ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

Երէկ երեկոյեան, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որ կը կրէր ընտանեկան բնոյթ: Այս ճաշասեղանը կազմակերպուած էր՝ ի պատիւ Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեանի եւ Տ. Կորիւն աւ. քահանայ Ֆէնէրճեանի: Ծանօթ է, որ անոնցմէ առաջինը եկեղեցւոյ այժմ արդէն նախկին հովիւն է, իսկ երկրորդը՝ նոր հովիւը: Ընթրիքի սեղանը կազմակերպուած էր Գումգաբուի Դրսի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուի: Տ. Կորիւն աւ. քահանայ Ֆէնէրճեանի ծննդեան տարեդարձին զուգադիպած հաւաքոյթին ընթացքին ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ: Բոլոր ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին՝ Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեանի կողմէ՝ որպէս հոգեւոր հովիւ ծաւալուած գործունէութեան համար: Միեւնոյն ժամանակ, բոլորը ողջունեցին եկեղեցւոյ նոր հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Կորիւն աւ. քահանայ Ֆէնէրճեանը: 

Երկու հոգեւոր հայրերն ալ ճաշասեղանին շուրջ արտայայտեցին իրենց ջերմ զգացումները՝ ընդգծելով, որ միշտ ամենայն եռանդով կը սպասարկեն Քրիստոսի եկեղեցւոյ, ուր որ ալ ըլլայ այդ մէկը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2026