ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ՄԱՐԴ
Աստուած մարդը ստեղծեց Իր հաճութեան համար՝ որպէսզի Ինքզինք յայտնէ անոր եւ որպէսզի մարդը զԻնք պաշտէ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։ Սակայն, Աստուած զղջաց, որ մարդը ստեղծեց եւ Իր սրտին մէջ տրտմեցաւ, քանի որ «… անոնց խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին». (ԾՆՆԴ. Զ 5)։ Մարդիկ սկսան անհնազանդ ըլլալ եւ կամապա՛շտ։ Ադամի եւ Եւայի եւ Աստուծոյ միջեւ այն մտերմիկ յարաբերութիւնը խախտեցաւ եւ մարդիկ աստուածներ հնարեցին՝ զանոնք պաշտելու համար, կռնակ դարձնելով ճշմարիտ եւ բարի Աստուծոյ։
Սուրբ Գիրքը յստակ կը յայտնէ այն բաներուն մասին, ինչ որ պէտք չէ՛ պաշտենք։ Ուստի, ստեղծուած որեւէ բան պէտք չէ պաշտենք։ «… Արեւը, լուսինը, աստղերը տեսնելով մի՛ խաբուիր, անոնց երկրպագութիւն մի՛ ըներ եւ զանոնք մի՛ պաշտեր». (Բ ՕՐ. Դ 19)։ Ձեռակերտ՝ ձեռքով շինուած բոլոր բաները եթէ պաշտուին, Աստուած կը բարկացնէ, քանի որ Ան Իր փառքը մէկո՛ւն չտար. (ԵՍԱՅԻ. ԽԸ 11)։ Օտար չաստուածներ պաշտել եւ անոնց պաշտօն եւ ծառայութիւն մատուցանել Աստուծոյ զզուելի է. (Բ ՕՐ. ԺԱ 16)։ Դժբախտաբար սատանան՝ «չար»ը պաշտողներ ալ կը գտնուին՝ անհնազանդ եւ շեղած ճշմարտութեան ճամբայէն։ Արդարեւ սատանային՝ «չար»ին մեծ ակնկալութիւնը եւ փափաքն է ինքն ալ պաշտուի Աստուծոյ նման։ Ուստի, Յիսուս յանդիմանեց եւ վռնտեց զայն ըսելով. «Ետիս գնա՛ սատանայ, որովհետեւ գրուած է թէ՝ քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես եւ միա՛յն զԱյն պաշտես». (ՄԱՏԹ. Դ 10)։ Պաշտամունքներ կան, որոնք «պարապ տեղ եւ միայն շրթներով» կ՚ըլլան՝ ձեւապաշտ եւ սնամէջ արտայայտութիւններ։ Տէրը կը զգուշացնէ այդ հոգեվիճակով եւ կեղծաւորութեամբ ձեւականօրէ պաշտամունք կատարողները. (ՄԱՐԿ. Է 6-7)։ Իսրայէլի ժողովուրդը բազմաթիւ անգամներ յանդիմանուեցաւ Աստուած բարկացնող պաշտամունքներուն համար. «Մարդուն սիրտը ամէն բանէ աւելի խաբեբայ եւ խիստ չար է». (ԵՐԵՄ. ԺԷ 9)։
Տգիտաբար եւ ճշմարիտ Աստուածը առանց ճանչնալու պաշտամունք կատարողներ ալ կան։ Զոր օրինակ՝ Գանգէս գետին մէջ իր զաւակը նետող անգիտակից մօր պէս։ Աթենացիներ ալ կը պաշտէին «Անծանօթ Աստուած» մը տգիտաբար եւ առանց ճանչնալու. (ԳՈՐԾՔ. ԺԷ 23)։ Պօղոս առաքեալ անոնց տգիտութիւնը յիշեցնելով զանոնք առաջնորդեց ճշմարիտ Աստուծոյն՝ երկինքի եւ երկրի ստեղծիչը։
Կը պատմուի, թէ Պուտտայական կրօնքի պատկանող չինացի մը իր խանութին մէջ դրած է Պուտտային մէկ արձանը բաց ձեռքերով եւ մէջը դրած էր պտուղներ եւ դրամ։ Երբ իրեն կը հարցուի, թէ ինչո՞ւ այդ ուտելիքները եւ դրամը դրած է Պուտտային առջեւ։ Պուտտայական խանութպանը կը պատասխանէ. «Քանի որ Պուտտան գործս կ՚օրհնէ եւ յաջողութիւն կու տայ»։
Բայց շարժառիթներով զԱստուած պաշտել սխա՛լ է. պաշտամունքը պէտք է ըլլայ բացարձակ եւ առանց որեւէ յետին նպատակի։ Ուստի, Աստուած երբեք չ՚ուզեր, որ մենք զանազան շարժառիթներով զԻնք պաշտենք։
Արդարեւ, շարքը երկար է անոնց, որոնք մարդապաշտ են, ցանկապաշտ, նիւթապաշտ եւ եսապաշտ՝ որոնք միայն Աստուծոյ բարկութիւնը կը քրքրեն եւ Անոր դատաստանը կը փութացնեն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