ՍԱՏԱՆԱՅԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ
Մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հետաքրքրական եւ այժմէական նիւթի մը նուիրուած յօդուած մը՝ սատանայապաշտութեան եւ անոր դրսեւորումներուն մասին։ Ժամանակակից աշխարհին մէջ այս երեւոյթը երբեմն կը ներկայացուի իբրեւ անհատական ազատութեան կամ այլընտրանքային համոզումներու արտայայտութիւն, սակայն, անոր ետին թաքնուած գաղափարները, ազդեցութիւնները եւ վտանգները արժանի են աւելի խորունկ ուսումնասիրութեան։
Յօդուածին հեղինակն է ղպտի եկեղեցւոյ ներկայ հոգեւորականներէն՝ Մովսէս եպիսկոպոսը, որ նոյն եկեղեցւոյ Երիտասարդական բաժանմունքին տեսուչ-տնօրէնն է։ Իր հոգեւոր ծառայութեան եւ երիտասարդներու հետ ունեցած անմիջական փորձառութեան լոյսին տակ, ան կը փորձէ պարզ եւ հասկանալի կերպով ներկայացնել, թէ ի՞նչ է սատանայապաշտութիւնը, ի՞նչ գաղափարներու վրայ կը հիմնուի եւ ինչպէ՞ս կրնայ ազդել մարդուն հոգեւոր ու բարոյական կեանքին վրայ։
Արդարեւ, մեր այսօրուան եւ եկող շաբթուան այս սիւնակով կը ներկայացնենք Մովսէս եպիսկոպոսի այս յօդուածը՝ արաբերէնէ թարգմանուած՝ յուսալով, որ ան ընթերցողներուն համար պիտի ըլլայ ո՛չ միայն հետաքրքրական ընթերցում մը, այլեւ առիթ մը՝ աւելի լաւ հասկնալու մեր օրերուն տարածում գտած այս երեւոյթը։
*
Ասիկա նոր մոլորութիւն մըն է, որու միջոցաւ սատանան կը փորձէ որսալ մեր զաւակները, զանոնք ճշմարիտ ճանապարհէն շեղել եւ իրենց հոգիներուն, անձերուն ու մարմիններուն համար կառուցուած ուղիէն հեռացնել՝ առաջնորդելով զանոնք դէպի կործանարար եւ վտանգաւոր ճանապարհ մը։ Իսկ ո՞վ է սատանան եւ ի՞նչ է այս մոլորութեան պատմութիւնը։
Ո՞Վ Է ՍԱՏԱՆԱՆ
Աստուած հրեշտակներն ու հրեշտակապետները ստեղծեց՝ մարդը ստեղծելէ առաջ եւ անոնց տուաւ ազատ կամք ու ընտրութեան հնարաւորութիւն։ Բոլոր հրեշտակապետներն ու անոնց հետեւող հրեշտակները ընտրեցին ապրիլ Աստուծոյ հնազանդութեան մէջ եւ անընդհատ կապ ունենալ Անոր հետ՝ վստահ ըլլալով, որ երջանկութիւնը, սրբութիւնը եւ անմահութիւնը Աստուծոյ ձեռքին մէջ են։ Բացի անոնցմէ մէկէն եւ իր հետեւորդներու խումբէն՝ սատանայէն, որ իր չար հպարտութեամբ ուզեց Բարձրեալին նմանիլ։ Այս մասին Եսայի մարգարէի գիրքին մէջ կը կարդանք. «Ինչպէ՞ս ինկար երկինքէն, ո՛վ առաւօտեան աստղ, լուսաւոր դուստր։ Ինչպէ՞ս գետին տապալեցար, ո՛վ ազգեր նուաճող։ Դուն քու սիրտիդ մէջ ըսիր. «Երկինք պիտի ելլեմ, Աստուծոյ աստղերէն վեր պիտի բարձրացնեմ իմ աթոռս, պիտի նմանիմ Բարձրեալին»։ Սակայն դուն դժոխք իջար, գուբին խորքերը» (Ես 14.12-15)։
Սատանան Սուրբ Գիրքին մէջ ունի բազմաթիւ անուններ. ինչպէս՝ Բելիար, հին օձ եւ այլ անուններ։ Ան է, որ Ադամն ու Եւան մոլորեցուց եւ անոնց անկման պատճառ դարձաւ։
Սուրբ Գիրքը սատանան կը կոչէ նաեւ «այն հոգին, որ այժմ կը ներգործէ անհնազանդութեան որդիներուն մէջ» (Եփ 2.2)։
Ուստի, Աստուած կը պատուիրէ մեզի. «Դիմադրեցէ՛ք սատանային, եւ անիկա պիտի փախչի ձեզմէ» (Յկ 4.7)։ Եւ դարձեալ. «Տեղ մի՛ տաք սատանային» (Եփ 4.27)։ Սուրբ Գիրքը նաեւ կը յորդորէ. «Հագէ՛ք Աստուծոյ ամբողջ սպառազինութիւնը» այսինքն՝ հոգեւոր զէնքերը՝ աղօթքը, Սուրբ Գիրքի ընթերցումը եւ Սուրբ Հաղորդութիւնը, որպէսզի կարենաք հաստատուն մնալ սատանային որոգայթներուն դէմ (Եփ 6.11)։
«Սատանայ» բառը ծագած է եբրայերէն «շատան» բառէն, որ կը նշանակէ «հակառակող» կամ «դիմադրող»։ Իսկ «Բելիար/սատանայ» իմաստով գործածուած «Դիաբոլոս» բառը, որ յունարէն է եւ կը նշանակէ «զրպարտիչ», այսինքն՝ ան, որ կը զրպարտէ, կ՚ամբաստանէ եւ հակառակութիւն կը սերմանէ։
1. Որո՞նք են սատանայապաշտները.
Անոնք մարդիկ են, որոնք չարաշահած են Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած ազատութիւնը, մերժած են զԱստուած եւ ենթարկուած են Աստուծոյ թշնամիին՝ սատանային, որ միաժամանակ նաեւ մարդուն թշնամին է եւ ամէն արդարութեան հակառակորդը։ Անոր միակ ցանկութիւնն է՝ մարդը մեղքի մէջ ձգել, որպէսզի ան կորսուի։ Ուստի, ան նման է «մռնչող առիւծի մը, որ կը շրջի մեր շուրջը՝ փնտռելով, թէ որո՛ւ կուլ տայ» (Ա. Պտ 5.8)։
Թէեւ Աստուած կրնայ զայն ոչնչացնել եւ բնաջնջել, սակայն թոյլ տուած է անոր գոյութիւնը, որպէսզի մարդուն տրուի իր ազատութիւնը գործադրելու հնարաւորութիւնը եւ ան ընտրութիւն կատարէ՝ Աստուծո՞յ հետ կեանք, թէ՞ սատանային ենթարկուիլ։
Այս մարդիկը, որոնք կը պաշտեն սատանան, իրենց անձերը կը մատնեն ամբողջական կործանման՝ իրենց գործադրած մեղքերուն պատճառով։ Սատանայապաշտները պարզապէս այն մարդիկն են, որոնք մերժած են հնազանդիլ մեր սիրող Աստուծոյն եւ պատկերացուցած են, թէ սատանան անարդարութեան ենթարկուած է։ Սակայն, անոնք կը մոռնան, որ սատանան հպարտացաւ Աստուծոյ դէմ, ապա մոլորեցուց մարդը՝ զայն մեղքի մէջ ձգելու համար։ Ան տակաւին կը մոլորեցնէ մարդիկը եւ զանոնք կը հրապուրէ մեղքերով ու յանցանքներով, զորս մարդը ամբողջութեամբ կը կործանեն։
Որովհետեւ մեղքը՝
ա. Կը կործանէ հոգին. այն տարրը, որուն միջոցաւ մենք Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ կը մտնենք եւ կը մտնենք երկնային ու անմահութեան աշխարհը։
բ. Կը կործանէ միտքը. քանի որ անոր աստուածային լոյսը կը մարի եւ բարիին թշնամիին՝ չարին խաւարը կը պատէ զայն։
գ. Կը կործանէ անձը. երբ բնազդները կ՚ըմբոստանան, զգացումներն ու ձգտումները կը շեղին իրենց ճշմարիտ ուղղութենէն եւ մարդու կեանքը կը լեցուի վատ սովորութիւններով։
դ. Կը կործանէ մարմինը. ան կը կորսնցնէ իր ուժն ու կենսունակութիւնը եւ կը դառնայ սարսափելի հիւանդութիւններու զոհ, ինչպէս՝ ԷՅԾ-ը, հերփէսը, քլամիտիան եւ այլ հիւանդութիւններ։
ե. Կը կործանէ յարաբերութիւնները. մոլորուած եւ անբարոյ ընթացք ունեցող մարդը բոլորին կողմէ մերժելի կը դառնայ եւ ո՛չ ոք կ՚ուզէ անոր հետ ընկերակցիլ կամ բարեկամութիւն ընել։
Իսկ Աստուծոյ զաւակները՝ իրենց հոգիները Աստուծմով կը յագեցնեն, իրենց միտքը՝ Անոր լոյսով կը լուսաւորուի, իրենց անձերը՝ Անոր շնորհքով կը կարգաւորուին, իրենց մարմինները՝ Անոր պատուիրաններուն հնազանդութեամբ առողջ կը պահուին, իսկ իրենց յարաբերութիւնները կը յաջողին՝ սիրոյ, սրբութեան եւ նուիրումի ոգիին միջոցով։
2. Սատանայապտութեան առանցքները.
Սատանայապաշտութիւնը դարեր առաջ հաստատուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Օրլիընզ քաղաքին մէջ, ապա տարածուած է Միացեալ Նահանգներու միւս նահանգներուն եւ ընդհանրապէս արեւմտեան երկիրներուն մէջ։ Յայտնի է, որ սատանան պաշտողները իրենց չար թագաւորութեան մէջ կը շարժին երեք հիմնական առանցքներու շուրջ.
1. Կրօնները մերժող ծէսեր
Ասոնք այնպիսի ծէսեր են, որոնք կ՚ըմբոստանան հաւատքին եւ կրօնական համոզումներուն դէմ, կը քաջալերեն մեղքը եւ կը փառաբանեն սատանան։ Ասիկա յստակ կը դառնայ անոնց երգերէն, որոնք երբեմն կը պարունակեն հիստերիկ ճիչեր՝ անհասկնալի բառերով։ Անոնք նաեւ կը քաջալերեն մեղքի մէջ ընկղմիլը։ Անոնց երգերէն մէկուն մէջ կ՚ըսուի. «Ես կը մտնեմ մեղքի մէջ… որովհետեւ կը սիրեմ գործադրել այն, ինչ որ կը քարոզեմ»։ Այլ երգի մը մէջ կ՚ըսուի. «Փառք քեզի՛, ո՛վ սատանայ… թոյլ տուր, որ հոգիս քու կողքդ հանգչի՝ գիտութեան ծառին տակ»։ Իսկ «սեւ պատարագ» կոչուած մէկ այլ ծէսի երգին մէջ կ՚ըսուի. «Ո՛վ սատանայ… մենք քեզ կը պաշտենք… դուն “ողջամիտ ըմբռնումի” աստուածն ես»։ Այլ երգի մը մէջ կ՚ըսուի. «Ո՛վ Տէր, քու ծառաներդ քեզի կը դիմեն. անոնք իրենց ծունկերուն վրայ խոնարհած՝ քեզմէ կը խնդրեն, որ զիրենք պահես այն ուրախութեան մէջ, որ կը ստանան իրենց գործած յանցագործութիւններով, որոնք օրէնքը չի բացայայտեր, եւ օգնե՛ս անոնց՝ իրենց չար գործերը կատարելու գաղտնի ու խորհրդաւոր ճանապարհներով»։
Գուշակութիւնը, թուղթ խաղալով ապագան գուշակելը, հոգիներ կանչելը, կախարդական գաւազանը եւ ընդհանրապէս կախարդութիւնը՝ այս բոլորը սատանայապաշտութեան շարունակութիւններն են եւ մենք պէտք է մերժենք զանոնք բոլորը։
2. Բարձրաձայն եւ աղմկոտ երաժշտութիւն
Այս երաժշտութիւնը կը դիմէ մարմինին, կը թմրեցնէ զգայարանները եւ վերջաւորութեան մարդը կը հասցնէ գրեթէ կիսագիտակից վիճակի մը՝ պատրաստելով զայն, ըստ այս տեսակէտին, սատանային ազդեցութեան ենթարկուելու։ Որովհետեւ երաժշտութիւնը, ինչպէս Արիստոտէլ կ՚ըսէ, «իշխանութիւն ունի անձնաւորութեան կազմաւորման վրայ»՝ իր ազդեցութեամբ մարդկային հոգիին վրայ։
«Muse» բառը կը նշանակէ խոր մտածումի մէջ ընկղմիլ։ Իսկ երբ բռնի երաժշտութեան ուժգին ելեւէջներուն պատճառով մարմինը կը ցնցուի, իսկ միտքը կը կլանուի անոր ազդեցութեամբ, բանականութիւնը կը մթագնի եւ մարդը կը դառնայ դիւրազգած ու դիւրահաղորդ։ Այս մէկը հաստատուած է ժամանակակից հոգեբանական եւ հոգեւոր ուսումնասիրութիւններով։
