ԲՈԼՈՐԻՍ ԳԻՏՑԱԾ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

Որքան զարմանալի է, իրօ՛ք, որ վերջերս Պաքուի մէջ կայացող «CAMCA 2026» տարածաշրջանային համաժողովի ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ Հայաստանի կառավարութեան կոչ յղած է հայ հասարակութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելու աշխատանքը աշխուժացնելու: 

Ասկէ աւելի աշխո՞յժ:

Դժուար է հաւատալ, բայց մտահոգութիւն յայտնած է ան՝ Հաճիեւ, թէ հայ երիտասարդութեան մէջ «ռեւանշիստական» տրամադրութիւններ կան դեռ… 

Ո՞ւր, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս շօշափած էր ան այդ վրէժխնդրութիւնը, արդեօք: Զարմանալի՜: 

Երեւանի մէջ ընթացող միջազգային միջոցառումներէն ժամանակ ունի՞ մեր երիտասարդութիւնը «ռեւանշիզմով» զբաղելու:

Հազիւ հասցնենք «հպարտանալ»:

Լրատուական միջոցները, ինչպէս միշտ, տեղաշաժի մատնուեցան Սիւնիքի սահմանը հատող ատրպէյճանցի զինուորին ու հայ կնոջ հետ անոր ունեցած դէպքով:

Ինչպէս միշտ, ամէն կողմէ հնչած ձայն, լուր ու տեղեկութիւններուն մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը մեզի յորդորեց պաշտօնական լրատուութեան հետեւիլ միայն:

Իսկապէ՞ս: 

Անցեալին, շա՛տ մօտիկ անցեալին, պաշտօնական աղբիւրներէն մեր շօշափած ո՞ր ճշգրիտ, թափանցիկ ու անկեղծ լրատուութեան վրայ յենելով պէտք էր ապաւինիլ պաշտօնականին: 

Օրերէ ի վեր կորած զինուորին մասին ո՛չ ոք տեղեակ էր, փաստօրէն, եւ եթէ այդ տունը չմտնէր ան ու եղածն այս չըլլար, ո՛վ գիտէ՝ պիտի լսէի՞նք երբեւէ այդ կորսուած ու սահմանը հատած զինուորին մասին… 

Մեր «չգիտցածներէն» մէկն էր ասիկա: 

Ներխուժում, մանուկները պատանդ բռնել, կռիւ, կրակոց, կոտրուած մատներ, մարմնի մեծ վնասուածքներ ու քրէական գործ… եւ հայ երիտասարդնե՞րն են «ռեւանշիստները»: 

Իսկ ատրպէյճանցիները՞.

Գետնին վրայ քայլող խաղաղութեան աղաւնինե՞ր են անոնք: 

Լա՛ւ, այս եղածէն վերջ, ի՞նչ պիտի ըլլայ: 

Նոր չեն սահմանին, կամ պատերազմէ անդին՝ հայ ու ատրպէյճանցի զինուորներուն միջեւ պատահող այս դէպքերը. հետեւողները յիշելու են տարինե՜ր առաջ քնացած հայ զինուորը սպաննած Ռամիլ Սաֆարովին «Ազգային հերոս» հռչակումը:

2010-ին ալ նման դէպք մը եղած էր, երբ 22-ամեայ ատրպէյճանցի զինուոր Մուպարիզ Իպրահիմովը Պաշտպանութեան բանակի դիրքեր թափանցած ու չորս հայ զինուոր սպաննած էր: Փոխհրաձգութեան ընթացքին, ան ալ սպաննուած էր։ Ամիս մը չանցած, Ալիեւ անոր յետմահու «Ազգային հերոսի» կոչում շնորհած էր: 

«Յաղթանակ»ի մեր զբօսայգիի պատին վրայէն սրբուած մեր հերոսը ինչպէ՞ս չյիշենք, երբ այդ դէպքէն ամիսներ վերջ, «Շեհիտներու ծառուղիին» մէջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանին յանձնուած հերոսին թաղման պատուաւոր արարողութիւնը։ 

Կը ցաւիմ՝ դառնօրէն:

«Պաքուն կը ցանկայ խաղաղութիւն կնքել ո՛չ միայն Հայաստանի կառավարութեան, այլեւ՝ հայ ժողովուրդին հետ», հաստատած է Հաճիեւ եւ յայտնած է, որ ան կը շարունակէ սպասել Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան:

Քանի մը օր առաջ հայ ձեռագիրներուն «դատարկ էջերը» քմծիծաղով դարձնող ու Արցախի հայկական վանքերը Ատրպէյճանի հողին վրայ մնացած աղուանական հոգեւոր մշակոյթ համարո՞ղն է, հայ ժողովուրդին հետ խաղաղութիւն հաստատել ցանկացողը… 

Ամիսներ առաջ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ին նուիրուած պետական փառատօնը՞: 

Ատրպէյճանի պետական «Ազերթաճ» լրատուական ծառայութիւնը վերջերս հաղորդեց «Արեւմտեան Ատրպէյճանը մեր պատմական հողն է» խորագիրը կրող միջոցառման մասին, որ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի համալսարաններէն մէկուն մէջ: 

Ատրպէյճանցի փրոֆեսէօրները, հոն հաւաքուած «խաղաղասէր» իրենց երիտասարդութեան բացատրած են, թէ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի աստիճանաբար «Հայաստան»ի վերածուիլը, վերջին երկու դարերու ընթացքին սրուած վերաբնակեցման, վարչական փոփոխոթիւններու եւ էթնիք զտումներու քաղաքականութեան արդիւնք է: Ինչպէս Ղարաբաղի, այնպէս ալ՝ Արեւմտեան Ատրպէյճանի մէջ ատրպէյճանցիներուն պատկանող պատմական ու կրօնական յուշարձաններ ոչնչացուած ու «վանտալիզմ»ի ենթարկուած են հայերու կողմէն․․․»։ 

Ա՞յս է մեր իշխանութեան ստորագրած ու պատերազմներէն յոգնած մեր ժողովուրդին խոստացած խաղաղութիւնը… 

Մեզի թելադրուած պահանջները մէկ առ մէկ լռիկ-մնջիկ կատարեցինք, կը կատարենք ու ահա՛ արդիւնքը, հապա եթէ իրօք «ռեւանշիստ» ըլլանք… 

Զաւակները պաշտպանող հայ խիզախ մայրը օրերո՜վ մեծարեցինք ու առասպելական ուժը գովեցինք անոր. քիչեր, շա՛տ քիչեր ամչնալու մասին խօսեցան: 

Հիմա պիտի չխօսիմ ես:

Բոլորին, բոլորիս տուած հարցումին պատասխանը անհամբեր պիտի սպասեմ. 

«Ձերբակալուած ատրպէյճանցի զինուորը ետ պիտի յանձնուի՞»: 

«Ռեւանշի՞զմ». 

«Կեցցէ՜ խաղաղութիւնը»:

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2026