«ՓԱՓԱՔՍ ԻՐԱԿԱՆԱՑԱՒ…»
Օրերս արխիւներուս մէջէն գտայ այս գրութիւնը, զոր գրած եմ 2007 թուականի յունուարին, երբ ուսանող է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութեան դպրեավանքէն ներս: Բաւական հետաքրքրական էր եւ այնքա՜ն յիշողութիւններ արթնցուց: Այդ պատճառով, զայն կը յանձնեմ նաեւ մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան:
*
Հրաշալի առաւօտ մըն էր։ Արեւը սկսած էր կամաց-կամաց բարձրանալ իր լոյսը տարածելով ամէնուրեք։ Թռչունները ուրախ զուարթ ու ճռուողելով կը թռչէին պայծառ երկինքին մէջ անհոգ ու անտարբեր ամէն ինչի։ Իսկ ես, պայուսակս ուսիս ու վայելելով թռչուններու ճռուողիւնը կը շարունակէի բարձրանալ լեռն ի վեր։
Կասիոս լեռն էր, որ այսօր մտադրած էի նուաճել եւ տակաւին ճամբուն սկիզբն էի։
Մանկութեանս օրերէն երազս ու միակ փափաքս եղած էր բարձրանալ այս լեռը, որ որպէս պահապան հրեշտակ կանգնած էր մեր գիւղին վրայ եւ այնպիսի տեսքով մը, որ կարծես կը սպառնար բոլոր անոնց, որոնք կը փորձէին իր միակ ու սիրելի զաւակը խլել իր ձեռքէն։ Դարեր շարունակ իր ճաղատ գլխով մշտարթուն հսկած էր գիւղին վրայ եւ դեռ մինչեւ այսօր կը շարունակէ հսկել, ինչպէս Արարատը՝ Երեւանին։ Մեծ հօրս նկարագրութիւններն ու զմայլելի պատկերացումները այն բոլոր գեղեցիկ տեսարաններուն, զորս կը պարզուին աչքիդ դիմաց լերան կատարէն, գրաւած էին մտքիս բոլոր ոլորտները ու ես հաստատակամ առաւօտ կանուխ ճամբայ ելած էի իրականացնելու համար փափաքս։
Գրեթէ ճամբուն կէսը կտրած էի։ Կանգ առի հանգստանալու համար։
Հիանալի տեսարան մը պարզուեցաւ աչքերուս դիմաց։ Դէպի վար, Քեսապը՝ իր ամբողջ գիւղերով։ Դիմացս Լաթաքիան՝ իր կանաչազարդ մեծ հովիտներով։ Իսկ դէպի միւս կողմը Միջերկրականը իր անհուն եւ անհասանելի հորիզոնով։ Տեսարաններ, որոնց դիմաց մարդ պահ մը իր գլուխը կը խոնարհեցնէ յարգելով այս հրաշալի ու գեղեցիկ բնութեան ստեղծիչը։
Կարճ դադար մը առնելէ ետք, պայուսակս ուսս նետեցի ու շարունակեցի վերելքս։ Արեւը իր հրաշալի տեսքով կը շարունակէր իր շողերը արձակել եւ արդէն իսկ կը մօտենար նուաճելու իր ամէնօրեայ ճանապարհին կէսը եւ իր ժպտերես ու հպարտ դէմքը կը յայտնէր, թէ իր դիմաց ո՛չ մէկ բան կրնայ արգելք ըլլալ եւ ամէն օր ալ պիտի կատարէ իր ճանապարհորդութիւնը՝ առանց յոգնելու կամ տեղի տալու որեւէ բանի։
Կատարին մօտեցած էի եւ կը զգայի, թէ որքան կը մօտենայի, այնքան քայլերս կ՚արագանային, սակայն, հոգիիս խորերը սարսափի ու վախի զգացումներ կ՚ունենայի, որովհետեւ որքան բարձրանայի եւ որքան ալ ոսկի լռութիւնը աւելի տիրապետէր, ես ինծի Աստուծոյ ներկայութեան մէջ կը զգայի։ Միայն թռչուններու զմայլեցուցիչ ճռուողիւնն էր, որ կը լսուէր, կարծես հրեշտակներու նման իրենք ալ այս բարձունքներուն վրայ կը փառաբանէին ու կը գովերգէին զԱստուած։
