Չորեքշաբթի 7, Հոկտեմբեր 2026
ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը վերջին օրերուն ժողով մը գումարեց՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւս ներկայ գտնուեցաւ նիստին, որու օրակարգային քննարկումներուն շուրջ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։
Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին յաջորդեց անակնկալ կարգադրութիւն մը։ Այսպէս, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) փոխ-տնօրէն Դաւիթ Սանըմեան պաշտօնէն հեռացուեցաւ։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով՝ այս անակնկալ կարգադրութիւնը առնչութիւն ունի՝ Սիւնիքի սահմանամերձ գիւղէն ներս պատահած վերջին դէպքով։ Ծանօթ է, որ Ատրպէյճանի բանակէն զինուոր մը ներթափանցած էր Հայաստանի սահմանէն եւ վիրաւորած՝ մայր մը եւ երկու զաւակները։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026