ՏԽՐՈՒՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ մեր համայնքի երէց սերունդի ազնուական եւ համատարած յարգանքի ու համակրանքի արժանացած դէմքերէն՝

ՏԻԿԻՆ
ՍԻՐՎԱՐԴ ՏԱՏԵԱՆ ԽԱՉԻԿԵԱՆ

կնքած է իր մահկանացուն՝ խոր սուգի մատնելով իր հարազատներն ու համայն բարեկամական շրջանակը։ Հանգուցեալը եղած էր տիպար ընտանեկան մայր մը՝ ժառանգած ըլլալով հայկական նահապետական ընտանիքի բոլոր արժէքները։ Ան սերած էր ընտանիքէ մը, որ կրողն էր մեր ամբողջ աւանդութիւններու եւ ազգային նկարագրի։ Այդ հիման վրայ հոգելոյս Սիրվարդ Տատեան Խաչիկեան հասցուցած էր համապատասխան շունչով զաւակներ՝ իր սէրը անխնայօրէն տարածելով ընտանիքի բոլոր անդամներուն վրայ։ Հարկ է նշել, որ նորոգ հանգուցեալ Սիրվարդ Տատեան Խաչիկեան մայրն է՝ համայնքային շրջանակներուն այնքան սիրելի Անի Պէրպէրօղլուին։ Ծանօթ է, որ Անի Պէրպէրօղլու Գարակէօզեան տան խնամակալութեան մաս կազմելով՝ անփոխարինելի ծառայութիւններ մատուցած է մեր համայնքին։ Հանգուցեալը եղած է զոքանչը մեր երախտաշատ բարերարներէն Եթքին Պէրպէրօղլուի։ Եթքին եւ Անի Պէրպէրօղլուները տասնամեակներէ ի վեր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մղիչ ուժերու շարքին կը դասուին։ Ներկային, երբ անոնք կը սգան իրենց անզուգական մօր կորուստը, համայնքային շրջանակները կը ջանան զիրենք մխիթարել սուգի ծանր պահուն։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Սիրվարդ Տատեան Խաչիկեանին, նաեւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք մեր սիրելի բարեկամներուն Եթքին եւ Անի Պէրպէրօղլուներուն, ինչպէս նաեւ հանգուցեալի համայն ընտանիքին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2026