ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՌԱՐՁԱԿՄԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ ԿԸ ՄՇԱԿԵՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐ ՄԸ
Ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան վերադաս խորհուրդի փոխ-նախագահ Տենիզ Կիւլէր եւ Հայաստանի հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Յակոբեան վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցան Սոֆիայի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին հեռարձակման ոլորտէ ներս զարգացումները եւ արդի մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ կարգաւորող մարմիններու գործունէութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։
Տենիզ Կիւլէր եւ Տիգրան Յակոբեան անդրադարձան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կարգաւորող մարմիններուն միջեւ համագործակցութեան ապագայ զարգացման եւ ընդլայնման հնարաւորութիւններուն: Այս ամբողջին մէջ անոնք անդրադարձան փորձառութեան եւ մասնագիտական գիտելիքներու փոխանակման, ոլորտային երկխօսութեան աշխուժացման եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ նախաձեռնութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան։ Զրուցակիցները ընդգծեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային հարթակներուն վրայ համագործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը:
Կողմերը կարեւորեցին նաեւ հանդիպումներուն շարունակականութիւնը՝ ընդգծելով երկխօսութեան կարեւորութիւնը հեռարձակման ոլորտի արդիւնաւէտ կառավարման եւ նոր մարտահրաւէրներուն համատեղ արձագանգելու տեսանկիւնէն: Քննարկուեցաւ երկու կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան յուշագրի մը հաւանական ստորագրումը, որու նախագիծը արդէն մշակման փուլի մէջ կը գտնուի։