ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿԸ ՍԳԱՅ ՌԻՒՍՏԵՄՕՂԼՈՒԻ ՄԱՀԸ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի այնքան սիրուած եւ յարգուած դէմքերէն Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու, որու կորուստը ստեղծած է մեծ ցաւ։ Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց մէջ հետք թողած անձնաւորութիւն մըն է՝ մանաւանդ իր զոհաբեր գործունէութեամբ, որու շնորհիւ լուռ ու մունջ ապահոված է մեր համայնքին համար մշտական արժէքներ։
Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու մաս կազմած է Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդներուն։ Այդ դիրքերուն վրայ միշտ ինքզինք արդարացուցած է՝ համերաշխ նկարագիրով, նպատակասլաց աշխատանքով եւ ամէն զոհողութիւն յանձն առած է, որպէսզի տուեալ հաստատութիւնները ծաղկին։
Եղած է ընտանեկան տիպար հայր մը։ Ունեցած է երկու զաւակ։ Զբաղած է առեւտուրով՝ մանաւանդ, որ հրապարակի վրայ բարի համբաւ ձեռք բերած է որպէս հողաթափերու եւ մուճակներու արտադրող։
Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու, որ վերջին տարիներուն հանգստեան կոչուած էր, միշտ կը շարունակէր ընկերային շրջանակին յարգանքին ու համակրանքին առարկայ դառնալ։
Դժբախտաբար, շաբաթավերջին անակնկալօրէն վատթարացաւ իր առողջութիւնը եւ ան խտացեալ խնամքի տակ առնուեցաւ։ Ափսոս, որ մասնագէտներու խնամքը մնաց ապարդիւն եւ ան աչքերը կեանքին փակեց՝ խոր սուգի մատնելով համայն իր ընտանիքը։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլուին եւ կը ցաւակցինք իր այրիին՝ Այտա Ռիւստեմօղլուին, զաւակներուն, համայն ընտանեկան պարագաներուն՝ ի մասնաւորի մեր վաղեմի բարեկամ Պերճ-Ցոլինէ Թաշ ամոլին եւ Արի-Միվաքօ Թաշ ամոլին։