ՊԷՏՔ ԷՐ ԸՍԷԻ

Երեքշաբթի օր մըն էր: Դպրոցի սովորական օր մը: 

Ութերորդ դասարանը, ինչպէս միշտ, դասի դադարներու ընթացքին կեանքով եռուն էր: 

Աշակերտները իրարու հետ կը զրուցեն, կը ծիծաղին, երբեմն երբեմն իրարու ետեւէ կը վազեն: Այդ վազվզուքներու ընթացքին, Մարալը նկատեց, որ իր դասընկերուհիին՝ Սարինին պայուսակը գետին ինկաւ: Սարին չէր նկատած: Մարալը մօտենալով վերցուց պայուսակը: Ընթացքին, առանց նկատելու ան կոխեց Սարինին մէկ գրիչին վրայ, որ պայուսակէն դուրս ելած էր: Գրիչը կոտրեցաւ: Մարալ անմիջապէս կոտրած գրիչը դրաւ Սարինի պայուսակին մէջ եւ դրաւ զայն Սարինին նստարանին վրայ: Սարինը նկատելով շնորհակալութիւն յայտնեց Մարալին: 

Երեկոյեան, Մարալ իր դասերը աւարտելէ ետք դուրս եկաւ պատշգամ: Մտազբաղ էր: Մեծ մայրիկը, որ պատշգամի մէկ անկիւնը նստած գիրք կը կարդար՝ նկատեց, թէ իր թոռնուհին հանգիստ չէր: Սկիզբը ձայն չհանեց: Սակայն, քիչ մը ժամանակ անցնելէ ետք, խօսեցաւ. 

-Մարա՛լ, թոռնուհիս, եկուր քովս: 

Մարալ, որ չէր նկատած իր մեծ մայրիկին ներկայութիւնը ցնցուեցաւ, վախցաւ… Յետոյ դառնալով դէպի իր մեծ մայրիկը դանդաղ քայլերով սկսաւ մօտենալ անոր: 

-Ինչպէ՞ս ես աղջիկս: 

-Լաւ եմ, մեծ մայրիկ: Չէի նկատած, որ դուն այստեղ ես: Դուն ինչպէ՞ս ես: 

-Լաւ եմ: Քանի դեռ եղանակը շատ չէ պաղած, առիթը չեմ ուզեր կորսնցնել պատշագամը գիրք կարդալու համար: Վաղը միւս օր եղանակը միայն պաղի, այլեւս այս վայելքը պիտի չկարենամ ունենալ: 

-Ի՞նչ գիրք կը կարդաս, մեծ մայրիկ: 

-Տարբեր պատումութիւններու հաւաքածոյ մըն է: Ճիշդ այս պահուն հետաքրքրական պատմութիւն մը կարդամ՝ «Խիղճին ձայնը» վերնագիրով: 

Մարալ դող մը զգաց: Դպրոցէն վերադառնալէ ի վեր բան մը կը ճնշէր զինք: Մեծ մայրիկին «Խիղճին ձայնը» ըսած բառերն ալ աւելի այդ ճնշումը զօրացուցին: Հասկցած էր, թէ զինք ճնշողը փաստօրէն իր խիղճն էր… 

-Ի՞նչ բանի մասին է պատմութիւնը, մեծ մայրիկ: 

-Քաղցրս, պատմութեան ընդհանուր բովանդակութիւնը գործած սխալին գիտակցիլն է ու փորձել զայն սրբագրելը: 

-Հետաքրքրական է, մեծ մայրիկ: 

-Այո՛, Մարալ։ Շա՜տ հետաքրքրական է։ Մենք ալ մեր կեանքին մէջ երբեմն սխալներ կը գործենք՝ գիտակցաբար կամ առանց գիտակցելու։ Կարեւորը այն է, որ երբ անդրադառնանք մեր սխալին, փորձենք զայն սրբագրել եւ ուղղել, որպէսզի հանգիստ խղճով շարունակենք մեր ընթացքը։

-Իսկ մեծ մայրիկ, եթէ չուզելով սխալ մը գործած ըլլանք, ի՞նչ պէտք է ընենք: 

