ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ

Երէկ, Երուսաղէմի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ աւագ հիւպատոս Ալեքսիս լը Քուր Կրանտմեզոն այցելեց հայոց վանքը։ Ան նոր առաքելութիւնը ստանձնելէ վերջ առաջին անգամ այցելեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց ֆրանսացի նորանշանակ աւագ հիւպատոսին հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորանքներ եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց բարձրաստիճան դիւանագէտին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Սուրբ Աթոռի աւագ թարգման Տ. Վազգէն վարդապետ Ալէքեան եւ դիւանապետ Տ. Աղան վարդապետ Գոգճեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2026