ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՀԵՌԱՏԵՍ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ կեանքի կոչուած նախաձեռնութիւն մը այս շրջանին անմիջական ուշադրութեան արժանացած է համայնքային կեանքէ ներս: Այսպէս, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Արամ Գամպուրեան» նորահաստատ մշակութային կեդրոնի բացումը, ինչ որ իսկապէս մեծ ձեռքբերում մը կը համարուի թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ: Ուսուցչաց հիմնարկի կեդրոնատեղիի յարակից յարկաբաժնին մէջ հաստատուած է՝ բարեյիշատակ Արամ Գամպուրեանի անուան ձօնուած այս նոր մշակոյթի կեդրոնը, որ թէեւ իր ծաւալով այդքան ալ մեծ չէ, սակայն, նշանակութիւնը շատ մեծ է՝ հաշուի առնելով, որ դիրքաւորուած է Իսթանպուլի ամենահայահոծ շրջանէն ներս: Մարդուժ համախմբելու եւ կազմակերպչական տեսակէտէ ձգողականութիւն ապահովելու ճանապարհին կարեւոր խարիսխ մը կրնայ ըլլալ այս նոր մշակոյթի կեդրոնը, որ օժտուած է անհրաժեշտ ամէն ինչով: 

Այս նախաձեռնութիւնը օրինակելի բնոյթ ունի՝ մանաւանդ վարչական հեռատեսութեան առումով: Արդարեւ, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութիւնը շատ հեռատես ձեւով արժեւորած է՝ ողբացեալ Արամ Գամպուրեանի կողմէ իրեն կտակուած առանձնատունը, որ կը գտնուէր Լեւենտ թաղամասին մէջ: Հիմնարկի վարչութիւնը վերջերս այդ կալուածը ծախած է եւ անոր մայր գումարը պահելով՝ քանի մը ամսուան տոկոսով արդէն այս նոր յարկաբաժնին սեփականութիւնը ապահոված է: Ուսուցչաց հիմնարկի կեդրոնատեղիի ճիշդ դիմացի յարկաբաժինը այսպէսով եկած է կրկնապատկել հաստատութեան զբաղեցուցած տարածքը: Ուրեմն, ի շարունակութիւն, այդ նոր յարկաբաժինը ամբողջութեամբ վերանորոգուած եւ նպատակասլաց ձեւով վերաձեւաւորուած է՝ ՀԱՅՃԱՐ-ի հետ համագործակցութեամբ: Քանի մը տասնեակ հոգիի տարողութեամբ սրահ մը ստեղծուած է այդ երդիքին տակ: Առաջին հայեացքով այդ փոքր սրահները կրնան աննշան թուիլ, սակայն, մերօրեայ իրականութեամբ նման անկիւնները բառին բուն իմաստով ռազմավարական նշանակութիւն ունին՝ մանաւանդ, որ ընկերամշակութային կամ այլ բնոյթով բոլոր ձեռնարկները արդէն կը հեռարձակուին եւ աւելի լայն զանգուածներու ուշադրութեան առարկայ կը դառնան: Այս առումով Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութիւնը իսկապէս նոր խարիսխ մը ապահոված է մեր համայնքին համար, ուր կազմակերպչական դժուարութիւնները իսկապէս շատ են եւ այս նոր պատուհանը կրնայ նոր կենսունակութեան հնարաւորութիւն մը ստեղծել: 

Ուրախառիթ միւս հանգամանքն ալ այն է, որ նոյն երդիքին տակ մշտական գրասենեակ մը ապահովուած է նաեւ ՀԱՅՃԱՐ-ի համար: Սա եւս իսկապէս լուրջ ձեռքբերում մըն է, որովհետեւ ՀԱՅՃԱՐ-ի գործունէութիւնը վերջին տարիներուն արդէն հաստատութենականացուած կը համարուի եւ այս իմաստով Ուսուցչաց հիմնարկի նման նախընթացները ձեւաւորուած, խոր աւանդութիւններով կառոյցի մը երդիքին տակ ՀԱՅՃԱՐ-ին ալ մշտական հասցէ մը ունենալը, համայնքին տեսակէտէ անանտեսելի յաջողութիւն մը կը համարուի:

Այս նոր համալիրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը շաբաթավերջին համախմբեց համայնքային շրջանակները: Բացման արարողութեան պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ մուտքի խորհրդանշական ժապաւէնը հատեց օրհնութեամբ եւ ներկաներու ծափահարութիւններուն ներքեւ: Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ եւ գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան ատենապետուհի Նատին Փիլիկօղլու եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ բոլոր հիւրերը:

«Արամ Գամպուրեան» նորահաստատ մշակոյթի կեդրոնի բացման հանդիսութիւնը արդէն ինքնին տօնական տրամադրութիւն ստեղծած էր: Այս մթնոլորտին մէջ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Նատին Փիլիկօղլու: Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութիւնը տեղին որոշումով մը տեսերիզ մը պատրաստած էր՝ վերյիշելու համար հոգելոյս Արամ Գամպուրեանը: Այդ տեսերիզի ցուցադրութիւնը ստեղծեց զգացումներու տարափ մը՝ մանաւանդ, որ բոլորը մէկ կողմէ կ՚արտայայտէին իրենց մեծ կարօտը հոգելոյս Արամ Գամպուրեանին նկատմամբ, իսկ միւս կողմէ կրկնապատիկ երախտագիտութեամբ կ՚ոգեկոչէին զինքը: 

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ շրջայց մը կատարեց այս նոր մշակոյթի կեդրոնէն ներս, ուր իր գնահատանքը արտայայտեց թէ՛ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան եւ թէ ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան նկատմամբ: Նորին Ամենապատուութիւնը նշեց, որ այս երկու կառոյցներու համագործակցութեամբ համայնքը ունեցած է իսկապէս մշտական ձեռքբերում մը, ինչ որ ամէն գնահատանքի արժանի է: Ան օրհնեց այս նոր երդիքը՝ մաղթելով, որ այնտեղ համայնքային կեանքին տեսակէտէ ձեւաւորուի նոր առանցք մը: 

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան այս նախաձեռնութիւնը կու գայ ապացուցանել, որ համայնքային կեանքէ ներս կենսունակութեան սպասումը օդի մէջ կը մնայ, եթէ անհրաժեշտ ենթագետինը չձեւաւորուի եւ անհրաժեշտ վարչական կամքը չդրսեւորուի: 

Միւս կողմէ, նորահաստատ մշակոյթի կեդրոնէն ներս, առաջին առթիւ բացուած է լուսանկարչական ցուցահանդէս մը, որ կը կրէ՝ «Պալեաններու գործերը հայ լուսանկարիչներու աչքով» խորագիրը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2026