ԽՈՐ ՓԱԿՈՒՂԻ…

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան տագնապին շուրջ դիւանագիտական ջանքերը նոր թափ ստացած են։ Ռազմական ճնշումը կը շարունակուի, Հիւրմիւզի նեղուցը կը մնայ բանակցային հիմնական լծակներէն մէկը, իսկ միւս կողմէ՝ Ուաշինկթըն եւ Թեհրան, իրենց կոշտ դիրքորոշումներով հանդերձ, տակաւին ամբողջովին չեն փակած բանակցութեան դուռը։

Այս բարդ պատկերին մէջ Չինաստան սկսած է աւելի տեսանելի դեր ստանձնել։ Փեքին կը ջանայ ապահովել, որ Ուաշինկթըն եւ Թեհրան վերադառնան՝ Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագրի շրջանակին, վերականգնելու համար բանակցային գործընթացը եւ խուսափելու ռազմական բախումներու նոր փուլէ։ Միաժամանակ, Փաքիստան կը շարունակէ իր միջնորդական ջանքերը, իսկ Քաթարն ու Օմանը կը մնան շփումներու կարեւոր խողովակներ։

Սակայն, այս ամբողջ գործընթացին մէջ կայ նաեւ երկրորդ երեսակը։ Մինչ դիւանագէտները կը խօսին բանակցութենէ, Իրանի կողմէն կը հնչեն նախազգուշացումներ, թէ պատերազմի շարունակութեան պարագային հակամարտութիւնը կրնայ տարածուիլ Հիւրմիւզէն դէպի Կարմիր ծով եւ Պապ էլ-Մանտէպ, իսկ անկէ՝ նոյնիսկ Հնդկական ովկիանոս։ Այս պատճառով ալ ներկայ ճգնաժամը այլեւս միայն ԱՄՆ-Իրան երկկողմանի վէճ մը չէ։ Ան կը կապուի համաշխարհային նաւարկութեան, նաւթային շուկաներու, Լիբանանի, Կազզէի, Եմէնի եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն։

Մինչ այդ, Փեքին կը գործածէ իր միջնորդական խաղաքարտը՝ ԱՄՆ-Իրան բանակցային փակուղիին կապակցութեամբ։ Այսպէս, Չինաստանի նախաձեռնութիւնը յատկապէս ընդգծուեցաւ սեպտեմբերի 16-ին, երբ արտաքին գործոց նախարար Վան Ի Փեքինի մէջ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ այնպիսի պահու մը, երբ ԱՄՆ-Իրան հակամարտութիւնը դարձեալ կը գտնուէր սրման վտանգաւոր փուլի մը մէջ։ Հանդիպումէն ետք Վան Ի յայտարարեց, որ շարունակուող ԱՄՆ-Իրան հակամարտութիւնը չի ծառայեր ո՛չ կողմերուն եւ ո՛չ ալ միջազգային հանրութեան շահերուն։ Պէյճին կոչ ըրաւ Թեհրանին ու Ուաշինկթընին մնալու զուսպ, վերադառնալու Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրի շրջանակին, վերականգնելու բանակցային գործընթացը եւ էական հարցերու շուրջ շարունակելու խորհրդակցութիւնները։

Այս կէտին ուշագրաւը է, որ Չինաստան նոր բանակցային ձեւաչափ մը պարտադրելու մասին չի խօսիր։ Ան կը փորձէ վերադարձնել այն ուղին, որ արդէն գոյութիւն ունեցած է եւ որուն հիմքին վրայ յունիսին ձեւաւորուած էր ԱՄՆ-Իրան փոխըմբռնումը։

Չինաստանի մտահոգութիւնը, սակայն, միայն քաղաքական չէ։ Փեքին միաժամանակ շեշտած է Հիւրմիւզի նեղուցով ազատ եւ անվտանգ նաւարկութեան անհրաժեշտութիւնը՝ նկատի ունենալով միջազգային ուժանիւթի փոխադրումներուն, նաւթային մատակարարումներուն եւ համաշխարհային առեւտուրին սպառնացող վտանգները։ Չինաստան նաեւ յայտնած է, որ պատրաստ է նպաստելու Իրանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան։ Հիւրմիւզի նեղուցը այսպիսով կը դառնայ ամբողջ ճգնաժամի ամենազգայուն կէտերէն մէկը, ինչ որ միայն ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ ճնշման միջոց մը չէ։ Նեղուցի երկարատեւ փակումը կամ սահմանափակումը կրնայ ուղղակի ազդեցութիւն ունենալ Ասիոյ տնտեսութեան, նաւթային շուկաներու եւ միջազգային մատակարարման շղթաներուն վրայ։ Չինաստանի համար այս հանգամանքը առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի։

Չինաստանի այս շեշտադրումը շարունակուեցաւ նաեւ սեպտեմբերի 24-ին, երբ նախագահ Շի Ծինփինկ հանդիպեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Ծինփինկ ընդգծեց, որ Փեքին կը շարունակէ աջակցիլ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ երկխօսութեան ու բանակցութիւններու վերականգնման։ Ան պաշտպանեց Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագրի շրջանակին վերադառնալու գաղափարը եւ շեշտեց, որ վերջնական նպատակ պէտք է ըլլայ աւելի ամբողջական համաձայնութեան մը ձեռքբերումը, որպէսզի ընդգրկէ Իրանի միջուկային ծրագիրը եւ երկու կողմերուն միջեւ առկայ այլ հարցերը։ Չինաստանի եւ ԱՄՆ-ի ղեկավարներու հանդիպման պաշտօնական հաղորդումներուն մէջ նաեւ ընդգծուեցաւ, որ Իրան պէտք է յարգէ միջուկային զէնք չարտադրելու իր պարտաւորութիւնը, իսկ միջազգային ջրուղիները պէտք չէ ենթարկուին արգելքներու կամ վճարներու։

Չինաստանի դերակատարութիւնը կարելի չէ ամբողջութեամբ հասկնալ առանց Փաքիստանի։ Յուլիսին Չինաստանի եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարները համատեղ կոչ ըրած էին անմիջապէս դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, վերականգնելու շփումները եւ բանակցութիւնները եւ հասնելու համապարփակ խաղաղութեան համաձայնութեան։ Չինաստան յայտարարած էր, որ պիտի շարունակէ աջակցիլ Փաքիստանի միջնորդական ջանքերուն։ Այս իմաստով, Փեքինի ներկայ նախաձեռնութիւնը առանձին եւ յանկարծակի ծրագիր մը չէ։ Ան կը փորձէ վերակենդանացնել արդէն իսկ ստեղծուած բանակցային շրջանակը եւ զայն օգտագործել որպէս ԱՄՆ-Իրան նոր երկխօսութեան հիմք։

Փաքիստան եւս կը շարունակէ ինքզինք ներկայացնել որպէս միջնորդ։ Իսլամապատ յայտնած է, որ պատրաստ է շարունակելու լարուածութիւնը նուազեցնելու իր ջանքերը՝ հակառակ վերջին զարգացումներուն եւ բանակցութիւններու մէջ յառաջացած նոր տարաձայնութիւններուն։

Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն զուգահեռ այս միջնորդական ջանքերը աւելի տեսանելի դարձան։ Ապպաս Արաղչի հանդիպումներ ունեցաւ ամերիկացի բանագնացներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճերըտ Քուշնէրի հետ։ Սակայն, այս հանդիպումները չտուին այն արդիւնքը, որ կրնար երկու կողմերը անմիջապէս մօտեցնել համաձայնութեան։ Աւելին՝ բանակցութիւններու ընթացքին պարզ դարձաւ, որ յունիսին գոյացած փոխըմբռնման յուշագիրը այլեւս այն պարզ մեկնակէտը չէ, որուն շուրջ երկու կողմերը կրնան առանց դժուարութեան վերադառնալ։ Թէեւ անիկա ամբողջովին չէ վերացած, կողմերը տարբեր պատկերացումներ ունին անոր պարտաւորութիւններուն, փոփոխութիւններուն եւ յետագայ քայլերու հերթականութեան մասին։

ԱՄՆ կը պահանջէ Հիւրմիւզի ջրանցքով նաւարկութեան բնականոնացումը եւ Իրանի միջուկային ծրագրին նկատմամբ սահմանափակումներու հաստատումը։ Ուաշինկթընի համար միջուկային հարցը կը մնայ բանակցութեան առանցքային կէտերէն մէկը, մինչ տնտեսական ճնշումը կը շարունակէ մնալ Թեհրանի վրայ ազդելու հիմնական միջոցներէն մէկը։

Իրան, իր հերթին, կը փորձէ իր բանակցային դիրքը ամրապնդել դաշտային եւ տարածաշրջանային զարգացումներու միջոցով։ Թեհրան կը պահանջէ պատերազմի աւարտը բոլոր ճակատներու վրայ՝ ներառեալ Լիբանանն ու Կազզէն, ծովային շրջափակման վերացումը, իրանեան սառեցուած դրամական միջոցներու «ազատում»ը եւ Հիւրմիւզի մէջ նաւարկութեան վերաբերեալ իրանա-օմանեան փոխըմբռնման պահպանումը։ Իրան նաեւ կը մերժէ այս փուլին իր միջուկային ծրագրին վրայ նոր սահմանափակումներ ընդունիլ։ Թեհրանի պատկերացմամբ՝ այս հարցը պէտք է քննարկուի յետագայ բանակցութիւններու ընթացքին՝ Ուաշինկթընի կողմէ իր պարտաւորութիւններու կատարումէն ետք։