-Զաւակս, նախ պէտք է ընդունինք, որ սխալած ենք, ապա՝ փորձենք զայն ուղղել։ Եթէ մեր սխալը ոեւէ մէկուն վնաս պատճառած է՝ նիւթական կամ բարոյական, պէտք է խօսինք անոր հետ, բացատրենք պատահածը եւ ներողութիւն խնդրենք։ Իսկ եթէ ան անմիջապէս չներէ, պէտք է համբերութեամբ սպասենք եւ դարձեալ փորձենք խօսիլ անոր հետ։ Կարեւորը այն է, որ մենք մեր սխալը գիտակցած եւ ուղղելու փորձ կատարած ըլլանք։ 

Մարալ ուշադրութեամբ կը հետեւէր մեծ մայրիկին խօսքերուն: Միաժամանակ, արդէն գրեթէ յստակացած էր իր միտքին մէջ, թէ վաղը ի՛նչ պիտի ընէ: Այդ մտածումով տարուած, գլուխը դրաւ մեծ մայրիկին ոտքերուն եւ պատմեց, թէ այդ առաւօտ ի՛նչ պատահած էր իր հետ դասարանէն ներս: 

Մեծ մայրիկը սկսաւ շոյել անոր գլուխը եւ հանգիստ ձայնով մը ըսաւ.

-Իսկ հիմա իմ քաղցրիկ թոռնուհիս գիտէ, թէ ի՛նչ պիտի ընէ: 

-Այո՛, մեծ մայրիկ, գիտեմ, եւ շնորհակալ եմ, որ այսքան ժամանակ տրամադրեցիր եւ գիրքի ընթերցումդ ընդհատելով խօսեցար ինծի հետ: 

Չորեքշաբթի առաւօտ Մարալ ըստ իր սովորութեան աշխոյժ էր եւ անհամբեր կը սպասէր, որ դպրոցի փոխադրակառքը գար, որպէսզի դպրոց երթար: 

Դպրոցն էր արդէն: 

Դասարան մտաւ, տակաւին Սարինը չէր եկած: Ան քաղաքի միւս կողմէն կու գար: Ի վերջոյ եկաւ: 

Մարալ անմիջապէս մօտեցաւ Սարինին բարեւեց եւ խնդրեց, որ պահ մը դուրս գան դասարանէն: 

Երբ դուրս եկան դասարանէն, Մարալ սկսաւ խօսիլ. 

-Սարի՛ն, երէկ կը յիշե՞ս պայուսակդ գետին ինկած էր: 

-Այո՛, եւ մէջի…

Մարալ չձգեց, որ ան շարունակէ իր խօսքը: 

-Եւ մէջի գրիչներէն մէկը կոտրած էր… 

-Այո՛, դուն ուրկէ՞ գիտես: 

-Սարի՛ն, երբ մօտեցայ, որպէսզի պայուսակդ վերցնեմ, գրիչը դուրս ինկած էր պայուսակէն եւ առանց նկատելու զայն՝ վրան կանգնած էի, որով կոտրուեցաւ: 

-Պարզ է, Մարա՛լ: 

-Ներողութիւն Սարին, քեզի չըսելու համար: Պահի տակ կարծեցի, որ կրնաս նեղուիլ, ատոր համար անմիջապէս կոտրած գրիչն ալ պայուսակիդ մէջ դրի ու քեզի բան չըսի: 

-Մարա՛լ, մենք ընկերուհիներ ենք, վաղը կամ միւս օր նոյնպիսի պարագայ մը ինծի կամ մէկ ուրիշ աշակերտի հետ ալ կրնայ պատահիլ: 

-Այսինքն չե՞ս նեղացած պատահածէն: 

Ո՛չ, Մարալ: Ընդհակառակը, շատ ուրախ եմ, որ անկեղծացար պատմեցիր պատահածը: 

Մարալ ուրախ եւ զուարթ տուն վերադարձաւ այդ օր: Երբ տուն մտաւ, անմիջապէս վազեց իր մեծ մօր մօտ եւ պատմեց եղելութիւնը ու գրկեց զայն: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2026