ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Գումգաբուի ընտանիքի վարիչները։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ յարակից Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Սիրոյ սեղանին ընդառաջ, թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Ժանէթ Շիրինօղլու եւ տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր խմբագրատունս այցելեցին՝ ըստ ընկալեալ սովորութեան, լուսաբանելու համար համայնքային շրջանակները։
Գումգաբուի ընտանիքի վարիչները դիտել տուին, որ Պէզճեան Մայր վարժարանի առաքելութիւնն ու գործունէութիւնը կայուն հունի մէջ պահելու առաջադրութեամբ այս տարի եւս մեծ յոյսերով կը կազմակերպուի սիրոյ սեղան մը, որպէսզի տարեկան պիւտճէի բացը հաւասարակշռուի։ Անոնք նշեցին, որ Պէզճեան Մայր վարժարանէ ներս կրթադաստիարակչական գործունէութիւնը յառաջ կը տարուի ամենայն բծախնդրութեամբ։ Ուստի, Գումգաբուի ընտանիքը համայնքային շրջանակներուն զօրակցութեան կ՚ապաւինի՝ այս տարի եւս Պէզճեան Մայր վարժարանին ի նպաստ միջոցներ ապահովելու համար։
Բոլորին ծանօթ է, որ Գումգաբուի ընտանիքը մէկ կողմէ Պէզճեան Մայր վարժարանի դռները բաց պահելու համար պայքար կը մղէ, իսկ միւս կողմէ վարչական գետնի վրայ կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ։ Թաղային խորհուրդը վերջին շրջանին գերմարդկային ջանքեր գործադրած է, որպէսզի աւանդաբար «Papaz Evleri» կոչուած կալուածի պարագային ստեղծուած բարդ թնճուկը յաղթահարուի։ Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը այս ճանապարհին ամուր կամք կը դրսեւորէ, որպէսզի դատական իշխանութիւնները ի վերջոյ համոզուին, թէ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը իր որդեգրած ճանապարհին մէջ արդար է եւ ինքնավստահ։
Ուստի, Գումգաբուի սիրոյ սեղանը այս տարի ունի կրկնակի նշանակութիւն։ Մէկ կողմէ, անշուշտ, Պէզճեան Մայր վարժարանին ի նպաստ արտայայտել համայնքի զգայնութիւնը, իսկ միւս կողմէ դրսեւորել նաեւ ամուր զօրակցութիւն՝ թաղային խորհուրդին նկատմամբ, որ տարիներէ ի վեր յամառօրէն կուրծք կու տայ այս մեծ պայքարին:
Ուստի, շաբաթավերջի սիրոյ սեղանին ընդառաջ յաջողութիւն կը մաղթենք Գումգաբուի ընտանիքին։