ՏԵՒԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի պատուիրակութիւնը: Վեհարան այցելած պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր հիմնարկի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Ֆէյժօ: Պատուիրակութեան կազմին մէջ էր նաեւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան:
Հայրապետական իր օրհնութիւնը փոխանցելով ներկաներուն՝ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի մարդասիրական առաքելութիւնն ու զանազան երկիրներէ ներս կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի զարգացման ուղղեալ օգտաշատ գործունէութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս կարեւորեց հիմնարկի՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայկական համայնքներու զօրացման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները:
Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ հիմնարկի երկարամեայ համագործակցութեան՝ յիշատակելով տակաւին 1954 թուականին Միածնաէջ Մայր Տաճարի վերանորոգման աշխատանքներուն ցուցաբերուած աջակցութիւնը, այնուհետեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վանատան կառուցումը, ինչպէս նաեւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի գործունէութեան բերուած նպաստը: Ան ապա անդրադարձաւ Մայր Տաճարի վերջին հիմնանորոգման ու վերաօծման, կարեւորեց հայոց Սրբութիւն Սրբոցի առաքելութիւնը՝ ի խնդիր ազգային ինքնութեան պահպանման, ազգի յարատեւութեան եւ համախմբման:
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը աղօթական իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց հիմնարկի ղեկավարութեան ու աշխատակիցներուն: Ան մաղթեց, որ նոյն ոգիով եւ նուիրումով շարունակուի իրագործումը մեծանուն հայորդի Գալուստ Կիւլպէնկեանի տեսիլքին՝ ի նպաստ սերունդներու կրթութեան, գիտական մտքի յառաջընթացի եւ մշակոյթի պահպանութեան: