ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ՊԱՅՔԱՐ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ նախաձեռնուած հակասահմանադրական քայլերուն շուրջ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ այս խորհրդակցութիւնը, վեհարանէն ներս, ուր համախմբուեցան խումբ մը հեղինակաւոր իրաւաբաններ, իրաւապաշտպաններ եւ սահմանադրագէտներ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ հաւաքոյթի ընթացքին քննարկուեցան եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն մէջ առկայ հիմնախնդիրները։ Մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան Հայաստանի Ազգային ժողովի՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վերաբերեալ նախաձեռնութիւնները։

Վեհափառ Հայրապետը խորհրդակցութեան սկիզբին իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց հանդիպման մասնակիցներուն՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ ցուցաբերուած նախանձախնդրութեան համար։ Ան կարեւորեց անոնց մասնագիտական աջակցութիւնը՝ եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած խնդիրներու յաղթահարման իրաւական ուղիներու նախանշման առումով։

Իրաւաբան փրոֆ. Գէորգ Դանիէլեան եւ փաստաբան Արա Զօհրապեան անդրադարձան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վերաբերեալ նախաձեռնութիւններուն՝ վարչապետի յանձնարարութեամբ եկեղեցւոյ վերաբերեալ պատրաստուած զեկոյցին եւ խորհրդարանէ ներս այս կապակցութեամբ ձեւաւորուած քննիչ յանձնաժողովին։ Անոնք ներկայացուցին նաեւ տեղեկութիւններ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներուն առընչուած քրէական վարոյթներու ընթացքին, ցարդ արձակուած դատավճիռներուն եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն վերաբերեալ։

Խորհրդակցութեան մասնակիցները դատապարտեցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վերաբերեալ խորհրդարանի քննիչ յանձնաժողովի ստեղծումը՝ այդ մէկը գնահատելով որպէս բացայայտ հակասահմանադրական եւ եկեղեցւոյ ներքին կեանքին ու ինքնավարութեան միջամտելու փորձ։

Ընդգծուեցաւ, որ եկեղեցւոյ ղեկավարութեան, ներքին կառավարման եւ կանոնական կեանքի հարցերը խորհրդարանի իրաւասութեան մէջ չեն եւ խորհրդարանական վերահսկողութեան առարկայ չեն կրնար ըլլալ։ Նշուեցաւ նաեւ, որ խորհրդարանական վերահսկողութիւն սահմանելու փորձերը կը հակասեն եկեղեցւոյ՝ պետութենէն անջատ ըլլալու եւ կրօնական կազմակերպութիւններու ինքնավարութեան սահմանադրական սկզբունքին, ինչպէս նաեւ կրօնական ազատութեան պաշտպանութեան միջազգային չափանիշներուն։

Առաջարկներ ներկայացուեցան՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու իրաւունքներու պաշտպանութեան պետական ներքին ու միջազգային իրաւական միջոցներու կիրառման, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ բնականոն գործունէութիւնն ու հոգեւոր ծառայութիւնը խաթարող խոչընդոտներու յաղթահարման վերաբերեալ։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը վստահեցուց, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մշտապէս գործած է եւ կը գործէ օրէնքի սահմաններու մէջ, իսկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պահանջն է իրաւունքի եւ օրէնքի գերակայութեան ապահովումն ու եկեղեցւոյ սահմանադրական ինքնավարութեան նկատմամբ յարգանքը։ Ան կարեւորեց ներկայացուած մասնագիտական գնահատականներն ու առաջարկները՝ առկայ խնդիրներու հանգուցալուծման համար եւ հայցեց Տիրոջ զօրակցութիւնը արդարութեան եւ ճշմարտութեան պաշտպանութեան ուղղեալ իրաւաբաններու գործունէութեան։

Խորհրդակցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն, վանօրէից տեսուչ Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեան, Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ արք. Աջապահեան, դիւանապետ Տ. Արշակ արք. Խաչատրեան, վարչատնտեսական բաժնի վարիչ Տ. Մուշեղ եպսկ. Պապայեան եւ այլ հոգեւորականներ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2026