ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾ, ՍՈՒՐԲ ԵՒ ՀԶՕՐ, ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ
Եւ դարձեալ գիշերային խաղաղութեան մէջ Ս. Ներսէս ճեմարանի Ս. Յակոբ մատուռը կը պատրաստուի աղօթքի։ Աշխարհի աղմուկը կարծես աստիճանաբար կը հեռանայ, ձայները կը մարին եւ անտեսանելի խաղաղութիւն մը կը տիրէ հոգեւոր այս սուրբ վայրին մէջ։ Ահա ժամերգութեան պահն է եւ մատրան մէջ հաւաքուած ենք բոլորս՝ հոգեւորական, աշակերտներ եւ հաւատացեալներ, միասնաբար կանգնելու Աստուծոյ ներկայութեան առջեւ։ Խունկի բոյրը կը տարածուի մատրան մէջ, մեղմ լոյս մը կը շողայ Սուրբ Խորանին առջեւ եւ աղօթքի իւրաքանչիւր բառ կարծես կը դառնայ կամուրջ մը՝ երկինքի եւ երկրի միջեւ։ Մատուռը այլեւս միայն քարաշէն սրբավայր մը չէ։ Ան կենդանի աղօթքի տաճար է, ուր երիտասարդ հոգիներ իրենց ձայնը կը միացնեն եկեղեցւոյ հազարամեայ աղօթքին։
Եւ ահա կը սկսի երգեցողութիւնը։
«Սուրբ Աստուած, Սուրբ եւ հզօր, Սուրբ եւ անմահ, ողորմեա մեզ»։
Աշակերտներուն ձայները կը բարձրանան։ Սկզբնական պահուն կարծես միայն երգեցողութիւն մը կը լսեմ, բայց քիչ անց ձայնը կը դադրի պարզապէս ձայն ըլլալէ։ Ան կը դառնայ աղօթք, պաղատանք, խոստովանութիւն եւ երկրպագութիւն։ Երիտասարդ շրթունքներուն վրայ հնչող «Սուրբ Աստուած»ը կը լեցնէ մատրան իւրաքանչիւր անկիւն եւ կը վերանայ դէպի վեր՝ դէպի Ան, որ Սուրբ է, հզօր է եւ անմահ։
Աչքս կը փակեմ։ Այլեւս չեմ ուզեր տեսնել աչքերովս այն, ինչ որ կը կատարուի շուրջս։ Կը ցանկամ լսել հոգիով, զգալ սրտով եւ միանալ այն խորհրդաւոր երգին, որուն իւրաքանչիւր ելեւէջ կարծես կը բանայ մեր ներաշխարհի փակ դռները։ Եւ այդ պահուն, երբ աչքերս փակ են, կը զգեմ հոգեւոր տաճարին հոգեւորը։ Այո՛, Ս. Յակոբ մատուռի քարերն ու պատերը կը լռեն, սակայն, անոնց լռութեան մէջ աղօթք մը կը խօսի։ Խաչը կը խօսի։ Խունկի բոյրը կը խօսի։ Մոմերուն մեղմ լոյսը կը խօսի։ Իսկ ամենէն աւելի՝ աշակերտներուն միաձայն երգեցողութիւնը կը խօսի։
«Սուրբ Աստուած…»
Եւ այս բառերը որքան խորունկ կը հնչեն այդ պահուն։ Աստուած՝ որ մեր կեանքին աղբիւրն է։ Աստուած՝ որ Հզօր է մեր տկարութեան մէջ։ Աստուած՝ որ անմահ է եւ մեզ մահուան ստուերէն կ՚առաջնորդէ դէպի յաւիտենական կեանք։
Կը լսեմ աշակերտներուն ձայները եւ կը մտածեմ, թէ որքա՜ն մեծ խորհուրդ ունի այս պահը։ Ճեմարանի մէջ կրթութիւնը միայն մտքի եւ գիտութեան կրթութիւն չէ։ Այստեղ երիտասարդ հոգիները կը սորվին նաեւ աղօթել, լռել, երկրպագել եւ զգալ Աստուծոյ ներկայութիւնը։ Եւ երբ այդ երիտասարդ ձայները միասնաբար կը բարձրանան, կարծես ամբողջ ճեմարանը կը շնչէ աղօթքով։
