ԿԱՍԻԱՅԻ ԱՆՈՒՇԱԲՈՅՐԸ՝ ԱՆՀԱՆԳԻՍՏ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ
Հոկտեմբերի 4-ին աշխարհի զանազան անկիւններուն կրկին տարածուեցաւ կասիայի անուշաբոյրը։
Շուէտի մէջ այդ օրը վաղուց վերածուած է սիրուած աւանդութեան մը, երբ սրճարաններուն, փուռերուն եւ տուներուն մէջ մարդիկ կը պատրաստեն աւանդական կասիայով հացը՝ «քանելպուլլէ»ն (kanelbulle), եւ օրուան սովորական ընթացքը որոշ ժամանակով կը փոխարինուի տաք սուրճի, թարմ թխուած անուշեղէնի եւ ընկերակցութեան աւելի դանդաղ ու հաճելի մթնոլորտով։
Առաջին հայեացքով այս մէկը կրնայ թուիլ պարզ ու հաճելի տօն մը, որ կապ ունի միայն կասիայով պատրաստուած քաղցր հացի մը հետ, սակայն, այդ հացի պատմութեան մէջ իրականութեան մէջ շատ աւելի խոր շերտեր կան։ Անոր շուրջ հիւսուած պատմութիւնը մեզ կը տանի պատերազմներու եւ խաղաղութեան, տնտեսական զրկանքներու եւ բարօրութեան, հեռաւոր երկիրներէ հասած համեմունքներու, ընտանեկան յիշողութիւններու եւ, վերջաւորութեան, այն պարզ մարդկային կարիքին, որ մարդը միշտ ունեցած է՝ իր շուրջը փոքրիկ ապահով եւ ջերմ աշխարհ մը ստեղծելու ցանկութեամբ։
Թերեւս այս պատճառով է, որ կասիայով հացին նուիրուած օրը այնքան սիրուած է Շուէտի մէջ, ապա շուէտական մշակոյթի միջոցով տարածուած աշխարհի մէջ։
Երբ աշնանային ցուրտը կը սկսի զգալի դառնալ, օրերը կը կարճանան եւ մարդիկ աւելի շատ կը փնտռեն տան ջերմութիւնը, կասիայի ու թարմ խմորեղէնի բոյրը կը միանայ սուրճի գոլորշիին եւ կը ստեղծէ այնպիսի մթնոլորտ մը, որուն մէջ մարդը կարծես պահ մը կը հեռանայ առօրեայի արագութենէն։ Սեղանին շուրջ նստած մարդիկ կրնան զրուցել, ծիծաղիլ կամ նոյնիսկ լուռ մնալ, բայց այդ պահուն կարեւորը այն է, որ անոնք միասին են եւ օրուան անվերջ վազքէն որոշ ժամանակով դուրս եկած են։
Այս երեւոյթը յատկապէս հետաքրքրական կը դառնայ մեր օրերուն, երբ մարդը գրեթէ անընդհատ կը գտնուի տեղեկութիւններու, լուրերու, աշխատանքի, տնտեսական անստուգութեան եւ աշխարհի տարբեր անկիւններէ եկող անհանգստացնող պատկերներու ազդեցութեան տակ։ Այդ պայմաններուն մէջ տաք խմիչքի մը եւ նոր թխուած կասիահացի մը շուրջ նստիլը կրնայ թուիլ աննշան մանրամասնութիւն մը, սակայն, երբեմն այդպիսի մանրամասնութիւններն են, որոնք մարդուն կը յիշեցնեն, թէ կեանքը միայն մեծ խնդիրներու եւ ծանր լուրերու ամբողջութիւն մը չէ։
ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԵՒ ՉՈՒՆԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԷՆ ԴԷՊԻ
ՔԱՂՑՐ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ
Շուէտական աւանդական կասիահացը այսօր երկրի խոհարարական մշակոյթի ամենաճանաչելի խորհրդանիշներէն մէկն է։ Անոր պատրաստութեան մէջ սովորաբար կը գործածուին կարագ, շաքար եւ կասիան, իսկ խմորին մէջ հիլը կարեւոր տեղ ունի։ Վրան յաճախ կը ցանուի շաքար, որ փոքրիկ փայլուն հատիկներով կու տայ անոր ծանօթ տեսքը եւ թեթեւ ճռճռան հպումը։
