ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՄԵՔԵՆԱՆ

Մեր թուականէն 131 տարիներ առաջ՝ 1895 թուականին, Անգլիացի գրող Հ. Ճ. Ուելս (Herbert George Wells) կը հրատարակէ «Ժամանակի մեքենան» խորագրեալ աշխատութիւն մը, որուն մէջ կ՚երեւակայէ, թէ ինչպէս պիտի ըլլայ ապագայ մարդկութիւնն ու աշխարհը։ Հեղինակը ապագայ աշխարհը հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ. «Աշխարհը գեղեցիկ է, խաղաղ եւ առատ: Մարդիկ մեղմ են, նրբագեղ ու անհոգ: Չկայ աշխատանք, հիւանդութիւն, պատերազմ եւ աղքատութիւն»։ Իրականութեան մէջ, անգլիացի այս գրողը միակը չէ, որ այս կերպով կը մտածէ։ Քիչ չեն այն մտաւորականները, որոնք համոզուած են, որ աշխարհի վրայ պիտի ըլլայ այնպիսի ժամանակ՝ երբ բոլոր հիւանդութիւնները պիտի վերանան։ Իրականութեան մէջ, այս մէկը իրապաշտ չի թուիր, որովհետեւ մեր օրերուն շատ աւելի հիւանդութիւններ գոյութիւն ունին՝ քան անցեալին (հակառակ անոր, որ շատ մը հիւանդութիւններ, որոնք անցեալին մահացու էին, այժմ պարզ ու բնական հիւանդութեան ընթացք մըն են)։ Պատճառը գուցէ այն է, որ 1900-1930 թուականներուն բժշկութիւնը արձանագրեց կտրուկ եւ լուրջ աճ, որոնք նախկին սերունդներուն համար աներեւակայելի էին։ Տասնամեակներ շարունակ մարդկութիւնը տանջող որոշ հիւանդութիւններ գտան իրենց լուծումները եւ այս մէկը մարդկութեան մէջ յառաջացուց այն յոյսը, որ այսպէս տարուէ տարի բժշկութիւնը զարգանալով պիտի հասնի իր բարձունքին եւ աշխարհի երեսին հիւանդութիւններ գոյութիւն պիտի չունենան։ Սակայն, ապագան ցոյց տուաւ, որ իրականութիւնը այդպէս չէ. ի յայտ եկան նոր նոր հիւանդութիւններ (նոյնիսկ այն կասկածով, թէ անոնք կրնան մարդու կողմէ ստեղծուած ըլլալ): 

Վերոյիշեալ մտաւորականը, սակայն, աշխարհը այդպէս դրական ներկայացնելէ ետք կը շարունակէ. «Բայց այս դրախտը սուտ մըն է: Ծաղիկներուն ու ծիծաղին, փափուկ զգեստներուն ու արեւոտ պարտէզներուն տակ կան փտածութիւն եւ վախ: Ան աւերակ մըն է»։ Այլ խօսքով՝ հասարակութիւն մը, որ զարգացած ու կատարեալ կը թուի, իրականութեան մէջ հակառակն է. բացատրենք այսպէս. ժամանակի ընթացքին մարդ արարածը զարգացաւ եւ հասկցաւ կրթութեան եւ ուսման կարեւորութիւնը. սկսաւ ուսանիլ եւ իր համոզումով քաղաքակիրթ դառնալ։ Այս մէկը պէտք է ընդունիլ դրական զարգացում, սակայն, միւս կողմէ ընկերութիւնը հետեւեալ հարցին դէմ յանդիման գտնուեցաւ. անցեալին, գիւղի մէջ ապրող անուս մարդ ու կինը շատ աւելի համերաշխ կ՚ապրէին՝ քան քաղաքակիրթ ու զարգացած նոր մարդը։ Երեւութապէս նոր մարդը աւելի զարգացած ու ուսեալ է, սակայն, իրականութեան մէջ հին մարդէն շատ աւելի թերի ու մարդկային արժէքներուն հանդէպ շատ աւելի անտարբեր է։ Հետեւաբար, այստեղ ո՞ւր է զարգացումը. եթէ ուսումը, կրթութիւնը որպէս յառաջդիմութիւն պիտի ընդունի մարդ, ապա վերոյիշեալ երեւոյթները շատ աւելի դրական վիճակի մէջ պէտք է յայտնուէին՝ քան նախապէս: Հետեւաբար, արտաքինը տարբեր, սակայն ներքինը տարբեր է։ Հակասութիւնը մարդկային կեանքին անբաժան մէկ մասն է։ Այսօր մարդիկ շատ աւելի բարեկիրթ երեւոյթ ունին. նոր է անոնց հագուստները, խնամուած են անոնց արտաքինը։ Մտաւորականը կը հաւատայ, որ օրէ օր այդ բոլորը շատ աւելի լաւ վիճակ պիտի ստանայ. «Ես մարդկութիւնը տեսայ հոյակապ ապաստաններու մէջ բնակած, փառաւոր հագուած, առանց որեւէ աշխատանքի: Պայքարի ոչ մէկ նշան կար՝ ո՛չ ընկերային եւ ո՛չ տնտեսական»: Այս բոլորը ըսելով մտաւորականը կ՚ուզէ հաւատալ, որ մարդկութեան մէջ վերջ գտած է պայքարը եւ աշխարհի վրայ տեղ գտած բոլոր խնդիրները գրեթէ իրենց լուծումը ստացած են։ Սակայն, դարձեալ հակասութեան դիմաց կը դնէ ընթերցողը. աշխարհը խաղաղ է, մարդը հեռու է պայքարէն, սակայն, աշխարհը խաղաղ չէ. աւերուած է: Այս հակասութիւնը կ՚արտայայտէ հետեւեալ տողերով. «Աշխարհը գտայ աւերակային շքեղութեան մէջ - որովհետեւ իրապէս աւերակ էր»: 

Այս հակասութեան պատճառը հեղինակը կը տեսնէ հետեւեալին մէջ. ապագայ մարդկութիւնը կը դադարի ստեղծելէ եւ կը դառնայ միայն սպառող։ Կը սպառեն այն բոլորը, զոր ձգած է նախորդ սերունդները եւ հետեւաբար պայքարը ձգած, նորարարութիւնը ձգած կ՚ապրին մնացածին մէջ, ինչ որ ժամանակի ընթացքին աւերակ կը դառնայ: Այդ անտարբերութեան երեւոյթը այս տողերուն մէջ է. «Անոնք իրենց ամբողջ ժամանակը կ՚անցընէին մեղմ խաղերով, գետին մէջ լողալով, կիսախաղային ձեւով սիրով զբաղելով, պտուղ ուտելով եւ քնանալով»: 

Հետեւաբար կրնանք եզրակացնել, որ մտաւորականը իր «Ժամանակի մեքենան» աշխատութեան մէջ դէպի ապագայ իր մտային թռիչքները սկսած է դրական ակնկալութեամբ, սակայն, աւարտած է յուսահատութեամբ։ Ան կը սպասէր յառաջդիմութիւն տեսնել, սակայն, անոր անկումը կը տեսնէ։ այս մէկը շատ աւելի լաւ պիտի հասկնանք, եթէ աչքի դիմաց ունենաք դարամեայ արժէքներու կրած փոփոխութիւնները։ Եղբայրասիրութիւնը, ողորմութիւնը, հաւատքը, ազգասիրութիւնը եւ նման բազմաթի՜ւ արժէքներ, զարգացող աշխարհին մէջ չկրցան զարգանալ։ Մարդը ինքզինք զարգացած նկատեց, յառաջդիմեց, սակայն, արժէքները անոր մէջ նահանջեցին: Հետեւաբար այդ յառաջդիմութիւնը ինչքանո՞վ կարելի է իրապէս յառաջդիմութիւն նկատել՝ հարցական է:

•​շարունակելի… 

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Գեղեցիկ է ինքնին ամէն մտածում, որ մեկնակէտ մը ունի ու նպատակի մը կը ձգտի:

ԿԱՐՕ ՓՕԼԱՏԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2026