ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Նիկիոյ ժողովին (325թ.) մասնակցող հոգեւոր հայրերէն մին է, որ նշանաւոր եղած է իր ժամանակին հոգեշահ քարոզութիւններով, հրաշագործութիւններով եւ ճգնաւորական խստաբեր վարքով։

Հետաքրքրական եւ շահեկան է Ս. Յակոբի աղօթքի մասին բացատրութիւնները եւ յանձնարարութիւնները՝ որոնք կը ներկայացնենք մեր սիրելի ընթերցող բարեկամներուն։

«Սրտի սրբութիւնը առաւել է բոլոր բարձրաձայն արտասանուող աղօթքներէն։ Եւ յստակ մտքին խառնուած լռութիւնը առաւել մէկու մը բարձրաձայն աղաղակէն։ Արդ, սիրելի՜. տո՛ւր ինձ քու սիրտդ եւ խորհուրդներդ եւ լսէ՛ դուն սուրբերու աղօթքներու զօրութիւնը։ Տե՛ս՝ ինչպէս Աստուծոյ առջեւ առաքինացան առաջին արդարները իրենց աղօթքներով եւ ինչպէս անոնք սրբութեան պատարագ եղան անոնց համար. նոյն աղօթքներով պատարագները ընդունելի եղան Աստուծոյ եւ դարձեալ՝ աղօթքներով Ան ցածցացուց՝ պակսեցուց հեղեղի ջուրը, բազմացուց ամուլներու ծնունդները, կործանեց բանակները, յայտնեց խորհուրդները, բաժանեց ծովերը, ճեղքեց Յորդանանը, կանգնեցուց արեգակը եւ լուսինը, կոտորեց պիղծերը, իջեցուց ջուրը, փակեց երկինքը, հանեց գուբէն, ազատեց հուրէն, փրկեց ծովէն, եւ աղօթքի զօրութիւնները շատ եւ աւելի են։

«Երբ կ՚աղօթես, սիրտդ ուղղէ վե՛ր եւ աչքերդ՝ վա՛ր. մտի՛ր քու ներսդ՝ քու ներքին մարդու մէջ, եւ ծածո՛ւկ աղօթէ քու Հօրդ, որ երկինքն է։ Եւ այս ամէնը, որ գրեցի քեզ աղօթքի ճառերու մասին, եթէ սուրբ ըլլան, ընդունելի կ՚ըլլան, եւ եթէ սուրբ չըլլան, ընդունելի չեն ըլլար։ Քանզի կան ոմանք մեր մէջ, որոնք կը շատցնեն աղօթքները, կ՚երկարեն հեծութիւնները, կը կորացնեն իրենց անձերը եւ կը տարածեն իրենց ձեռքերը, բայց աղօթքի գործերը հեռո՛ւ են անոնցմէ։ Կ՚աղօթեն մեր Տիրոջ, որ սորվեցուց իրենց. «Թո՛ղ մեր մեղքերը եւ մենք կը թողունք մեր պարտապանները». (ՄԱՏԹ. Զ 12)։

«Ինչպէ՞ս կ՚աղօթես. յիշէ՛, որ պատարագ կը մատուցանես Աստուծս առջեւ։ Մի՛ ամչցներ զայն (աղօթք մատուցանող հրեշտակը), որ կը մատուցանէ քու աղօթքներդ աղտեղուած պատարագով։ Դուն կ՚աղօթես, որ թողուի քեզ եւ կը խոստովանիս, որ դուն եւս կը թողուս, խորհէ՛ քու մտքիդ մէջ նախ՝ կը թողո՞ւս եւ մի՛ ստեր Աստուծոյ առջեւ ըսելով՝ կը թողում. բայց չես թողուր։ Միթէ մա՞րդ է քեզի համար Աստուած, որ կը ստես Անոր։ Եթէ մարդ իր ընկերոջ դէմ մեղք կը գործէ, Տիրոջմէ քաւութիւն կը խնդրէ. ապա եթէ Աստուծոյ դէմ մեղք գործէ, որմէ՞ քաւութիւն պիտի խնդրէ։

«Մի՛ դատապարտեր անձդ քու աղօթքներովդ։ Լսէ՛ դուն նորէն մեր Տիրոջ խօսքը.- Երբ կը մատուցանես քու պատարագդ եւ այնտեղ յիշես թէ քու եղբօր հանդէպ ոխ ունիս, թո՛ղ պատարագը սեղանին առջեւ գնա՛ հաշտուէ՛ քու եղբօրդ հետ եւ ապա մատուցանէ քու պատարագդ։ (ՄԱՏԹ. Ե 23-24)։ Որպէսզի աղօթքի ժամանակ չբարկացնես քու Տէրդ. քանզի աղօթած ատեն եթէ յիշես, թէ ոխ ունիս. ա՛յս իմացիր դուն քու մտքիդ մէջ, որ քու աղօթքներդ լքուած կ՚ըլլան սեղանին առջեւ, չի կամենար ան, որ քու աղօթքդ մատուցուի, վերցնէ եւ երկրէն վեր բարձրանայ։ Որովհետեւ կը քննէ քու պատարագդ՝ աղտեղի՞ է, թէ՝ ո՛չ։ Եթէ սուրբ է, կը հանէ, կը բարձրացնէ վեր՝ Աստուծոյ առջեւ։

