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Յաջողութիւնը շատ անգամ աւելի վտանգաւոր է՝ քան ձախողութիւնը: Յաջողութիւնը մարդուն կրնայ համոզել, որ ինք չի՛ կրնար սխալիլ»։ Աշխարհի վրայ յաջողութեան հասած մարդոց մեծամասնութիւնը վերջաւորութեան յայտնուած են թշուառութեան մէջ, որովհետեւ այդ յաջողութիւնը իրենց տուած է ոչ-իրապաշտ ինքնավստահութիւն մը։ Յաջողութիւնը ինքնին լաւ բան է, սակայն, պէտք չէ շփոթել անձնական անսխալականութեան հետ. օրինակի համար, երիտասարդ մը փոքր աշխատանքի մէջ յաջողութիւն կ՚արձանագրէ եւ կամաց-կամաց կը սկսի գործը ընդլայնել։ Այդ միջոցին, բնականաբար, կը ստանայ մարդոց գնահատականը։ Իր հոգեբանութեան մէջ թէ՛ գովասանքները եւ թէ ձեռք բերած յաջողութիւնը կը ստեղծեն «ամէ՛ն բան կը յաջողցնեմ»ի գաղափարը եւ անձը կը սկսի շատ աւելի մեծ մարտահրաւէրներու ընդառաջ երթալ, ինչ որ գուցէ հեռու է յաջողելու հնարաւորութենէն։ Այդ է պատճառը, որ կը խորանանք, որովհետեւ թէ՛ յաջողութիւնը եւ թէ ձախողութիւնը իրականութեան մէջ հոգեբանական վիճակ մըն է եւ մարդ արարած պէտք կը յաջողի միայն այն ժամանակ, երբ լաւապէս գիտնայ այդ երկուքը կառավարել։ Յաջողութեան մը տուած ինքնավստահութիւնը մարդը կրնայ առաջնորդել մեծ ձախողութիւններու, նոյնպէս ալ ձախողութիւն մը կրնայ մարդը հեռու պահել ապագայ յաջողութիւններէն:
Աշխարհի ամենէն յաջող անձերէն մէկը ըսած է. «Կը յաջողիմ, որովհետեւ բազմիցս լաւապէս ձախողած եմ»։ Պատմութեան մէջ այլ օրինակ մըն է Հենրի Ֆորտը, որուն կեանքը լեցուն է ձախողութիւններով, որոնց վրայ յաջողեցաւ հիմնել իր յաջողութիւնը։ Անոր յայտնի խօսքերէն մէկն է հետեւեալը. «Ձախողիլը պարզապէս հնարաւորութիւն է աւելի խելացի ձեւով դարձեալ սկսելու»: Պէտք է մէկ բան յստակ ըլլայ. թշուառութիւնն ու աղքատութիւնը ծուլութեան արդիւնք չեն կրնար ըլլալ։ Մեզմէ ո՞վ Ափրիկէի մէջ աշխատող աղքատ ու թշուառ ժողովուրդէն աւելի ծանր աշխատանքներով ծանրաբեռնուած է. մեզմէ ո՞վ կրնայ անոնց նման տաժանակիր աշխատանքներու մէջ աշխատիլ։ Թերեւս ո՛չ ոք, սակայն, մենք նիւթապէս շատ աւելի ապահով վիճակի մէջ կը գտնուինք՝ քան իրենք։ Եթէ հարստութեան գաղտնիքը աշխատասիրութիւնն է, ապա վստահ եղէք, որ իրենք շա՛տ աւելի աշխատասէր են՝ քան մենք։ Այո՛, ծուլութիւնը մարդը հեռու կը պահէ յաջողութենէն, սակայն, աշխատասէրը եւս կրնայ ձախողիլ։ Ձախողութեան ինչ ըլլալը հասկնալու համար համոզուած ենք, որ մարդ նուազագոյնը տարին մէկ անգամ պէտք է կարդայ Քիփլինկի գրած «Եթէ» բանաստեղծութիւնը, որ նախապէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ վերլուծելու բախտաւորութիւնը ունեցած ենք:
