ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓՐՈՖ. ԱԲՐԱՀԱՄ ՏԷՐԵԱՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց փրոֆ. Աբրահամ Տէրեանը։ Այս վերջինը, որ յայտնի գիտնական է, աստուածաբան, հայագէտ ու բանասէր, Իզմիրի մէջ միջազգային համագումարի մը մասնակցելու համար եկած է Թուրքիա։ Իզմիր մեկնելէ առաջ ան փափաքած է այցելել Իսթանպուլ, ուր կը հիւրընկալուի Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ 

Յայտնի մտաւորականին հետ զրուցելու ժամանակ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց անոր ներկայութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, գործունէութեան, առաքելութեան, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիէն ներս զբաղեցուցած դիրքին շուրջ։ Ան միեւնոյն ժամանակ անդրադարձաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ընդհանուր դրուածքին եւ այժմու կացութեան։ 

Իր կարգին, Աբրահամ Տէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար՝ արեւշատութեան եւ կարողութեան մաղթանքներ յղելով Ամեն. Ա. Պատրիարք Հօր։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026