Այսօր այս բաղադրիչները մեզի համար սովորական կրնան թուիլ, սակայն, քսաներորդ դարու առաջին տասնամեակներուն անոնց հասանելիութիւնը այսքան պարզ չէր։ Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն եւ անկէ ետք սննդամթերքի անբաւարարութիւնը եւ սահմանափակումները ազդեցութիւն ունեցան նաեւ շուէտական խոհանոցին վրայ, իսկ կարագը, շաքարը եւ ներմուծուող համեմունքները միշտ չէ, որ այնպիսի մատչելիութիւն ունէին, ինչպիսին ունին այսօր։
Պատերազմէն ետք, երբ տնտեսական պայմանները աստիճանաբար բարելաւուեցան եւ որոշ բաղադրիչներ դարձան աւելի հասանելի, տան խոհանոցներուն մէջ սկսան վերադառնալ այնպիսի քաղցրեղէններ, որոնք նախապէս կրնային շքեղութիւն համարուիլ։ 1920-ականներուն կասիայով այսպիսի խմորեղէններ աւելի լայն տարածում գտան, իսկ յետագայ տասնամեակներուն, մանաւանդ 1950-ականներուն տնտեսական վերելքին զուգահեռ, կասիահացը դարձաւ շուէտական կենցաղին մէջ ամուր տեղ գտած քաղցրեղէն մը։
Այս իմաստով կասիահացին կարելի է նայիլ նաեւ իբրեւ խաղաղութեան փոքրիկ խորհրդանիշի մը, որովհետեւ երբ մարդը կրկին կը կարողանայ իր սեղանին վրայ դնել կարագ, շաքար եւ համեմունքներով պատրաստուած քաղցր հաց մը, ան որոշ չափով կը զգայ, որ կեանքը կը վերադառնայ իր բնական ընթացքին։
ՀԻԼԸ ԵՒ ԿԱՍԻԱՆ՝ ՀԵՌԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀՆԵՐԷՆ ՀԻՒՍԻՍԵԱՆ ՏՈՒՆԵՐ
Կասիահացի պատմութիւնը միայն Շուէտի պատմութիւնը չէ, որովհետեւ անոր ամենակարեւոր բաղադրիչներէն մէկը՝ հիլը, իր պատմական ծագումով եւ տարածումով կապուած է Հիւսիսային Եւրոպայէն հեռու աշխարհներու հետ։ Համեմունքներու միջազգային առեւտուրը դարեր շարունակ հեռաւոր երկիրներ իրարու կապած է, նաեւ այնպիսի բոյրեր, որոնք այսօր մեզի համար տեղական խոհանոցի բնական մէկ մասը կը թուին, ժամանակին երկար ճամբայ անցած են՝ նաւերով, վաճառականներու կարաւաններով եւ միջազգային շուկաներով։
Հիլը ժամանակի ընթացքին տեղ գտաւ սկանտինաւեան խոհանոցին մէջ եւ յատկապէս շուէտական քաղցրեղէններուն մէջ ստացաւ իւրայատուկ դեր մը։ Կասիայի քաղցր եւ հրաւիրող բոյրի կողքին հիլի թեթեւակի սուր եւ թարմ բոյրը կը ստեղծէ այն հակակշիռը, որ շուէտական կասիահացին կու տայ իր առանձնայատուկ համը։
Այս պատմութիւնը ինքնին հետաքրքրական մշակութային ճանապարհորդութիւն մըն է։ Այսպիսի օրինակները մեզի կը յիշեցնեն, թէ խոհանոցները իրականութեան մէջ որքան քիչ սահմաններ ունին եւ ինչպէս տարբեր ժողովուրդներու պատմութիւնները կրնան միանալ պարզ ուտեստի մը մէջ։
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 4-ԻՆ՝ ՍԵՂԱՆԻ ՇՈՒՐՋ ՀԱՒԱՔՈՒԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