«Ապա եթէ Ան քու աղօթքիդ մէջ կը գտնէ, որ կ՚ըսես.- Ներէ՛ ինձ եւ ես կը ներեմ։ Բարձրացնողի պատասխանը այսպէս կ՚ըլլայ աղօթողին.- Նախ ներէ՛ դուն քու պարտապանիդ, եւ ապա կը բարձրացնեմ ես աղօթքներդ քու Պարտատիրոջ առջեւ։ Քու աղքատութեանդ համեմատ թո՛ղ հարիւր դահեկան, եւ Տէրը քու պարտքէդ կը թողու հազար քանքար՝ ըստ Իր հարստութեան, եւ չի պահանջեր քեզմէ ո՛չ վաշխ եւ ո՛չ տոկոսի վարձք։ Եթէ դուն կը կամենաս եւ կը թողուս, ապա հրեշտակը կ՚առնէ քու պատարագդ եւ կը հանէ, կը բարձրացնէ իր հետ, բայց եթէ դուն չթողուս, այսպէս կ՚ըսէ քեզի.- Ես պղծուած, աղտեղուած պատարագը սուրբ Աթոռի առջեւ չեմ տանիր, բայց ահա կու գաս դուն այնտեղ՝ քու պարտքերուդ հաշիւը տալու, եւ քու պատարագը քեզի հետ պիտի բերես Եւ կը թողու քու պատարագդ եւ կ՚երթայ։

«Աղօթքները վայելուչ են, եթէ գործերը բարի են, ընդունելի են, եթէ խաղաղութիւն կան անոնց մէջ, լսելի են, եթէ թողութիւն կը գտնուին անոնց մէջ, սիրուած են, եթէ սուրբ են նենգութիւններէ, զօրաւոր են, եթէ անոնց մէջ կը կատարուին Աստուծոյ զօրութիւնները։

«Եւ այն, որ գրեցի քեզ, սիրելի՛, թէ աղօթքը Աստուծոյ կամքը կատարելն է, ինձ այսպէս կը թուի, թէ քեզի բարւոք կ՚ըլլայ։ Եւ ոչ թէ ըսի քեզ այս, որ ծուլանաս եւ հեռանաս աղօթքէն, այլ առաւել ցանկանաս աղօթել եւ չձանձրանալ, ինչպէս եւ ըսաւ Տէրը.- անձանձրո՛յթ աղօթեցէք. (ՂՈՒԿ. ԻԱ 36)։ Զուարթութեամբ յօժար եղի՛ր եւ հեռացուր քեզմէ քունը եւ ծանրութիւնը, տքնէ՛ առաւօտ եւ ցերեկ, մի՛ դանդաղիր եւ ես ցոյց կու տամ քեզի աղօթքի ժամանակը։

«Կան խնդրուածքներ, օրհնութիւններ եւ գոհութիւններ։ Խնդրուածները այս են՝ որ մէկը իր մեղքերու համար գթութիւն եւ ողորմութիւն կը խնդրէ։ Օրհնութիւնները եւ գոհութիւնները այս են՝ որ խնդրութեամբ կը գոհացուի երկնաւոր Հօրմէ եւ կ՚օրհնուի Ան Իր բոլոր գործերուն համար։ Խնդրուածներու աղօթքը մատուցանէ՛ քու նեղութեան վտանգի ժամանակ, իսկ երբ լեցուիս Անոր բարութեամբ, խոստովանութեամբ գոհութիւն յայտնէ քեզի տուողին, եւ այն ժամանակ, երբ միտքդ լեցուն է ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ, օրհնութիւն եւ փա՛ռք տուր, եւ քու բոլոր աղօթքներդ թող ընտրողաբար ըլլան Աստուծոյ առջեւ։

