ԹԷՅ ԿԱՄ ՍՈՒՐՃ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՏԵՍԱԿ
Առտու է նորէն տարբեր տեղեր երկիր մոլորակի վրայ ու կ՚արթննան մարդիկ նայելով երկնին, գետնին ու հայելիներուն: Աւետում սպասե՞լ կամ ոչ, ըլլալ ստուգուա՞ծ տիեզերքով ու ոգեղինականութեամբ, ընդունի՞լ ժամահարումը, մաղե՞լ հոգին մարմնէն կամ մարմինը հոգիէն ու հազարումէկ հարցումներ՝ մտային ու հոգեկան մտորախմորումներ կ՚այցելեն տունէն դուրս չեկած ու օրը չսկսած:
Օրը ամենագէտ է ու յաղթող, օրը ծածկող է բոլորին ու առեղծուածային, մենք իր մէջն ե՞նք, թէ ա՞ն մեր մէջ, յայտնի չէ, ի՞նչ է իր տարրաբանութիւնը, իր նպատակայնութիւնը, իր կատարելախզումն ու կատարելագործումը, նաեւ իր յարաբերականութիւնը տիեզերքի ու առօրէականութեան հետ: Օրը այն, այն օրը՝ որ կայ ու չկայ․ մեր փրկիչն է տեղ մը, մեր տարերքն ու արխիւասերտումն ու յիշատակացումն է։
Այդ ի՞նչ օր էր, երբ ես կամ դուն ծնանք,
Այդ ի՞նչ օր էր, երբ սիրաբանուեցանք,
Այդ ի՞նչ օր էր, երբ պատերազմեցանք կամ ընկեր/հարազատ կորսնցուցինք:
Ապրումի խորհրդանշականացումն ու անոր ներարկումը իբրեւ ոճ ու տեսակ, իբրեւ տիտղոս ու փրուածութիւն այդտեղ է լիացումներէն մէկը մեր, իսկ օր սկսիլ, օր շարունակել, օր աւարտել, օր կերտել եւ օր յաւերժացնել՝ այդ է ընթացիկ, բայց սրբագոյն ներկայացող մեր առաքելութիւնը: Այդպէս կ՚արթննանք ու կը սկսինք օրը ընելով բաներ, որոնք ինչքան ալ պարտադրուած են ու գծուած մեզի համար, մէկ է մեր տենչանքն ու կերտումը օրագործման հետ, վերաօրը կառուցելն ու անոր հասնիլն է: Ոգեղէն ըլլայ այդ վերահասութիւնը կամ մարմնական, մարդկային ըլլայ այդ վերացումը կամ բնազանցական՝ մէկ է, մենք անսահման ձգտում մը ունինք հասնելու հոն՝ այդ արտաօրուան:
Այսօրը սկսաւ ու երէկուայ վրայ ձգելով «աւելիութիւն» մը, պատռում մը, կարօտ մը եւ փառք մը, իսկ վաղն ալ աւելի լաւի ու գեղեցկութեան հատման հետ, սկսաւ վիպապաշտացնել ժամանակի հոսքը։ Օր մը կը սուրայ, օր մը յարութիւն կ՚առնէ, օր մը բացարձակօրէն կը լուսանայ՝ ըլլալով սկիզբ ու վերջ, ժամանց ու կենարարութիւն:
Ընթացաւ օրը, հիմա կէսօր է։ Գործը սուրբ է, ինչպէս որ ալ ըլլայ այն․ դրամով կամ առանց դրամի, նպատակով կամ առանց նպատակի, մեզ ներառելով կամ շրջանցելով, ուրախացնելով կամ տխրեցնելով, յուսադրելով կամ յուսահատեցնելով:
Առտուն մարդկութեան մեծամասնութիւնը սուրճ կամ թէյ կը խմէ, ուրկէ՞ եկած է այդ սովորութիւնը, ընկերային ի՞նչ ցուցմունք ունի, հաւանաբար, թաքուն կամ բացայայտ պատգամ-զրոյց-հրաւէր մըն է օրուան հետ, արարողական դիմաւորում է, ուր մենք արթննալէ զատ պէտք ունինք «բարի գալուստներու» ու «բարի սկիզբներու»:
Շատ զգայուն է հոգին մեր ու կարծես դիտմամբ կը փորձէ հակադրուիլ մարմնին հետ, որպէսզի ուրախացնէ կամ տխրեցնէ մեզ:
Առաւօտուն սուրճ կամ թէյ խմեցի՞ր,
Լաւ սկսա՞ւ օրդ,
Աւելի պիտի գեղեցկացնե՞ս զայն,
Ի՞նչ ունիս ընելու մնացած օրուայ ընթացքին ու այսպէս:
Արեւելքի մէջ սուրճը տարածուած է, արեւմուտքի մէջ ալ արդէն, իսկ տեղեր ալ կան թէյը տարածուած է նոյնպէս, միշտ ալ մարդիկը մղելով ու օրը կապելով սուրճ/թէյ սկիզբի մը հետ, ինչ որ առաքիչն է մեր մղումին:
Ես եթէ համարեմ պահ մը, որ սովորութիւն չունիմ ու կեանքն ու միջավայրը կուսացուցած է ամէն ինչ ի վերուստ, ի՞նչ պիտի ընտրէի այսօր առաւօտեան, առողջութեան կամ զանազան պատճառներէ մեկնած: Ես վերջին շրջանին նախ կաթով նեսքաֆէ կը խմեմ, յետոյ մէկ ժամ վերջ թէյ մը (կանաչ կամ կասիայով): Ինչպէ՞ս ոգի ստացաւ այս սովորութեան սրբականացումը՝ անդրադառնամ.
Կրնամ երկար ճամարտակել անոր մասին, բայց պարզ պատճառը այն է, որ անոր մէջ կայ ապրում մը, ոճ մը՝ կախուած գլխուդ վրայ, ներս ու դուրսովդ քեզ ստեղծող ինքնեկ ու ակամայ, ինքնաճանաչում մը՝ հպուած տիեզերքին ու արարման, շողացած մարդոցմով ու օրերով, երկրային կոփումներով ու կախումներով, երկնային աղօթքներով ու նախապաշարումներու սիրալիր մշակմամբ:
Կաթով նեսքաֆէն (որ իմ սուրճս է), յետոյ թէյը, հաւանաբար, իմ ալ արձանագրումս է՝ որ ես ալ այսօր նոյնպէս կամ, տեսակ մը կրկնակի արձանագրում ներծծելու արեւմուտքն ու արեւելքը միահամուռ, նաեւ միշտ խաղալով ազնիւ ազգային խաղը, որ ինչքան ալ համամոլորակային տենդ ու տենչանք, տիեզերական խինդ ու կարօտ, գոյութենական ջիղ ու աստուածացում ունենայ, կ՚ուզէ զիս երեւցնել իբրեւ պարզ ու համեստ սուրճ ու թէյ խմող, կեանք ու մահ քննարկող մէկը:
Սուրճ կամ թէյ,
սուրճ ետքը թէյ,
անոնք կը գծեն արթնացում մը օրածին,
կը գունաւորեն համ մը (առնելիք ժամանակէն ու տեղէն),
կ՚առթեն տրամադրութիւններու ճօճում մը,
ապրելու մուտքի ու ելքի համրիչներ կ՚ուզեն տեղադրել մեր մէջ,
ու շատ ու շատ բաներ․․․
Օ՜հ, այդ սուրճը կամ թէյը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան