ՌՈՒՊԻՈՅԻ ԵՒ ՊԱՅՐԱՄՈՎԻ ԶՐՈՅՑԸ
Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ կողմերը քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացն ու ԱՄՆ-Ատրպէյճան ռազմավարական գործընկերութիւնը:
Մարքօ Ռուպիօ եւ Ճէյհուն Պայրամով անդրադարձան՝ 8 օգոստոս 2025 թուականին, Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու գագաթաժողովէն յետոյ երկկողմանի ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման ուղղութեամբ արձանագ-րըւած յառաջընթացին։
Ճէյհուն Պայրամով Մարքօ Ռուպիոյին տեղեկացուց խաղաղութեան օրակարգի յառաջ մղման, վստահութեան ձեւաւորման եւ տարածաշրջանային կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած քայլերը։
Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ հարցերու շուրջ։