ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»ը՝ «Նարեկ»ը աշխարհաբար հայերէնի վերածող Միսաք Գօչունեան կ՚ըսէ. «Այն տան մէջ որ ՆԱՐԵԿ կը գտնուի եւ կը կարդացուի, այն տունը դրախտի կը վերածուի»։ «Նարեկ»ի արժէքը եւ կարեւորութիւնը կարելի չէ՛ ուրիշ խօսքերով բացատրել։ Արդարեւ, «ՆԱՐԵԿ»ը բանաստեղծութենէ մը աւելի՝ աղօթամատեան մըն է, եւ ինչպէս կ՚ըսուի, ան երկրորդ Աստուածաշունչ մըն է։ Եւ այս բոլորին կը միանայ նաեւ «Նարեկ» խօսքին բուժիչ հանգամանքը, եւ ինչպէս ինք՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացին կ՚ըսէ. «… ապրեցո՛ւր զիս, Գթա՛ծ. լսէ՛ ինծի, Ողորմած. մարդասիրէ՛, Ներող. խնայէ՛, Երկայնամիտ. պաշտպանէ՛, Ապաւէն. բարեբարէ՛, Հզօր. ազատէ՛, Ամենակալ. կենագործէ՛, Նորոգող. վերականգնէ՛, Ահաւոր. լուսաւորէ՛, Երկնային. բժշկէ՛, Հնարիմաց. քաւէ՛, Անքնին. պարգեւաւորէ՛, Առատաձիր. շնորհազարդէ՛, Անոխակալ. մաքրէ՛ պարտքերէ, Օրհնեալ». (ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ, Բան Բ)։
Այս կէտին պէ՛տք է մատնանշել, որ «Նարեկ»ը պէ՛տք է գտնուի տուներու մէջ, բայց նաեւ կարդացուի՛։ Ան պէտք չէ «զարդ» մը մնայ գրապահարաններու մէջ։ Ուստի, գիրը մեռած խօսք է՝ ան կարդալով կենդանի խօսք կ՚ըլլայ…
«Մատեան ողբերգութեան»ը, ինչպէս ի՛նքն իսկ կը թուի տիտղոսած ըլլայ զայն, Նարեկացիի վերջին գործն է. գրուած ըլլալով, ինչպէս կ՚երեւի Յիշատակարանէն, 1002-ին, երբ շուրջ 55 տարեկան էր, այսինքն մարդկային հասակի այն շրջանին մէջ՝ որ պայծառ զգացողութեան եւ լիալիր խորհուրդի տարիքն է։ 95 գլուխներէ (Բան) կը բաղկանայ «Նարեկ»ը. իսկ անոնց ստորաբաժանումներուն համագումարն է 366, որ կարծես խորհրդաւոր աղերս մը կը ցուցնէ տարիի օրերուն թիւին հետ։
Երբ Նարեկացի կը գրէր զայն իր միաբանակիցներուն խնդրանքովը, Նարեկայ վանքին մէջ, այդ մենաստանին առաջնորդն էր իր եղբայրը՝ Յովհաննէս, որուն կը թուի «գործակցութիւն» մըն ալ ընծայել իր երկրին պատրաստութեան տեսակէտով։
Երբ Աստուծո՛յ է որ կ՚ուղղուի իր խորհուրդը, եւ միշտ ա՛յս է իր հոգիին դրութիւնը, իր մէջ կը լռէ ուրիշ ամէն ձայն, որովհետեւ կը հաւատայ։ Հաւա՛տքն է իր «աստուածաբանութիւն»ը։ Այս բառը իրեն համար կը նշանակէ ո՛չ թէ «Աստուծոյ մասին խօսիլ, այլ ԽՕՍԻԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ»։ Հաւատքը, իր մէջ, սրտի խորութիւններէ ելած լո՛յսն է, որ կը դէմ յանդիմանէ զինք Գերագոյնին, անոր հետ կենդանի յարաբերութեան մէջ դնելով զինք։
Ս. Նարեկացիի ամբողջ գրականութիւնը. գլուխ գործոցը՝ «Մատեան ողբերգութեան»ը մանաւանդ պատկերն է «Աստուծոյ հետ խօսակցութեան» իր այդ կեցուածքին։ Անոր մէջ կը տեսնուի «աղօթք»ի պայմանադրական կապերէն դուրս նետուած հոգին, որ հայեցողութեան, այսինքն գերբնականին տեսակ մը անընդմիջական յայտնատեսութեան մէջ Աստուծոյ հետ մտերմական ծանօթութեան մը գաղտնիքը կը փնտռէ։ Եւ որքան աւելի կը հետամտի այդ խօսքին, այնքան աւելի՛ կը վերանայ հոգեռանդ սաւառնումներով, մինչեւ որ մտասքանչութեան վայրկեանի մը մէջ կը միանայ Անոր հետ սիրոյ միացումով՝ որ անհունապէս գերազանց է՝ քան իմացական միացումը։
Ի՛նչ որ ուրիշ խորհրդապաշտ հոգիներու, զոր օրինակ՝ «նմանութիւն Յիսուսի»ի մատենագրին մէջ յաճախուած երեւոյթ մըն է ատիկա. Նարեկացիին մէջ սակաւադէպ՝ եզական բան մըն է սակայն։ Անոր մէջ, հոգին, բուռն բայց կարճ փոթորկումէ մը ետքը կը գտնէ միշտ իր անդորրանքը, կատարելութեան իր իղձին յագուրդը ընդունելով կարծես։ Մերինին մէջ, անդադրում մրրիկն է, որ կը գոռայ միշտ, ճենճերող սրտի բոցավառումներու մէջէն։
Տեսարանը կը պարզուի հոն՝ իր տկարութիւններուն զգացումը իր իսկական դրութեան հզօր գիտակցութիւնը ունեցող հոգիին՝ որ անվերջ կոծկոծանքով եւ լացով կը խոյանայ դէպի իր երազին երանութիւնը։ Այս պատճառաւ, թերեւս աւելի՛ բնական, աւելի մարդկային, կարելի պիտի ըլլայ նոյնիսկ ըսել՝ «աւելի հայեցի» գիծ մը ունի իր այս միստիքականութիւնը՝ խորհրդապաշտութիւնը՝ ուր մեր ստեղծագործական ընդհանուր ծրագրին մշտագիշեր մռայլը կայ՝ չկորսուած, չուրացուած, չմերժուած յոյսին պայծառութեամբը փաղփուն…
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակը կորսուած չէ երբեք եւ քանի որ ան կը մնայ տակաւին ժողովուրդին սիրտը եւ հաւատքը եւ անոնց խորանին վրայ՝ «Մատեան ողբերգութեան»ը, իբրեւ իր «Սասանած միտքին ճենճերող եւ այրող իղձերուն պտուղը», Աստուծոյ վերծայուած յաւերժական պատարագ։ (Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանի 1926 թուականի թարգմանութիւն)։
«Նարեկ»ով կարելի է բժշկել ամէն հիւանդութիւն, քանի որ յուսահատութիւնը ամենէն ծանր եւ անբուժելի հիւանդութիւններէ աւելի՛ ծանր հիւանդութիւն մըն է։ Հաստատ եւ աներկբայ հաւատքով զօրացած յոյսը կը բժշկէ ամէն հիւանդութիւն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