ՄԻՇՏ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄՆԱԼ

«Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ ծերեր եւ ակա՛նջ տուէք, ո՛վ երկրի բոլոր բնակիչներ, միթէ այսպիսի բան եղա՞ծ է ձեր օրերուն մէջ, կամ ձեր հայրերուն օրերուն մէջ։ Ասիկա ձեր որդիներուն պատմեցէ՛ք եւ ձեր որդիները իրենց որդիներուն եւ անոնց որդիները յետագայ ազգին թող պատմեն». (ՅՈՎԷԼ. Ա 2-3)։

Սրբազան պարտականութիւն մըն է՝ պատասխանատուութեան հարց մը բոլոր անոնց, որոնք այլեւս նպատակ մը չունին իրենց կեանքին մէջ, ուժ եւ կարողութենէ զուրկ են որեւէ գործ կատարելու, աչքերը տկարացած եւ ականջները այլեւս չեն հանդուրժեր բարձր ձայներ լսելու. Յովէլ մարգարէի այս խօսքերը անոնց ուղղուած են այնքան իր ժամանակներուն, նոյնքան եւ աւելի մեր օրերուն եւ յառաջիկային։

Տարեցներ, չըսելու համար «ծերեր», պարզ աթոռի մը բազմած սենեակին մէկ անկիւնը՝ ուր միայն Աստուծոյ հետ կը խօսին առանձնութեան մէջ, կը սպասեն օրուան երիտասարդներուն՝ որոնք վաղուան տարեցներն են, անոնց հետ իրենց կեանքի փորձառութենէն դասեր բաժնելու։ Եւ ա՛յս է տարեցներու սրբազան պարտականութիւնը։ Ա՛յս է մշակոյթի տեւականացման հրամայականը…

Որչափ ալ տարեցները ծանր ըլլան լսելու, աչքերը տկար տեսնելու, շրթները դողան սահուն խօսելու, անոնք անսահման, հրաշալի համբերութիւն ունին եւ անհուն սէր՝ երիտասարդներուն, այսինքն ապագայ սերունդին հանդէպ։ Անոնց՝ որոնք իրենց ներկայութիւնը կը փնտռեն եւ զիրենք ծերանոցի մը անկիւնին արժանի չեն դարձներ։ Ուստի, մարդ այնքան ատեն որ կ՚ապրի, կեանքը կը վայելէ՝ պարտականութիւն մը ունի կեանքին նկատմամբ՝ բոլորը իրենց կարողութեան եւ տարողութեան համեմատ։

Այս անխուսափելի սրբազան պարտականութիւն մըն է, որ նպատակ ունի կեանքին սերունդէ սերունդ փոխանցման։ Բնական օրէնք մըն է ասիկա՝ տեւականացմա՛ն։

Մարդուն կոչո՛ւմն է կեանքը տեւականցնել՝ սերունդէ սերունդ։

Անոնք, տարեցները իրենց առանձնացած անկիւնին մէջ տեւապէս կը խօսին Աստուծոյ հետ՝ հայր եւ որդիի անկեղծ մտերմութեան մէջ։ Անոնք փա՜ռք կու տան, գոհութիւն կը յայտնեն Ամենակարողին, որ իրենց ընկերացաւ իրենց առանձնութեան մէջ պանդուխտի ճամբան քալած ատեն։ Փա՜ռք կու տան, որ օր մըն ալ շունչ տուաւ իրենց շնչելու, երդիք մը՝ իրենց գլխուն վրայ եւ պատառ մը հաց՝ սնունդի համար։ Փառք կու տան մա՛նաւանդ հոգեւոր սնունդին համար, որ զօրացուց զիրենք չարին հարուածներուն դիմադրելու։ Փառք կու տան, որ չեն կորսնցուցած իրենց խորհելու կարողութիւնը, բանականութիւնը եւ իմացականութիւնը…

Եւ կը խնդրեն խաղաղութիւն, սէր եւ միութիւն համայն աշխարհի, իրենց զաւակներուն առողջութիւն, յաջողութիւն եւ երջանկութիւն, իրենց հարազատներուն հոգեւոր արթնութիւն եւ, վերջապէս, կը խնդրեն, որ Իր Արքայութիւնը շուտ գայ եւ փրկէ զիրենք «Չար»ին իշխանութենէն։

Տարեցներ այսօր գիտե՛ն, թէ մօտեցած են իրենց ժամակաւոր ճամբորդութեան վախճանին, բայց գիտեն նաեւ, որ չէ վերջացած իրենց պարտականութիւնը այս աշխարհի վրայ, այնքան ատեն որ կը շնչեն եւ այս ժամանակաւոր կեանքը կը վայելեն…

Ուստի, կեանքը պարտաճանաչ ըլլալու ընթացք մըն է, պէտք է ապրիլ այս գիտակցութեամբ, քանի որ կարեւորը երկար ապրիլն չէ՛, այլ՝ բարի, օգտակար եւ նպատակայարմար ապրիլ եւ փոխանցել անոնք ապագային։

Երիտասարդ չեն անոնք այլեւս եւ կը սպասեն այն Երջանիկ Օրուան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2026