ՅԱՆՑԱՊԱՐՏ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐ

Այնպէս մը չընկալուի, որ անցեալին ապրող հայը շատ աւելի հոգեւոր էր, եկեղեցասէր էր՝ քան այսօր։ Եկեղեցին պատմութեան ընթացքին մի՛շտ ալ ունեցած է իր հակառակորդները։ Եւ այնպէս չի կարծուի, որ եկեղեցին «ատող» ու «հալածող» գունդը հասարակ ու գռեհիկ դասն է, ընդհակառակն, այդ խումբին մաս կը կազմէին բազմաթի՜ւ մտաւորականներ, որոնք իրենց կարգին ունէին «համոզիչ» որոշ պատճառներ՝ ատելու եկեղեցին եւ եկեղեցականները: Անոնցմէ մէկն է, օրինակի համար, քաղաքական գործիչ եւ գրող Շահան Նաթալի, որ եկեղեցականներու հանդէպ իր ունեցած ատելութիւնը 1917 թուականին պսակած է նաեւ Նիւ Եորքի մէջ լոյս տեսած «Կարգաւոր “Հայր”եր» խորագրեալ աշխատութեամբ մը, որուն ճակատին որպէս «նշանաբան» կը կարդանք հետեւեալը. «Գիտենք միայն, թէ եկեղեցականութիւնը կեղծիք մը, արտաքնայարդար ոչնչութիւն մըն է, դիակ մը, որուն թաղումը մեզի չի պատկանիր»: 

Անշուշտ, կարելի է այդ մտաւորականներու շարքը երկարել, սակայն, այսօր կ՚ուզենք աչքէ անցընել Շահան Նաթալիի այս աշխատութիւնը՝ հասկնալու համար այդ ատելութեան հիմնական պատճառները: Շահան Նաթալի այդ գրութեամբ իր ընդհանուր պատկերին մէջ կը խօսի պատմութեան ընթացքին եկեղեցականներու արձանագրուած մեղքերու մասին եւ համաշխարհային եկեղեցական պատմութեան մէջ քիչ չեն անոնց թիւը։ Համաշխարհային մամուլի էջերը նախապէս բազմի՜ցս անդրադարձած են եկեղեցականներու, որոնք գրեթէ յայտնուած են մարդկային բոլոր մեղքերու մէջ՝ ամենէն մեծ մեղքէն՝ մինչեւ ամենէն փոքրը։ Այս մեղքերը թուարկելու մէջ Շահան Նաթալի կարեւորութեամբ կը գործածէ 1881 թուականին ամերիկացի իրաւաբան եւ մտաւորական Էտուըրտ Պիլինկսի (Myron Edward Billings) կողմէ գրուած «Քարոզիչներու յանցագործութիւնները» աշխատութիւնը։ Իրաւաբանը իր այս աշխատութեան մէջ փորձած է մէկտեղել 1876-1881 թուականներուն եկեղեցականներու կողմէ գործուած մեղքերու ցանկ մը։ Այս աշխատութիւնը արժանացած է աւելի քան տասն հրատարակութիւններու եւ յաջողած է իր մէջ ներառել մինչեւ 1914 թուականը եկեղեցականներու քրէական գործերը։ Այդտեղ կարելի է գտնել բազմաթի՜ւ օտար եկեղեցականներ, որոնք այս կամ այն մեղքը գործելով ձերբակալուած կամ յայտնուած են հետախուզման մէջ. եկեղեցականներու կողմէ գործուած աւելի քան 917 ոճիր, 544 սեռական բռնութիւն, աւելի քան 35 հազար մեղաւոր եկեղեցականներ: 