Կասիահացի օրը պաշտօնապէս հաստատուեցաւ 1999 թուականին՝ տան թխուածքներու աւանդութիւնը խրախուսելու եւ մարդիկը միասին թխելու ու այդ հաճոյքը կիսելու մղելու նպատակով։ Հոկտեմբերի 4-ի ընտրութիւնը եւս տրամաբանական կապ մը ունի աշնանային եղանակին հետ, որովհետեւ այդ ժամանակ Շուէտի մէջ օդը արդէն կը ցրտէ, օրերը կը կարճնան եւ տան ջերմութիւնը կը ստանայ աւելի մեծ նշանակութիւն։
Այդ օրը կասիահացի սպառումը կը հասնի միլիոնաւոր հատերու, այդ թիւը միայն սննդային սպառումի մը մասին չի խօսիր։ Ան նաեւ կը ցուցնէ, թէ որքան խոր կերպով այս պարզ խմորեղէնը մտաւ շուէտական ընկերային կեանքէն ներս։ Մարդիկ կասիահաց կը գնեն, կը թխեն, կու տան իրենց աշխատակիցներուն, ընկերներուն եւ ընտանիքի անդամներուն, իսկ շատերու համար այդ օրը առիթ կը դառնայ հանդիպելու եւ միասին ժամանակ անցընելու։
Կասիայով պատրաստուած խմորեղէնները տարբեր երկիրներու մէջ տարբեր կերպարներ ստացած են. շուէտական «քանելպուլլէ»ի ու ամերիկեան «սինըմըն ռոլ»ի համեմատութիւնը այդ տարբերութիւնը շատ յստակ ցոյց կու տայ։
Շուէտական տարբերակը սովորաբար աւելի փոքր է, չափաւոր քաղցրութիւն ունի եւ հիլի արտայայտուած բոյրը անոր կու տայ յատուկ համային նկարագիր։ Վրան դրուած մարգարտաշաքարը եւս անոր կու տայ այն պարզ ու զուսպ տեսքը, որ կը համապատասխանէ շուէտական խոհանոցին ընդհանրապէս վերագրուող չափաւորութեան գաղափարին։
Ամերիկեան «սինըմըն ռոլ»ը, ընդհակառակը, սովորաբար աւելի մեծ, աւելի հարուստ եւ շատ աւելի քաղցր է։ Անոր վրայ կրնայ դրուիլ շաքարային կամ սերուցքապանրային ծածկոյթ, եւ ամբողջ խմորեղէնը յաճախ կը ներկայացուի իբրեւ առատ եւ շքեղ քաղցրեղէն։
Այս երկու տարբերակները նոյն հիմնական գաղափարի երկու մշակութային մեկնաբանութիւններն են։ Մէկուն մէջ շեշտը կը դրուի չափաւորութեան եւ ընկերակցութեան վրայ, իսկ միւսին մէջ՝ առատութեան եւ ուժեղ համային տպաւորութեան։ Երկուքն ալ, սակայն, նոյն կերպով կ՚օգտագործեն կասիայի բոյրը՝ մարդուն մէջ ջերմութեան եւ հաճոյքի զգացում ստեղծելու համար։
Ամերիկեան այս մշակոյթին մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի «Սինապոն» (Cinnabon) ընկերութիւնը, որ իր առաջին խանութը բացաւ 1985-ին՝ Ուաշինկթընի նահանգի Սիեթըլի շրջանին մէջ։ Այստեղ կասիահացը արդէն կը հեռանայ պարզ խմորեղէնի իր սովորական սահմաններէն. կասիայի ուժեղ եւ ճանաչելի բոյրը դարձած է ապրանքանիշի փորձառութեան կարեւորագոյն մասը։ Մարդիկ երբեմն նախ կը զգան թարմ թխուած կասիահացի բոյրը, ապա կը նկատեն խանութը եւ միայն անկէ ետք կ՚որոշեն ներս մտնել։ Այս իմաստով հոտը կը գործէ շատ աւելի առաջ, քան տեսանելի գովազդը, որովհետեւ ան ուղղակիօրէն կը դպչի յիշողութեան եւ զգացումներու աշխարհին։
Կասիայի բոյրը կրնայ մարդուն մէջ արթնցնել մանկութեան տան մը, տօնական օրուան մը, ընտանեկան սեղանի մը կամ պարզապէս հանգիստ եւ ապահով պահի մը յիշողութիւնը։ Շուկայավարութիւնը այստեղ կը փորձէ վաճառել ո՛չ միայն ապրանքը, այլ նաեւ այն զգացումը, որ ապրանքին բոյրը կը յիշեցնէ։