Այս մտածումներուն մէջ խորասուզուած՝ չէի անդրադարձած, որ արդէն իսկ լերան գագաթը հասած էի։ Դիմացս՝ Մուսա լեռն էր, իր սիգապանծ գագաթով եւ հրաշալի տեսքով։ Աւելի հեռուն՝ Կիպրոսը, որ որպէս թագուհի նստած էր Միջերկրականի սալայատակին վրայ։ Դէպի արեւելք՝ Հալէպը, իր պատմական բերդին պահպանութեանը ապաւինած։ Իսկ դէպի հարաւ՝ Լաթաքիան էր, իր բոլոր գիւղերով եւ հովիտներով բազմած Միջերկրականի ափերուն վրայ։ Իսկ ճիշդ տակս՝ գիւղս էր, ուրախ ու զուարթ, քաջ գիտնալով, որ իր ետին կանգնած է իր պահապան հրեշտակը եւ սիրայօժար կը կատարէ իր պարտականութիւնը, գիշեր ու ցերեկ հսկելով գիւղին վրայ։ Իսկ դէպի արեւմուտք Միջերկրականի ալիքները ահեղ պայքարի մէջ էին Մուսա լերան եւ Կասիոսի լանջերուն հետ եւ կը սպառնային, որ եթէ թոյլ չտան, որ հանգիստ վեր բարձրանան, իրենք տարիներու ընթացքին եւ հակառակ իրենց կամքին՝ Կասիոսի եւ Մուսա լերան, պիտի բարձրանան դէպի վեր անպայման իրենց դիմաց ցցուող բոլոր արգելքները յաղթահարելով։
Այս բոլորը տեսնելով, ես ինծի երանի կու տայի, որովհետեւ առիթը ունեցայ տեսնելու Աստուծոյ հրաշալի ստեղծագործութիւնը, որ թէեւ ամէն օր մեր աչքին դիմաց է, սակայն, չենք նշմարեր անոր մեծութիւնն ու կատարելութիւնը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցի բնութեան այս հիանալի ու գեղեցիկ տեսարաններուն համար։
Կանգնած Կասիոսի ճիշդ գագաթին, թեւերս դէպի երկինք պարզած կը վայելէի Աստուծոյ ստեղծած բնութեան գեղցկութիւնն ու զգլխիչ հմայքը, զորս մարդ իր ամբողջ գիտութեամբ ու կարողութիւններով չի՛ կրնար նոյնիսկ մէկ մասնիկը իրականացնել։
Կանգնած էի երկնքի ու երկրի միջեւ եւ ամենայն երկիւղածութեամբ կը փառաբանէի զԱստուած իր ամենազօր կարողութեան եւ հրաշալի ստեղծագործութեան եւ այն մեծ պարգեւին համար, որ մեզմէ իւրաքանչիւրիս տուած է վայելելու այս գեղցիկ բնութիւնը եւ փառք տուի Աստուծոյ, որ առիթը տուաւ ինծի, որպէսզի «փափաքս իրականացնեմ»…
-Յակո՛բ, Յակո՛բ…:
Եղբայրս էր: Ժամը 6.30 եղաւ, արթննցի՛ր, չուշանանք, մեծ հայրիկը կը սպասէ, ձկնորսութեան պիտի երթանք…
Աչքերս բացի ու անդրադարձայ, թէ Կասիոսի գագաթը նուաճած էի երազիս մէջ միայն, սակայն, կը կարծեմ, թէ տեսածներս մեծ հօրս նկարագրածներուն ազդեցութիւնն էին։
Երբ ձկնորսութենէն վերադարձանք, մեծ հօրս պատմեցի երազս։ Տեսածներս ամբողջութեամբ իրականութիւն էին, Կիպրոսը, Մուսա լեռը, Հալէպը՝ իր պատմական բերդով, Լաթաքիան, որովհետեւ մեծ հայրս ըսաւ, թէ ինք այդ բոլորը Կասիոսի գագաթէն տեսած էր։
Փափաքս իրականացած էր ուրեմն թէեւ երազիս մէջ, սակայն…, «իրականացած»…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