TEİAŞ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երէկ, Թուրքիոյ Ելեկտրահաղորդման ընկերութեան (TEİAŞ) ընդհանուր տնօրէն Մուսթաֆա Փուսթուի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այցելեց Երեւան, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի շրջանակներէն ներս Կարս-Կիւմրի ելեկտրահաղորդման գծի վերականգնման ու գործարկման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն։ Ընդգծուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան ելեկտրական ուժանիւթերու համակարգերու փոխկապակցման նշանակութիւնը՝ ինչպէս երկկողմանի, այնպէս ալ տարածաշրջանային համագործակցութեան համատեսքին մէջ։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ թրքական պատուիրակութեան հանդիպումը՝ Հայաստանի ելեկտրական ուժանիւթի համակարգի ընկերութեան եւ «Բարձրավոլթ ելեկտրացանցեր» ընկերութեան ղեկավար անձնակազմերուն հետ։
Ատրպէյճանի շարք մը զանգուածային լրատուութեան միջոցներ վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ դրած են զանազան պնդումներ, ըստ որոնց՝ Թուրքիա կը պատրաստուի սահմանը բանալու Հայաստանի հետ։ Աւելին, այդ պնդումներուն մէջ խնդիրը այնպէս մը կը մատուցուի, որ Թուրքիա եւ Հայաստան այս քայլով Ատրպէյճանի դէմ դաւադրութիւն մը կը պատրաստեն։ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործըթացը յառաջ կը տարուի՝ Պաքուի ակնյայտ վերապահութեան եւ խոչընդոտման ջանքերու պայմաններուն ներքեւ։