Յատկանշական է, սակայն, որ Էտուըրտ Պիլինկսի աշխատութեան մէջ յիշուած են նաեւ չորս հայ եկեղեցականներ։ Անոնցմէ առաջինը՝ 1900 թուականներուն Նիւ Եորքի մէջ ապրած Յակոբ Քահանան է. յանցանքը՝ հարբածութիւն, անկարգութիւն ու ուրիշի սեփականութիւնը ջարդել։ Միւս եկեղեցականը՝ դարձեալ 1900 թուականին Նիւ Եորքի մէջ ապրած Զէփէրեան ազգանունը կրող հայ եկեղեցականն է, որ ձերբակալուած է ժամացոյց մը գողնալու պատճառով: Երրորդը՝ 1908 թուականին դարձեալ Նիւ Եորքի մէջ ձերբակալուած Մարդուկէսեան ազգանունը կրող եկեղեցականն է, որ մեղադրուած է յափշտակութեան մէջ: Իսկ վերջինը՝ 1906 թուականին Ֆրեզնոյի մէջ ապրած Հայր Սահակ Նազարեանն է, որ ձերբակալուած է տասնչորս տարեկան աղջիկ մը առեւանգելու մեղադրանքով: 

Շահան Նաթալի կը հաւատայ, որ չորս հայ եկեղեցականներու անուն յիշատակելը իրականութեան մէջ «քիչ» է եւ ո՛չ իրականութեան համապատասխան եւ այս երեւոյթը կը բացատրէ հետեւեալ ձեւով. «Հայ ժողովուրդը իր մէջ ունի «ամօթ է» ըսուած բանը եւ շատ անգամ ի՛նք կամաւորաբար իր եկեղեցականներուն գործած մեղքերը կը ծածկէ, որպէսզի չըլլայ յանկարծ օտարը սխալ կարծիք կազմէ հայ ժողովուրդին մասին», ինչ որ մտաւորականը կը կոչէ «միամտութիւն»։ Շահան Նաթալի վերը յիշուած չորս հայ եկեղեցականները կը կոչէ «անճառակ»ներ, որովհետեւ չե՛ն գիտցած ինչպէս մեղանչել՝ որպէսզի չբռնուին։ Իրենց անճառակութեան պատճառով «ինկած են օրէնքին ձեռքը, իրենց յանցանքին պատիժը կրած եւ իրենց անունը արձանագրած դատարաններու տետրակներուն մէջ»: 

Շահան Նաթալի կը հաւատայ, որ հայ եկեղեցականներուն մեղքերը շատ անգամ հայ ժողովուրդը ի՛նք կամաւորաբար ծածկած է, որովհետեւ անոնց մէջ տարածուած է այս մտածումն ու ըմբռնումը. «Եղբա՛յր, օտարները ի՞նչ պիտի խորհին մեր մասին, եթէ հայ եպիսկոպոս մը ձերբակալուի ու դատապարտուի…»։ Միւս կողմէ, Շահան Նաթալի կը հաւատայ, որ հայ եկեղեցականները լաւապէս տեղեակ ըլլալով այս հոգեբանութենէն՝ շատ աւելի ազատ ձեւով ի գործ դրած են իրենց ոչ-բարի մտադրութիւնները եւ միջամուխ եղած մեղքերու, որովհետեւ Նաթալիի բառերով. «Հայ ժողովուրդը իր կրօնաւորներուն հանդէպ տածած աղէտաւոր զգացումէն դրդուած՝ պիտի ճգնի ծածկել իրենց ոճիրները»: Նաթալի կը հաւատայ, որ այս վատառողջ մտայնութիւնն է, որ առիթ կու տայ, որ հայ եկեղեցականը ազատութեամբ գործէ իր մեղքերը։ Եթէ այս մտայնութիւնը տեղ գտած չըլլար հայ ժողովուրդին մէջ, Նաթալիի համոզումով՝ շատեր եպիսկոպոսութեան աստիճանին բարձրանալու փոխարէն բանտերու մէջ առանձնացած կ՚ըլլային:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ժամանակը հեղեղի պէս կը հոսի կ՚երթայ, իր հետ տանելով անհամար գանձեր, չօգտագործուած հարստութիւններ:

ԱՆԱՆՈՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2026