ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌԵԱԼ ՀԱՒԱՏՔ

Հաւասարակշռեալ եւ ներդաշնակ հաւատացեալը այն է՝ որ հոգեւոր գիտութեան առընթեր՝ կ՚աշխատի նաեւ աշխարհային գիտութեան տիրանալ, քանի որ մարդ հոգի է ե՛ւ մարմին։ Այսօր, պէտք է խոստովանիլ եւ ընդունիլ, որ «Ես միայն Սուրբ Գիրք կը կարդամ»ի դարը անցած է։ Աշխարհ այնքա՜ն յառաջացած է բոլոր մարզերու մէջ՝ որ անցուդարձէն, իրադարձութիւններէն լուր չունենալ՝ մեր արժէքը զգալի կերպով կ՚իջեցնէ մարդկային ընկերութեան մէջ, եւ կը սահմանափակէ եւ թերեւս մեր բարութիւնը, օգտակարութիւնը։

Բայց այս չի նշանակեր հեռու մնալ հոգեւոր կեանքէն, հոգեւոր ճշմարտութիւններէն։ Այս չի նշանակեր հեռու մնալ Սուրբ Գիրքէն, հոգեւոր գիրքերու ընթերցումէն։ Եւ կատարեալ մարդը այն է՝ որ կրնայ ներդաշնակել հոգեւորը ե՛ւ աշխարհայինը։ Ուստի, պէտք չէ՛ անտեսել, որ ի վերջոյ աշխարհի վրայ կ՚ապրիք եւ պէտք է քայլ յարմարցնել աշխարհի ընթացքին։

Սա անուրանալի իրողութիւն է, թէ աշխարհ երբեք այսքան հսկայական քայլերով չէր յառաջդիմած եւ այսքան արագ որքան ներկայ դարուս, եւ գիտութիւն ձեռք ձգելու կերպերը եւ միջոցներն ալ նոյնքան եւ յառաջացած են եւ զարգացած։ Ուրեմն, ընդլայնելու ենք մեր գիտութեան հորիզոնները եւ քայլ պահենք 21-րդ դարուն հետ։ Եւ վերջապէս նկատի ունենալու ենք, որ ամէն գիտութեան ակը եւ աղբիւրը Արարիչն է՝ Աստուած է։

Արդարեւ, անուրանալի, անժխտելի ճշմարտութիւն է «հոգեւոր հասունութեան» նկատմամբ, թէ՝ «բոլոր գետերը ծովը կը թափին, բայց ծովը չի լեցուիր եւ չի յորդիր երբեք», սա արարչագործութեան հրաշալի՜ երեւոյթ է՝ հաւասարակշռութեան եւ ներդաշնակութեան տեսարան։ Բնութեան այս հաւասարակշռութիւնը, արդարեւ, անիմանալի Իմաստութեան մը արդիւնքն է։

Այս հանգրուանին, ահաւասիկ, կարեւոր քայլ մըն է Յիսուս Քրիստոսը հրաւիրել մեր սրտերէն ներս։ Ան որքան ալ շատ ներգործէ մեր սրտերէն ներս՝ երբեք չի յորդիր, այլ կը մնայ միշտ մեր սրտերուն մէջ աւելի եւս աճելով եւ լիանալով։ Ան մեզ փրկեց, փոխեց, ուրախացուց։ Բիւր փառք Իրեն։

Արդարեւ, հոգեւոր կեանքը միայն ապաշխարութիւն չէ. նաեւ նուիրում է, նաեւ՝ սրբութիւն, եւ այս իմաստով, հոգեւոր կեանքը Քրիստոսի տիպարին եւ պատկերին կերպարանակից ըլլալ է։ Ան՝ շուրջիններուն եւ նմաններուն ծառայել եւ անոնց օգտակար ըլլալ է։

«Բոլոր գետերը ծովը կը թափին, բայց ծովը չի լեցուիր», ասիկա ճշմարտութիւն է եւ գործադրելի նաեւ մեր ծառայութեան եւ նուիրումի նկատմամբ։ Երբ մէկը ծառայասէր է՝ այդ կ՚ենթադրէ դադրիլ ինքնակեդրոն ըլլալէ. դադրիլ իրեն համար ապրելէ՝ եւ սկսի իր շուրջիններուն՝ ուրիշներու համար ապրիլ։ Արդարեւ, երբ մարդ ցաւ մը զգայ իր մարմնին վրայ՝ այս կը նշանակէ, որ ան կենդանի է եւ կ՚ապրի, իսկ եթէ ան ուրիշի մը՝ իր շուրջիններուն ցաւը կը զգայ իր սրտին մէջ, այս կը նշանակէ, թէ ան «մա՛րդ» է։

Կեանքի մէջ ո՛չ մէկ բան պատահական է կամ դիպուած, ամէն ինչ աստուածային հրաշալի՜ ծրագրի եւ նախագծի մը վրայ եւ «պատճառ-արդիւնք» անշեղ սկզբունքով կ՚ընթանայ եւ կը կատարուի։ Եւ ահաւասիկ ճիշդ այս կէտին է, որ հաւատք եւ գիտութիւն համընթաց են։ Բայց հարցը կը ծագի «պատճառ»ին վրայ. հաւատացեալը այդ պատճառը կը գտնէ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ, մինչ թերահաւատը կը տարակուսի, կը վարանի այդ «պատճառ»ին ըսել Աստուած։ Իսկ բոլորովին անհաւատը, անաստուածը՝ այդ «պատճառ»ին նախապատճառ մը չգտնելու, այդ մասին անտարբեր մնալու մէջ կը յամառի անիմաստ եւ անտրամաբանօրէն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2026