Այսպիսով, ամերիկեան եւ իրանական դիրքորոշումներուն միջեւ հիմնական տարբերութիւնը միայն պահանջներու բովանդակութեան մէջ չէ։ Տարբերութիւնը նաեւ այն է, թէ ո՞վ առաջինը պէտք է քայլ ընէ։ ԱՄՆ կը ցանկայ տեսնել Իրանի կողմէ յստակ քայլեր՝ Հիւրմիւզի եւ միջուկային ծրագրի հարցերուն մէջ։ Իրան, իր կարգին, կը պահանջէ նախ ամերիկեան քայլեր՝ շրջափակման, պատժամիջոցներու եւ սառեցուած միջոցներու հարցերուն մէջ։ Այս պատճառով ալ բանակցութեան իրական խոչընդոտը երբեմն նոյնիսկ բանակցութեան բովանդակութիւնը չէ, այլ առաջին քայլի հարցը։

Բաց աստի, կայ Հիւրմիւզէն մինչեւ Պապ էլ-Մանտէպ պատերազմի ընդարձակման վտանգը։ Իրան, իր կարգին, չի ցանկար պատերազմի շարունակութիւնը, սակայն, չի պատրաստուիր նաեւ բանակցելու այնպիսի պայմաններու տակ, որոնք Թեհրան կը նկատէ պարտադրանք։ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան եւ Ապպաս Արաղչի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջագիծին մէջ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցան եւրոպացի ու արեւմտեան պաշտօնատարներու հետ։ Այս հանդիպումներուն ընթացքին Թեհրան կը փորձէ կանխել որեւէ նոր երկրի ներգրաւումը Ուաշինկթընի կողմէ գործադրուող ճնշման քաղաքականութեան մէջ։ Փեզեշքիան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի իր ելոյթին մէջ մերժեց Իրանը ահաբեկչական պետութիւն ներկայացնող պատկերը եւ շեշտեց, որ Թեհրան ինքզինք կը նկատէ արտաքին յարձակման եւ ահաբեկչութեան զոհ։ Ան նաեւ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է բանակցելու եւ հարցերը դիւանագիտական ճանապարհով լուծելու՝ միաժամանակ պատրաստ ըլլալով դիմակայելու պատերազմի շարունակութեան։ Այսպիսով, Թեհրանի ուղերձը այս փուլին երկակի է. պատերազմը կը շարունակուի որպէս իրականութիւն, բայց դիւանագիտական բանակցութիւնը չի փակուիր։ Սակայն, Իրանի կողմէն հնչող ռազմական յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ դիւանագիտութիւնը միակ պատրաստուող տարբերակը չէ։ 

Մինչ այդ, Իրանի գերագոյն առաջնորդի ռազմական խորհրդական Եահիա Ռահիմ Սաֆաուի զգուշացուցած է, որ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ նոր յարձակումներ կրնան ընդլայնել հակամարտութեան աշխարհագրութիւնը՝ հասնելով մինչեւ Հնդկական ովկիանոս։ Սաֆաուի յատկապէս ակնարկած է Կարմիր ծովու եւ Պապ էլ-Մանտէպի ճակատին։ Ան նշած է, որ եթէ նոր պատերազմ մը սկսի, կրնայ բացուիլ նոր ճակատ մը, որ կեդրոնանայ Կարմիր ծովու եւ Պապ էլ-Մանտէպի շուրջ։

Այս յայտարարութեան մէջ ուշագրաւ է նաեւ Եմէնի յիշատակումը։ Սաֆաուի ըսած է, որ իրանցիները եւ եմէնցիները հասարակաց ճակատագիր ունին եւ զիրար կը պաշտպանեն։ Միաժամանակ, ան բաց թողած է նաեւ բանակցային դուռը՝ նշելով, որ եթէ Ուաշինկթըն ընդունի Իրանի ներկայացուցած եօթ պայմանները, Թեհրան կրնայ Հիւրմիւզի նեղուցով նաւերու անցքին հարցը քննարկել այլ կերպով։

Այս պահուն Հիւրմիւզը կը մնայ Իրանի կարեւորագոյն բանակցային լծակներէն մէկը։ Բայց Պապ էլ-Մանտէպի մասին հնչող սպառնալիքները կը ցուցնեն, որ Թեհրանի հաշուարկը միայն Հիւրմիւզով չի սահմանափակուիր։

Եթէ հակամարտութիւնը Հորմիւզէն տեղափոխուի Կարմիր ծով եւ Պապ էլ-Մանտէպ, տարածաշրջանային ճգնաժամը կրնայ ձեռք բերել բոլորովին այլ չափեր։ Այդ պարագային այլեւս միայն Իրանի եւ ԱՄՆ-ի տարակարծութիւններուն մասին չի խօսուիր։ Հիւրմիւզ, Կարմիր ծով, Պապ էլ-Մանտէպ, Լիբանան եւ Կազզէ կրնան իրարու կապուիլ՝ ընդհանուր պատերազմի մը տրամաբանութեան մէջ։