«ՔՈԶԻ»Ն՝ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԱՐԴՈՒ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԱՊԱՍՏԱՆԸ
Վերջին տարիներուն «քոզի» (cozy) բառը տարածուեցաւ աշխարհի շատ մը երկիրներուն մէջ եւ սկսաւ գործածուիլ տան ջերմութեան, հանգիստի եւ փոքրիկ հաճոյքներու հետ կապուած ապրելակերպը նկարագրելու համար։ Սակայն այն գաղափարը, որուն շուրջ այս բառը կը կառուցուի, իրականութեան մէջ նոր չէ։ Մարդը հին ժամանակներէ ի վեր փորձած է իր բնակավայրին մէջ ստեղծել պաշտպանուած տարածք մը, ուր արտաքին աշխարհի վտանգներէն որոշ ժամանակով հեռու կրնայ զգալ ինքզինք։
Շուէտական մշակոյթին մէջ այս գաղափարի կողքին կը գտնենք քանի մը այլ հասկացութիւններ եւս։ «Ֆիքա»ն (fika) սովորաբար կը նկարագրուի իբրեւ սուրճի եւ քաղցրեղէնի շուրջ գիտակցուած դադար մը, սակայն, իրականութեան մէջ շատ աւելի խոր ընկերային նշանակութիւն ունի, որովհետեւ այդ դադարը մարդոց կը տրամադրէ հանդիպելու, զրուցելու եւ առանց շտապելու միասին ժամանակ անցընելու առիթ։
«Մայս»ը (mys) կը կապուի տան ջերմութեան, մտերմութեան եւ հանգիստ միջավայրի մը մէջ սիրելիներու հետ ժամանակ անցընելու գաղափարին հետ, մինչդեռ «լակոմ»ը (lagom)ը կը շեշտէ չափաւորութիւնը՝ այն գաղափարը, թէ լաւ կեանքը անպայման շատ ունենալու մէջ չէ, այլ՝ ճիշդ այնքան ունենալու, որքան իսկապէս պէտք է։
Դանիական մշակոյթին մէջ նման տրամադրութիւն մը կը կապուի «հիւկէ»ի (hygge) հետ, որուն մէջ կարեւոր տեղ ունին մեղմ լոյսը, մոմերը, տաք ծածկոցները, փափուկ բարձերը, պարզ ուտելիքը, մտերիմներու ընկերակցութիւնը։
Այս հասկացութիւնները տարբեր անուններ ունին, տարբեր երկիրներու մէջ ձեւաւորուած են եւ տարբեր մշակութային երանգներ կը կրեն, սակայն, անոնց խորքին մէջ նոյն մարդկային կարիքը կարելի է տեսնել։ Մարդը կ՚ուզէ ունենալ այնպիսի տարածք մը, ուր ինք կրնայ որոշ ժամանակով դադրիլ պայքարելէ, դադրիլ շտապելէ եւ պարզապէս զգալ, որ ապահով է։
Ժամանակակից կեանքը մարդուն գրեթէ մշտական արագութեան մէջ կը պահէ։ Աշխարհի տարբեր անկիւններէ եկող անհանգստացնող լուրերը մարդուն համար ստեղծած են այնպիսի միջավայր մը, ուր ան հազիւ թէ ժամանակ կ՚ունենայ իսկապէս անջատուելու։
Շատեր առաւօտը կը սկսին լուրեր կարդալով եւ օրը կը վերջացնեն հեռաձայնի մը էքրանին նայելով։ Նոյնիսկ երբ մարմինը տան մէջ է, միտքը կրնայ մնալ աշխատանքի, պատերազմի, տնտեսական խնդիրներու կամ վաղուան անորոշութեան մէջ։
Այս պայմաններուն մէջ «քոզի»ն կրնայ դառնալ հոգեբանական ապաստան մը, ուր մարդը կը փորձէ արտաքին աշխարհի աղմուկէն ստեղծել փոքրիկ ներքին դադար մը։ Տաք խմիչքը ինքնին խնդիրները չի լուծեր, իսկ գունաւոր ու անուշաբոյր մոմը չի կրնար փոխել աշխարհի ընթացքը, սակայն, նման փոքրիկ ծէսերը մարդուն կը տրամադրեն այն զգացումը, թէ գոնէ իր կեանքի փոքրիկ մէկ անկիւնը ինք տակաւին կրնայ վերահսկել եւ կազմակերպել։ Այս իմաստով «քոզի»ն երբեմն կարելի է հասկնալ ո՛չ թէ իբրեւ փախուստ իրականութենէն, այլ՝ իրականութեան դիմանալու միջոց մը։
