ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՊՈԼԻՍ

Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ միջոցէ մը ի վեր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գտնուէր, արդէն հրաժեշտ առած է՝ վերադառնալու համար քաղաքս։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, ան այցելեց Հայաստանեայց Արաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմը։ Կեցութեան օրերուն հայր սուրբը Արեւելեան թեմէն ներս ունեցաւ զանազան շփումներ՝ մասնաւորապէս մէկտեղուելով նախկին պոլսահայ շրջանակներուն հետ։ Ան պատարագեց Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւն բերաւ՝ Ս. Ներսէս ընծայարանի Արմոնքի այժմու համալիրէն ներս հաստատման տասնամեակին ձօնուած յոբելենական հանդիսութիւններուն։ Նիւ Եորքէն հրաժեշտ առնելէ առաջ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան շնորհակալութիւն յայտնեց արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանին՝ կեցութեան օրերուն իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերունքին համար։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2026