ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հերման Կիւրճեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ քահանայ Հերկելեան։ Թաղականները Գումգաբու փութացած էին՝ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ ստանալու համար Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին անոնք Նորին Ամենապատուութեան թարմ տեղեկութիւններ փոխանցեցին՝ թաղային խորհուրդի գործունէութեան շուրջ։ 

Ամենապատիւ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը թաղականներէն լսած տեղեկութիւններու լոյսին տակ ստեղծեց կարծիքի փոխանակումներու մթնոլորտ։ Հուսկ, ան օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները յղեց թաղականներուն:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026