«Մեր Փրկիչը սորվեցուց շատ ծածուկ աղօթել. ահա՛ Ամենատեսը կ՚ըսէ.- Մտի՛ր քու սենեակդ եւ փակէ դուռները, ծածո՛ւկ աղօթէ քու Հօրդ։ (ՄԱՏԹ. Զ 6)։ Ցոյց տամ քեզի, թէ ինչպէս պէտք է հասկնալ վերը ըսուածը։ Կ՚ըսէ.- Հօր աղօթէ՛ փակ դուռներով։ Մեր Տիրոջ խօսքը ցոյց կու տայ հետեւեալը՝ ծածո՛ւկ աղօթէ քու սրտիդ մէջ եւ փակէ՛ սրտիդ դուռները։ Եւ ի՞նչ է դուռը, եթէ ոչ՝ քու բերանդ, քանզի մարմինը Տիրոջ տաճարն է, որուն մէջ կը բնակի Քրիստոս, ինչպէս առաքեալը կ՚ըսէ.- Դուք Աստուծոյ տաճար էք։ (Ա ԿՈՐՆԹ. Գ 16)։ Եւ քու ներքին մարդը, փակելով դուռները, որ քու բերանդ է, թող մտնէ այս տաճարը եւ սրբէ այն բոլոր պղծութիւնները։

«Եթէ աղօթքի ժամանակ կտրուիս ամէն ինչէ, լսելի կ՚ըլլաս եւ կ՚արժանանաս Տիրոջ զօրութեանը։

«Ուր երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած են Իմ անուան համար, այնտեղ Ես անոնց մէջ եմ։ (ՄԱՏԹ. ԺԸ 20)։ Ինչպէ՞ս կը հասկնաս այս խօսքը. ո՜վ սիրելի… Եթէ դուն մինակ ըլլաս, Քրիստոս քու մէջդ չ՚ըլլա՞ր, քանի որ ահաւասիկ գրուած է Քրիստոսին հաւատացողներու մասին, որ անոնց մէջ կը բնակի Քրիստոս… Իսկ ես ցոյց կու տամ քեզի, որ կայ տեղ, ուր փոխանակ երկուքի կամ երեքի, աւելի քան հազարներ ժողովուած են, սակայն Քրիստոս անոնց մէջ չէ։ Բայց կայ մարդ, որ մինակ է, եւ Քրիստոս անոր հետ է… Երբ Մովսէս կ՚աղօթէր լերան վրայ, մինակ եւ առանձին էր ան. միթէ լսելի չեղա՞ւ, այլ առաւել եւս լսելի եղաւ եւ մեղմեց իր Աստուծոյն բարկութիւնը։

«Եղիան նոյնպէս մինակ էր Կարմել լերան վրայ, սակայն անոր աղօթքները սքանչելի զօրութիւններ կատարեցին։ Անոր աղօթքով փակուեցաւ երկինքը եւ դարձեալ բացուեցաւ. իր աղօթքով ան փրկուեցաւ մահէն եւ ազատուեցաւ դժոխքէն. անոր աղօթքները Իսրայէլէն վերցուցին պղծութիւնը եւ երեք անգամ հուր՝ կրակ իջեցուցին երկինքէն՝ անգամ մը սեղանին վրայ եւ երկու անգամ՝ նախարարներու վրայ։ Եւ երբ կը հալածուէին անոնք, ծունր դրաւ եւ աղօթեց եւ արագ լսելի եղաւ։ Եւ չորս հարիւրը՝ որոնք բարձրաձայն կը կանչէին եւ կ՚աղաղակէին, լսելի չեղան, որովհետեւ կը կանչէին Բահաղի կուռքերը. իսկ Եղիան մինակ էր, առանձին եւ առաւել լսելի եղաւ։ Եւ Յովնանը, երբ կ՚աղօթէր ներքին դժոխքէն, Աստուած շուտափոյթ լսեց զայն, թէպէտ եւ մինակ էր»։

Սուրբ Յակոբ Մծբնացիի հոգեշահ խրատներուն միացնենք Տէր Յիսուսի խօսքերը. «Աստուծոյ վրայ հաւատք ունեցէք։ Վստահ եղէք, ով որ այս լերան ըսէ.- Ե՛լ եւ ծո՛վ ինկիր, եւ եթէ մտքին մէջ չտարակուսի, այլ հաւատայ թէ իր ըսածը պիտի ըլլայ, ի՛նչ որ ըսէ՝ պիտի կատարուի։ Այս պատճառով կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ի՛նչ որ աղօթքով խնդրէք, հաւատացէք որ պիտի ստանաք եւ ձեր խնդրածը պիտի տրուի ձեզի։ Եւ երբ կ՚աղօթէք, ներեցէք եթէ բան մը ունիք ուրիշին հետ, որպէսզի ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի ներէ ձեր յանցանքները». (ՄԱՐԿ. ԺԱ 22-25)։

Ուստի, կը հասկնանք, որ աղօթքի մը լսելի, ընդունելի եւ կատարելի ըլլալուն համար անհրաժե՛շտ է աներկբայ, անտարակոյս եւ հաստատ հաւատքը եւ նաեւ ներողամտութիւնը՝ մաքուր սրտի եւ խղճի մը համար… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026