ԹԻՒՐՔՄԵՆՊԱՇԸԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան հանդիպում մը ունեցան Թիւրքմենպաշըի մէջ, ուր տեղի կ՚ունենայ ԱՊՀ-ի գագաթաժողովը՝ Թիւրքմենիստանի հիւրընկալմամբ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ Մեսուտ Փեզեշքիան կարեւորեցին երկկողմանի բարձր մակարդակի խտացեալ շփումները։ Անոնք գոհունակութեամբ նշեցին, որ այդ շփումները կը նպաստեն Երեւան-Թեհրան յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման եւ ընդլայնման։
Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, թէ Հայաստանն ու Իրանը ունին համագործակցութեան յագեցած օրակարգ մը եւ հարեւան երկրի ընկերութիւնները ներգրաւուած են Հայաստանէ ներս իրականացուած ռազմավարական նախագծերուն։
Կողմերը համամիտ են, որ յառաջիկային Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները կը բարձրանան նոր մակարդակի։ Վարչապետն ու նախագահը շեշտեցին նաեւ յառաջիկային նախատեսուած բարձր մակարդակով փոխադարձ այցելութիւններու կարեւորութիւնը։
Փաշինեան եւ Փեզեշքիան կարծիքներ փոխանակեցին՝ երկկողմանի հետաքրքրութեան առարկայ այլ զանազան հարցերու շուրջ։
Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին օրերուն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այցելած էր Թեհրան, ուր հիւրընկալուած էր նաեւ Մեսուտ Փեզեշքիանի կողմէ։