Այսօրուան արարողութիւնը կը բնութագրուի այս մէկով։ Աղօթքի լռութիւնը, երգեցողութեան խորհուրդը եւ հոգիներու միասնութիւնը մէկ ամբողջութիւն դարձած են։ Ես ալ, հանդիսապետելով այս արարողութեան, այդ ամբողջութեան մէկ մասնիկը կը զգամ ինքզինքս։ Եւ որքան գեղեցիկ է հոգեւորականին համար ո՛չ միայն առաջնորդել աղօթքը, այլեւ աղօթող ժողովուրդին հետ միասին զգալ անոր զօրութիւնը։
Այսօրուան այս խորհրդաւոր պահուն ինծի համար առաւել եւս թանկ է նաեւ Տ. Արմաշ Քահանայի ներկայութիւնը։ Սիրեցեալ հոգեւոր եղբայրս, որուն հետ առաջին անգամ առիթը ունեցայ Ս. Ներսէս ճեմարանի Ս. Յակոբ մատրան մէջ կիսելու ճեմարանի այս հոգեւոր մթնոլորտը։ Երկու հոգեւոր եղբայրներ, նոյն Խաչին առջեւ, նոյն աղօթքին մէջ, նոյն սրբազան երգեցողութեան խորհուրդին մէջ։
Եւ դարձեալ կը հնչէ. «Սուրբ եւ հզօր…»
Ձայները կը զօրանան, ապա մեղմօրէն կը տարածուին մատրան կամարներուն տակ։ Կը թուի, թէ ժամանակը պահ մը կանգ առած է։ Աշխարհը դուրսը կը շարունակէ իր ընթացքը, բայց այստեղ՝ Ս. Յակոբ մատրան մէջ, մենք կը գտնուինք ուրիշ իրականութեան մը մէջ՝ աղօթքի, երկրպագութեան եւ աստուածային ներկայութեան իրականութեան։ Եւ երբ աչքերս փակ են, այլեւս չեմ տեսներ մութը։ Կը տեսնեմ լոյսը։ Այն լոյսը, որ կը ծնի աղօթքէն։ Այն լոյսը, որ կը ծնի Սուրբ Խաչէն։ Այն լոյսը, որ կը ծնի երիտասարդ հոգիներու անկեղծ երգեցողութենէն։ Եւ կը հասկնամ, թէ հոգեւոր տաճարը միայն այն չէ, ինչ որ մեր աչքերը կը տեսնեն, այլ այն է, ինչ որ մեր սիրտը կը զգայ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ։
«Սուրբ Աստուած, Սուրբ եւ հզօր, Սուրբ եւ անմահ, ողորմեա մեզ»։
Այս անգամ աղօթքը միայն աշակերտներունը չէ։ Ան իմ աղօթքս է։ Ան ճեմարանի ամբողջ ընտանիքին աղօթքն է։ Ան եկեղեցւոյ աղօթքն է։ Եւ այդ պահուն կը զգամ, որ բոլորս միացած ենք նոյն խնդրանքին մէջ՝ «Ողորմեա մեզ»։
Աչքերս դեռ փակ են։ Բայց հոգիս բաց է։ Բաց է Աստուծոյ առաջ։ Եւ Ս. Յակոբ մատրան մէջ, աշակերտներուն խորհրդաւոր երգեցողութեան ընդմէջէն, կրկին կը լսեմ այն անփոփոխ ճշմարտութիւնը, որ դարերէ ի վեր կը հնչէ եկեղեցւոյ մէջ. փառք քեզ, Տէր Աստուած մեր։
Սուրբ Աստուած։
Սուրբ եւ հզօր։
Սուրբ եւ անմահ։
Որ խաչեցար վասն մեր,
Ողորմեա մեզ։
Ամէն։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
1 հոկտեմբեր 2026, հինգշաբթի
Ս. Ներսէս ճեմարան, ԱՄՆ