«ՔՈԶԻ»Ն ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ԱՆՀԱՆԳԻՍՏ ԱՇԽԱՐՀԻՆ
Սակայն այստեղ կը ծագի շատ աւելի ծանր հարցում մը։ Ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ տաք սուրճի, կասիահացի, մոմերու եւ փափուկ ծածկոցներու մասին, երբ աշխարհի այլ անկիւններուն մէջ մարդիկ նոյնիսկ ամենէն տարրական ապահովութիւնը չունին։
Մէկ կողմը աշխարհի այն հասարակութիւններն են, ուր մարդիկ կրնան մտածել իրենց տան մթնոլորտը աւելի հանգիստ դարձնելու մասին, սուրճի տարբեր տեսակներ փորձել կամ աշնանային երեկոյի համար նոր զարդարանքներ եւ բոյրեր գնել։ Միւս կողմը կան այն մարդիկ, որոնց համար տունը ապահով մնալը, գիշերը առանց պայթումներու քնանալը, մաքուր հագուստ մը կամ պարզ հացի մը կտորը տակաւին չլուծուած խնդիրներ են։ Այս հակադրութիւնը շատ խորունկ է եւ երբեմն նոյնիսկ անյարմար զգացում կը ստեղծէ։
Սակայն այս հակադրութիւնը մեզ պէտք չէ մղէ մտածելու, թէ փոքրիկ ուրախութիւնները վայելելը սխալ է։ Ընդհակառակը, պէտք է մեզի յիշեցնէ, թէ որքան թանկ են այն բաները, որոնք շատ անգամ սովորական կը համարենք։ Ապահով տունը, ընթրիքի սեղանը, խաղաղ գիշերը, սիրելի մարդոց ներկայութիւնը եւ ազատօրէն հաց կիսելու հնարաւորութիւնը մարդկային կեանքի մեծագոյն բարեբախտութիւններու շարքին կը պատկանին։
Երբ մարդ այս գիտակցութիւնը ունի, իր փոքրիկ հաճոյքը կրնայ նոյնիսկ ուրիշի մը հանդէպ պատասխանատուութեան վերածուիլ։ Եթէ իմ սեղանս ապահով է, գուցէ կրնամ ուրիշին համար եւս տեղ մը ստեղծել։ Եթէ ես տաք տուն ունիմ, գուցէ կրնամ մսող մարդու մը օգնել։ Եթէ ես հաց ունիմ, գուցէ կրնամ բաժին հանել անոր, որ չունի։
«ՔՈԶԻ»Ն՝ ՍՊԱՌՈՒՄԷՆ ԴԷՊԻ ԿԻՍՈՒՄ
«Քոզի» մշակոյթը այսօր նաեւ վերածուած է առեւտրային մեծ երեւոյթի։ Խանութներու մէջ կը վաճառուին հատուկ «քոզի» մթնոլորտ ստեղծելու համար նախատեսուած մոմեր, ծածկոցներ, բարձեր, գաւաթներ, սեղանի, պատի զարդեր եւ բազմաթիւ այլ ապրանքներ, որոնք մարդուն կը խոստանան հանգստութեան ու ջերմութեան զգացում։
Այս երեւոյթին մէջ, սակայն, որոշ վտանգ մը կայ։ Եթէ «քոզի»ն սկսինք հասկնալ միայն իբրեւ այն բոլոր իրերուն գումարը, որոնք կրնանք գնել մեզ աւելի հանգիստ զգալու համար, ապա անիկա կրնայ վերածուիլ հերթական սպառողական մշակոյթի մը, ուր մարդը երջանկութիւնը կը փորձէ գտնել նոր գնումներու մէջ։
Իր խորքին մէջ, սակայն, «քոզի»ն նիւթական շքեղութեան կարիք չունի։ Մեղմ համով խմիչք մը, պարզ կերակուր մը եւ մէկը, որուն հետ կարելի է խօսիլ կամ նոյնիսկ լուռ մնալ, շատ աւելի կարեւոր են, քան տան ամենաթանկ զարդարանքները։
