ՅԱՄԱՌ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը կը շարունակէ ըլլալ՝ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային կայունութեան դէմ հիմնական սպառնալիքներէն մին։ «Պատերազմի սկիզբէն ի վեր շատ աշխատանք տարինք՝ ապահովելու համար, որ բախումները դէպի Սեւ ծով չընդլայնուին։ Մոնթրէօի համաձայնագիրը նախանձախնդրութեամբ գործադրեցինք եւ Սեւ ծովու հացահատիկի նախաձեռնութեամբ հանդէս եկանք։ Այս բոլորը այդ ջանքերու շօշափելի օրինակներն են», ըսաւ նախարարը։
Երէկ, Հաքան Ֆիտան Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Հունգարիոյ փոխ-վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Անիթա Օրպանը։ Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս սարքուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ֆիտան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ տեսակէտները բաժնեց՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին շուրջ։ Ան շեշտեց, որ պատերազմը դէպի Սեւ ծով կ՚ընդլայնուի։ Քաղաքային նաւերու դէմ յարձակումները կ՚աւելնան, տարածաշրջանէն ներս կեանքի, ապրանքներու, նաւագնացութեան եւ բնապահպանութեան անվտանգութիւնը լուրջ սպառնալիքի ենթակայ է։ «Բացարձակապէս պէտք չէ թոյլ տանք, որ Սեւ ծովը նոր բախման կէտի մը վերածուի։ Այս բանին պէտք չէ թոյլ տանք՝ ըլլալով տարածաշրջանի երկիրներ եւ միջազգային հաւաքականութիւն։ Բայց եւ այնպէս, դժբախտաբար, ինչպէս կը տեսնէք՝ բոլոր ճակատներու վրայ պատերազմը որքան որ կ՚ընդլայնուի, այնքան ալ ազդեցութիւնը զգալի կը դառնայ Սեւ ծովու մէջ», դիտել տուաւ նախարարը։
Հաքան Ֆիտան ընդգծեց, որ Անգարա կը զգուշանէ թէ՛ Մոսկուան եւ թէ Քիեւը, որպէսզի պատերազմի ազդեցութիւնները չտարածուին դէպի Սեւ ծով։ Իր խօսքով՝ ներկայիս, ձմրան նախօրէին, հակամարտ կողմերը ահաւոր յարձակումներու ձեռնարկած են, որպէսզի ռազմական գերակայութիւն մը ապահովեն իրարու դէմ։ Այս հանգամանքը լուրջ սպառնալիք մը կը համարուի՝ Սեւ ծովէ ներս նաւագնացութեան անվտանգութեան տեսակէտէ։ Այս բոլորէն կ՚ազդուին թրքական դրօշակով, թրքական անձնակազմով կամ սեփականատէրը թուրք նաւերը։ «Հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի այս ընթացքը կասեցնենք», ըսաւ նախարարը։
Ի լրումն այս բոլորին, Հաքան Ֆիտան դիտել տուաւ, որ յարձակման ենթարկուած նաւերուն կողմէ դէպի միջազգային շուկաներ հացահատիկի տեղափոխման խոչընդոտուիլը լուրջ խնդիրներու ծնունդ կու տայ։ Այսպէս, գլխաւորութեամբ Ափրիկէի, բազմաթիւ երկիրներու պարագային սնունդի անվտանգութիւնը կը վտանգուի։ Նախարարը համոզուած է, թէ այս վտանգը անպայման կանխուի։