Յայտնի է, որ ռոք երաժշտութեան այն տեսակները, որոնք կը գործածուին սատանայապաշտաներուն կողմէ, իրենց ռիթմերը առած են ափրիկեան հեթանոս ցեղերէն, որոնք կը պաշտէին չար հոգիներ։ Իսկ այդ երաժշտութեան ուղեկցող բառերը լեցուն են մեր սիրող Աստուծոյ՝ բարիքներու Արարիչին եւ ողորմած Տիրոջ դէմ հայհոյանքով։ Օրինակ՝ երգերէն մէկուն մէջ կ՚ըսուի. «Փոքրերը պէտք չէ մտահոգուին, երբ ինծի հետ են։ Երեխանե՛ր, ձգեցէք Սուրբ Գիրքը եւ եկէք իմ շուրջս»։
Այս երաժշտութեան բռնութիւնը նաեւ երիտասարդները կրնայ առաջնորդել առօրեայ կեանքի բռնութեան, որ երբեմն կրնայ վերածուիլ նոյնիսկ անձնասպանութեան փափաքի։ Այդպիսի օրինակ է «Suicide Solution» երգը, որուն իմաստն է՝ «անձնասպանութիւնը լուծումն է»։
3. Կործանարար սեռային գործելակերպեր.
Այս գործելակերպերը երիտասարդները կը զրկէ իրենց սրբազան ուժէն, մանաւանդ երբ անոնք կը զուգորդուին թմրանիւթերու գործածութեան հետ։ Այդ ուժը պէտք էր պահուէր Սուրբ Ամուսնութեան համար, կամ վերածուէր կառուցողական ուղղութիւններու՝ գիտութեան, արուեստի, գրականութեան, մարզանքի, մշակոյթի եւ ծառայութեան։
«Sun» թերթը, 10 փետրուար 1984-ի իր թիւին մէջ, կը գրէ, թէ «London Pop»ի մրցանակներուն արժանացածներուն մէջ եղած են համասեռամոլներ, անբարոյ կեանք վարողներ եւ սեռափոխութեան ձգտող անձեր։
4. Արիւնալի գործելակերպեր.
Անոնց մէջ կը մտնեն կատուներու, իսկ երբեմն նաեւ մարդոց զոհաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ սեփական մարմինները արիւնով ներկելը։
Պատմականօրէն յայտնի է, որ 1970-ին բազմաթիւ ամերիկացիներ սարսափի մատնուեցան, երբ տեսան Մենսըն ընտանիքին մէջ դրսեւորուած սատանայական ազդեցութեան չափը եւ սեռի, թմրանիւթերու ու կախարդութեան սահմռկեցուցիչ խառնուրդը, որուն հետեւանքով եօթը անձեր սպաննուեցան՝ իբրեւ սատանային զոհեր։
Անդին, Գալիֆորնիոյ մէջ, սպաննուած են խաղողի այգիներուն մէջ աշխատող եօթանասուն երիտասարդներ՝ սատանային պաշտամունքին միանալէ ետք։
1972-ի մայիսին, Շիքակոյի մէջ, ըստ նոյն աղբիւրին, կարգ մը կիներ իրենց զաւակները սատանային զոհաբերած են։ Անոնք իրենց զոհերը ամբողջութեամբ կ՚այրէին՝ յանցագործութեան հետքերը վերացնելու համար։
•շար. 1
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