ՄԱՔՐՈՆ-ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԷԼԻԶԷԻ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ. ՖՐԱՆՍԱ ԵՒ ԳԵՐՄԱՆԻԱ ՄԻՇՏ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ

Երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Էլիզէի պալատէն ներս հիւրընկալեց Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրը, որ պետական այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։ Պաշտօնական դիմաւորման արարողութեան եւ բանակցութիւններուն առընթեր, երկու ղեկավարները Փարիզի մէջ այցելեցին Անծանօթ զինուորի շիրիմը։

Էմմանիւէլ Մաքրոն այս այցելութեան առթիւ մատնանշեց Փարիզի եւ Պերլինի միջեւ գոյացած պատմական եզրայանգումը։ Իր խօսքով՝ Ֆրանսա եւ Գերմանիա կը գիտակցին պատերազմի փոխարժէքին, եզրայանգման անհրաժեշտութեան եւ խաղաղութեան արժէքին։

Շթայնմայէրի այցելութեան առթիւ Մաքրոն ընդգծեց, որ Ֆրանսա-Գերմանիա յարաբերութիւնները Եւրոպայի տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։

«Պատմութեան մէջ դրոշմուած մեր բարեկամութիւնը, մեր ուժը խոստում մըն է ամբողջ Եւրոպային համար», յայտնեց Էմմանիւէլ Մաքրոն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2026