«Քոզի»ն կրնայ դուրս գալ սկանտինաւեան մշակոյթի սահմաններէն եւ դառնալ համամարդկային բարոյական գաղափար մը, որուն կեդրոնը ո՛չ թէ անձնական յարմարաւէտութիւնն է, այլ՝ մարդու կողքին ըլլալու պատրաստակամութիւնը։
«ՔՈԶԻ» ԽԱՂԵՐԸ ԵՒ ԴԱՆԴԱՂ ԱՇԽԱՐՀԻ ՓՆՏՌՏՈՒՔԸ
Այս ձգտումը այսօր հասած է նաեւ թուային աշխարհ։ Վերջին տարիներուն համացանցին մէջ մեծ ժողովրդականութիւն ստացած են այսպէս կոչուած «քոզի խաղերը», որոնց մէջ սովորաբար գլխաւոր նպատակը մարտը, մրցակցութիւնը կամ յաղթանակը չէ։ Խաղացողը կրնայ համակարգիչի էքրանին փոքրիկ ագարակ մը մշակել, տուն մը զարդարել, կենդանիներ խնամել, բոյսեր աճեցնել կամ փոքր համայնք մը կառուցել։
Այս երեւոյթը հետաքրքրական հակասութիւն մը կը ստեղծէ։ Մարդը իրական կեանքի մէջ կը բողոքէ, որ ժամանակ չունի, որ ամէն ինչ արագ է, որ աշխատանքի պահանջները շատ են եւ որ օրերը չափազանց արագ կ՚անցնին, բայց երբ հանգստանալու համար խաղ կը բանայ, երբեմն կ՚ընտրէ այնպիսի խաղ մը, ուր հիմնական գործողութիւնը բոյս մը տնկելն է, տուն մը կառուցելը կամ փոքրիկ համայնքի մը առօրեան կազմակերպելը։
Գուցէ ասիկա պատահական չէ։ Թուային այս փոքրիկ աշխարհներուն մէջ մարդը կը փնտռէ այնպիսի միջավայր մը, ուր իր գործողութիւնները կանխատեսելի են, արդիւնքները՝ տեսանելի, իսկ ժամանակը՝ աւելի դանդաղ։ Իրական կեանքը կրնայ մարդուն պարտադրել արագ որոշումներ եւ անորոշ հետեւանքներ, մինչդեռ այդ խաղերը կը ստեղծեն փոքրիկ աշխարհներ, ուր կարելի է դանդաղիլ եւ վերահսկելի կերպով ինչ-որ բան կառուցել։
Արդեօք սխա՞լ է վայելել այս փոքրիկ հաճոյքները այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ աշխարհը այնքան անհանգիստ է։ Ամենեւին։
Փոքրիկ ուրախութիւնները իրականութենէն փախուստ չեն, երբ անոնք մեզ չեն կտրեր ուրիշներու ցաւէն եւ չեն դարձներ անտարբեր։ Ընդհակառակը, երբ մարդ կը կարողանայ գնահատել իր տան ջերմութիւնը, հացի բոյրը կամ սիրելի մարդոց ներկայութիւնը, ան կրնայ նաեւ աւելի լաւ հասկնալ, թէ ինչու ուրիշ մարդոց համար նոյն այդ բաները պէտք է հասանելի ըլլան։
Աշխարհը կրնայ շարունակել մնալ անհանգիստ, պատերազմները կրնան շարունակուիլ, տնտեսական անստուգութիւնը կրնայ խորանալ եւ լուրերը կրնան ամէն օր նոր վախեր բերել։ Մենք, սակայն, տակաւին կրնանք մեր կեանքի փոքրիկ տարածքներուն մէջ ստեղծել այնպիսի պահեր, որոնք մեզի կը յիշեցնեն, թէ մարդկային կեանքը միայն վտանգներու եւ անորոշութիւններու ամբողջութիւն մը չէ։
Խաղաղութիւնը միշտ չէ, որ կը սկսի մեծ ժողովներու, մեծ ճառերու կամ պատմական համաձայնագիրներու սեղաններուն շուրջ։ Երբեմն ան կը սկսի տան մը խոհանոցէն, ուր մէկը ուրիշի մը համար սուրճ կը պատրաստէ, կամ ընտանիքի մը սեղանէն, ուր հացը կը բաժնուի առանց հաշուելու, թէ ո՞վ որքան պիտի ստանայ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան