ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐՈՒ ԲԱԶՄԱՆԴԱՄ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Ֆրանսայէն հիւրերու բազմանդամ խումբ մը։ Այցելուները ֆրանսական «Փոփիւլէր» դրամատան ղեկավարութեան դէմքերէն կը բաղկանային։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Տ. Նաթան քհնյ. Արապեան։

Ֆրանսացի հիւրերը ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, որ իրենց հետ զրուցեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Ողջունելով հիւրերը՝ ան բացատրութիւններ տուաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ընդհանուր դրուածքին եւ օրակարգին շուրջ։ Հիւրերը մասնաւորապէս հետաքրքրուեցան համայնքային կեանքի ընկերային եւ մշակութային երեսակներով։

Զրոյցի աւարտին ֆրանսացի հիւրերը գոհ տպաւորութեամբ հրաժեշտ առին Գումգաբուէն՝ մինչ Պատրիարքարանի մուտքին տեղի ունեցաւ նաեւ նկարահանում մը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2026