Չորեքշաբթի 7, Հոկտեմբեր 2026
ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աուն նախընթաց օր այցելեց Անթիլիասի մայրավանքը, ուր ընդունուեցաւ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին կողմէ։ Ժոզէֆ Աուն Նորին Սրբութեան այցելութեան փութացած էր՝ ցաւակցելու համար իր եղբօր՝ Աւետիս Քէշիշեանի մահուան առթիւ։ Հարկ է նշել, որ Կիլիկեան Աթոռի գահակալին եղբայրը՝ Աւետիս Քէշիշեան վերջերս մահկանացուն կնքած էր Նիւ Եորքի մէջ։
Նախագահ Աունի ցաւակցական այցելութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար Նորա Պայրաքտարեան, Կիլիկեան Աթոռի ազգային կեդրոնական վարչութեան քաղաքական ժողովի համաատենապետ Ստեփան Տէր-Պետրոսեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ արք. Փանոսեան եւ այլ պատասխանատուներ։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026