Այս կէտին՝ Նիւ Եորքի դիւանագիտական հանդիպումները կը ստանան իրենց իրական նշանակութիւնը։

Խնդիրը այլեւս միայն այն չէ, թէ երկու կողմերը ի՛նչ կը պահանջեն իրարմէ. խնդիրը այն է, որ այդ պահանջները որքան հեռու կրնան երթալ՝ նախքան դիւանագիտութիւնը դարձեալ դառնալու համար ընդունելի եւ գործնական ճանապարհ։

Չինաստանի դերակատարութիւնը այս պահուն պէտք է դիտել նաեւ այս տեսանկիւնէն։ Փեքին կը փորձէ երկու կողմերը վերադարձնել բանակցութեան, սակայն, միաժամանակ, կը պաշտպանէ միջազգային նաւարկութեան ազատութիւնը եւ տարածաշրջանային կայունութիւնը։ Փաքիստան կը շարունակէ իր միջնորդական դերը, իսկ եւրոպական երկիրները եւս կը փորձեն պահպանել շփումներու ուղիները։ Սակայն, մինչեւ հիմա ո՛չ մէկ կողմ պատրաստ է յայտարարելու, թէ համաձայնութիւնը մօտ է։

Տարակարծութիւնները կը մնան պատժամիջոցներու, Հիւրմիւզի ջանցքի, Իրանի միջուկային ծրագիրին, սառեցուած դրամական միջոցներուն, ծովային շրջափակման եւ գործողութիւններու հերթականութեան շուրջ։

Ամերիկեան կողմը կը շարունակէ պահել տնտեսական եւ ռազմավարական ճնշումը։

Իրան կը փորձէ պահել Հիւրմիւզի եւ տարածաշրջանային ճակատներու միջոցով իր բանակցային լծակները։

Չինաստան կը փորձէ երկու կողմերը վերադարձնել Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրի շրջանակին։

Փաքիստան կը շարունակէ միջնորդական ջանքերը։

Իսկ ՄԱԿ-ի շրջագիծին մէջ դիւանագիտական խողովակները տակաւին բաց են։

Միւս կողմէ, այս պահուն ամենէն կարեւոր իրողութիւնը այն է, որ պատերազմն ու բանակցութիւնը տակաւին զուգահեռաբար կը զարգանան։

Ռազմական ճնշումը կը շարունակուի, բայց, բանակցութեան դուռը ամբողջովին փակուած չէ։ Հիւրմիւզը կը մնայ ճնշման հիմնական գործիքը, իսկ Պապ էլ-Մանտէպը՝ այն ճակատը, որու ընդլայնման սպառնալիքը կրնայ ամբողջ տարածաշրջանային պատերազմին նոր աշխարհագրութիւն տալ։

Չինաստանի նախաձեռնութիւնը այս պատճառով ուշագրաւ է։ Փեքին նոր համաձայնագիր մը չի պարտադրեր։ Ան կը փորձէ վերակենդանացնել արդէն գոյութիւն ունեցած բանակցային հիմքը եւ վերադարձնել կողմերը սեղանի շուրջ։ Փաքիստանի միջնորդական ջանքերն ալ այս ընդհանուր պատկերին մէկ մասն են։

Բայց այս ճանապարհը դիւրին չէ։ Կողմերը տակաւին իրարու չեն վստահիր։ Զիջումներու հերթականութեան շուրջ համաձայնութիւն չկայ։ Ռազմական ճնշումը կը շարունակէ ծառայել որպէս բանակցային գործիք, իսկ տարածաշրջանային տարբեր ճակատներու իրար կապուելու վտանգը տակաւին գոյութիւն ունի։ Հետեւաբար, ներկայ փուլը աւելի ճիշդ է բնութագրել որպէս պատերազմի եւ դիւանագիտութեան զուգահեռ ընթացք, քան որպէս համաձայնութեան մօտեցում։

Հիմա հարցը միայն այն չէ, թէ Ուաշինկթըն եւ Թեհրան ինչ կը պահանջեն իրարմէ։ Հարցը այն է, թէ ո՞վ պատրաստ է առաջինը կատարել այն քայլը, որ կրնայ փակուղին ճեղքել։ Եւ այդ փակուղիին կեդրոնը այսօր Հորմիւզն է։ Իսկ եթէ դիւանագիտութիւնը ձախողի, այդ կեդրոնը կրնայ շատ աւելի հեռու տեղափոխուիլ՝ մինչեւ Կարմիր ծով եւ Պապ էլ-Մանտէպ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2026