Ճշմարիտ հարուստը այն մարդն է, որ գիտէ իր յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները հաւասարակշռել եւ իւրաքանչիւր ձախողութիւն յուսահատութեան փոխարէն նո՛ր յոյսի, նո՛ր կամքի վերածել։ Աշխարհի վրայ գոյութիւն չէ ունեցած մարդ մը, որ իր կեանքին մէջ մի՛շտ յաջողութիւն գտնէ։ Մարդկային կեանքը յաջողութիւններու եւ ձախողութիւններու ամբողջութիւն մըն է այնպէս, ինչպէս նկարը տարբեր գոյներով է, որ վերջնական արժէք ու արդիւնք կը ստանայ, նոյնն է նաեւ մեր կեանքը՝ մեր յաջողութիւններով ու ձախողութիւններով։ Կը տեսնենք, որ մեր օրերուն որոշ ծնողներ կը փորձեն իրենց զաւակները ամէ՛ն տեսակ ձախողութիւններէ հեռու մեծցնել՝ կարծելով, որ այդ մէկը բարիք է։ Յաջողութեան առաջնորդելու մեծագոյն ու լաւագոյն ճամբան ձախողութեանց դիմագրաւել սորվեցնելն է: Աշխարհի պատմութեան ընթացքին բազմաթի՜ւ հարուստներ ապրած գացած են. այսօր անոնց անունները յիշողներ չկան։ Հայ ժողովուրդը եւս ունեցած է բազմաթի՜ւ հարուստներ, ամիրաներ, աղաներ, սակայն, այսօր անոնցմէ հազիւ մի քանին կը յիշուին: Յաջողութիւնը նիւթական հարստութեան քանակին մէջ չէ. հիմնականը այս աշխարհի վրայ հետք ձգելն է։ Կոմիտաս Վարդապետ նիւթապէս հարուստ չէր, Երուանդ Օտեան նիւթապէս հարուստ չէր, Յակոբ Պարոնեան նիւթապէս հարուստ չէր, սակայն, իրենց մահէն աւելի քան դար մը ետք հայ ժողովուրդը կը շարունակէ զիրենք յիշել՝ հակառակ բազմաթի՜ւ հարուստ աղաներուն, որոնց անունն անգամ չենք գիտեր: Հետեւաբար, նիւթական հարստութիւնը եւս ժամանակաւոր հաճոյք մը կու տայ մարդոց, իսկ ճակատագրական աւարտը միշտ նոյնն է։ Այսօր յաջող ենք, վաղը ճակատագրի ապտակ մը մեզ ձախող կը դարձնէ, իսկ ձախող ենք՝ մէկէն ի մէկ յաջողութիւնը կը գտնենք։ Քաղաքական գործիչ եւ գրող Չըրչիլ կ՚ըսէ. «Յաջողութիւնը վերջնական չէ, ձախողութիւնը ճակատագրական չէ. կարեւորը շարունակելու քաջութիւնն է»։ Այդ շարունակելու քաջութիւնն է, որ յաջողութեան ճամբան կը բանայ մարդուն դիմաց։ Մարդ կը յաջողի ո՛չ թէ իմաստուն է ըսելով, այլ ձախողած է ըսելով։ Ձախողելէ ետք յաջողած մարդուն համար յաջողութիւնը շատ աւելի մեծ իմաստ ու նշանակութիւն ունի, քան անոր մօտ՝ որուն յաջողութիւնը ի վերուստ՝ գուցէ ժառանգութեամբ տրուած է: Յաջողութիւնը մարդ արարածին վերջին նպատակակէտն է եւ ընթացքին ապրած դժուարութիւնները ցուցանակներն են, ինչ որ ճամբան ցոյց կու տան. ոմանց ճամբան կարճ ու դիւրին, ոմանցը դժուար ու երկար… Հիմնականը այդ ճամբու ընթացքին չյուսահատիլն է:
•վերջ
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ճանապարհը
հայութեան՝ համբերութիւնն է, իսկ իր ճակատագիրը գոյամարտ է, երեւելի եւ աներեւոյթ դեւերու դէմ:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան