61-ՐԴ ԱԹՈՌԻ ՀԱՇԻՒԸ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանյահուի վերջին ճակատամարտը կ՚ընթանայ այն հարցումով, թէ Իսրայէլ դէպի ո՞ւր կ՚երթայ։ Երկիրը կրկին ընտրութեան շեմին է, բայց, 27 հոկտեմբեր 2026-ին նախատեսուածը սովորական ընտրութիւն մը չէ։ Այս ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան՝ 7 հոկտեմբեր 2023-ի «Համաս»ի յարձակումէն երեք տարի անց, պատերազմներու, անվտանգային ցնցումներու, ներքին պառակտումներու եւ քաղաքական պատասխանատուութեան շուրջ շարունակուող վէճերու մթնոլորտին մէջ։

Այս անգամ Իսրայէլի ընտրողը պարզապէս պիտի չորոշէ, թէ ո՞ր կուսակցութիւնը պիտի ստանայ աւելի շատ քուէ։ Ան պիտի որոշէ նաեւ, թէ արդեօք Պենիամին Նեթանյահուի երկարամեայ իշխանութիւնը ապագայ դեռ ունի՞, թէ երկիրը պատրաստ է քաղաքական նոր էջ մը բանալու։

Եւ այստեղ կայ ընտրութեան ամբողջ բարդութիւնը. Նեթանյահուի դէմ ըլլալը մէկ բան է, իսկ անոր փոխարէն կառավարութիւն մը կազմելը՝ բոլորովին ուրիշ բան։

Ուրեմն, 61-րդ աթոռին ճակատամարտը պիտի մղուի։ Իսրայէլի Քնեսեթը ունի 120 աթոռ, իսկ կառավարութիւն կազմելու համար անհրաժեշտ է առնուազն 61 երեսփոխան։ Հետեւաբար, ընտրական ամբողջ թուաբանութիւնը, ի վերջոյ, կը վերածուի մէկ թիւի՝ 61-ի։

Ներկայ ամսուայ սկիզբի դրութեամբ հարցախոյզներու միջինները Նեթանյահուի աջակողմեան եւ կրօնական դաշինքին համար կը նախատեսէին շուրջ 55 աթոռ՝ մինչ անոր հակառակորդ սիոնական կուսակցութիւնները կը թուին ըլլալ շուրջ 49 աթոռ ապահովելու մակարդակին վրայ։ Միւս կողմէ, արաբ պատգամաւորներու պարագան ալ կարեւոր է։ Վերջին տուեալներով՝ արաբական ցուցակները կրնան ստանալ շուրջ 12-13 աթոռ։

Թուաբանութիւնը պարզ է. որեւէ ճամբար այսօր առանձինն պիտի չկարողանայ ունենալ 61 աթոռ։ Աւելի՛ն, առանձին հարցախոյզները միշտ նոյն պատկերը չեն ներկայացներ։ Իսրայէլի 12-րդ Ալիքը, օրինակ, հարցախոյզի մը հիման վրայ ընդդիմադիր ուժերուն կը նախատեսէր շուրջ 54 աթոռ, իսկ Նեթանյահուի դաշինքին համար՝ 49։ «Լիքուտ»ը կրնայ ստանալ շուրջ 21 աթոռ, իսկ Կատի Այզենքոթի «Եաշար»ը՝ շուրջ 23։

Այս տարբերութիւնները կարեւոր են, որովհետեւ անոնք կը յուշեն, որ ընտրութեան առաջին փուլին որեւէ կողմի յաղթանակը կանխատեսել կարելի չէ։ Ուրեմն, հարցը այլեւս միայն այն չէ, թէ ո՞վ առաջին տեղը պիտի գրաւէ։ Իրական հարցը հետեւեալն է. ո՞վ պիտի կարենայ 61-րդ աթոռը գրաւել։

Այստեղ կայ հետեւեալ հարցումը. Նեթանյահու ունի վերադարձի՞ ճանապարհ, թէ ոչ իր վերջին ճակատամարտն է։ Մէկէ աւելի վերլուծաբաններ կը գրեն, որ Նեթանյահու տակաւին ունի նոր վերադարձի մը իրական հնարաւորութիւնը։ Անոր քաղաքական ուժը կը մնայ ամուր, իսկ աջակողմեան եւ կրօնական կուսակցութիւններու հետ դաշինքը տակաւին ունի նշանակալի ընտրական զանգուած։ Աւելի՛ն, վերջին շաբաթներուն Նեթանյահուի ճամբարը որոշ չափով բարելաւած է իր դիրքը։ Սեպտեմբերի սկիզբին անոր դաշինքը կը գտնուէր շուրջ 52 աթոռի մակարդակին վրայ՝ իսկ այժմու կանխատեսումները հասած են 54 կամ 55 աթոռի մակարդակին։ Բայց, այստեղ եւս պէտք է կանգ առնել։ 54 կամ 55 աթոռը 61 չէ։

Եւ քաղաքականութեան մէջ երբեմն տարբերութիւնը վեց աթոռ է, բայց, այդ վեց աթոռը կրնայ բաժնել իշխանութիւնը ընդդիմութենէն։ Նեթանյահուի ամենամեծ առաւելութիւնն է իր քաղաքական փորձառութիւնը։ Ան Իսրայէլի արդի պատմութեան ամենաերկարակեաց եւ ամենափորձառու քաղաքական գործիչներէն մին է։ Ան գիտէ, որ ընտրութիւնները միշտ չեն վճռուիր միայն քուէատուփին մէջ։ Անոնք երբեմն կը վճռուին ընտրութենէն ետք՝ դաշինք կազմելու բանակցութիւններու սեղաններուն մէջ։ Նեթանյահու այդ խաղը լաւ գիտէ, բայց, այս անգամ անոր ուսերուն վրայ կայ նաեւ ծանր քաղաքական ժառանգութիւն մը։

7 հոկտեմբեր 2023-ը տակաւին փակուած էջ մը չէ։ Ո՞վ պատասխանատու էր այդ օրուան անվտանգային ձախողումներուն համար։ Արդեօք պատերազմի տարիներուն (մանաւանդ Կազզէի մէջ շղթայազերծուած պատերազմի պարագան) Իսրայէլ հասա՞ծ է իր ռազմավարական նպատակներուն։ Որքա՞ն երկար պէտք է շարունակուի պատերազմական տրամաբանութիւնը։ Եւ, ամենակարեւորը՝ Իսրայէլի ընտրողը տակաւին կը վստահի՞ այն ղեկավարութեան, որ երկիրը առաջնորդեց այս ամբողջ շրջանին։

Նեթանյահուի ընդդիմադիրները այս հարցերը կը վերածեն պատասխանատուութեան խնդրի։ Նեթանյահու, իր հերթին, կը փորձէ ընտրութիւնը ներկայացնել անվտանգութեան, փորձառութեան եւ տարածաշրջանային սպառնալիքներուն դիմակայելու կարողութեան տեսանկիւնէն։ Երկու պատմութիւններ իրարու դէմ կը դրուին։ Ըստ մէկուն՝ երկիրը պէտք ունի փորձառու ղեկավարի մը, իսկ միւսը կը հարցնէ, թէ այդ փորձառու ղեկավարը պէտք չէ՞ արդեօք պատասխանատու ըլլայ վերջին տարիներուն թոյլ տրուած բացայայտ սխալներուն համար։

Իսրայէլի ընդդիմութիւնը պատրա՞ստ է իշխանութեան։ Նեթանյահուի ճամբարին տկարութիւնը տեսանելի է, բայց, ընդդիմութեան ուժը տակաւին ամբողջական չէ։ Նեթանյահուի հակառակորդները կրնան միասին ստանալ աւելի շատ աթոռներ, սակայն, այդ ուժերը մէկ, միասնական քաղաքական ճակատ մը չեն ներկայացներ։

Կեդրոնական, աշխարհիկ, աջակեդրոն եւ այլ քաղաքական ուժեր այսօր կրնան միաւորուիլ մէկ ընդհանուր նպատակի շուրջ՝ վերջ տալ Նեթանյահուի իշխանութեան, սակայն, ընտրութենէն ետք երկիրը կառավարելը շատ աւելի բարդ խնդիր մը պիտի ըլլայ։ Կատի Այզենքոթի շուրջ ձեւաւորուած կեդրոնական ուժերը պէտք է համագործակցին տարբեր քաղաքական ուղղութիւններու ներկայացուցիչ գործիչներու եւ կուսակցութիւններու հետ՝ ներառեալ Նեֆթալի Պենեթ, Եաիր Կոլան, Աւիկտոր Լիպերման եւ մնացեալ փոքր խմբաւորումները։ Այստեղ քաղաքական տարբերութիւնները կրնան արագօրէն երեւիլ, որովհետեւ քաղաքականութեան դաժան ճշմարտութիւնը երբեմն շատ պարզ է. ի վերջոյ, Նեթանյահուին դէմ ըլլալը տակաւին կառավարութիւն մը կազմելու ծրագիր չէ։ Եւ այս կէտին վրայ արաբական կուսակցութիւնները կրնան ունենալ կարեւոր դեր մը։

Ըստ վերջին հարցախոյզներուն՝ արաբական ցուցակները կրնան ստանալ շուրջ 12-13 աթոռ։ Այս թիւը կրնայ որոշիչ դառնալ այն պարագային, երբ որեւէ խոշոր ճամբար պիտի չկարողանայ ունենալ 61 աթոռ։ Յամենայնդէպս, արաբական կուսակցութիւններու հետ կառավարական համագործակցութիւնը Իսրայէլի հիմնական սիոնական ուժերուն համար պարզ թուաբանական գործարք մը չէ։ Անիկա կը ներառէ գաղափարական, անվտանգային եւ հանրային լուրջ խնդիրներ։ Ուստի, ընդդիմութեան առջեւ եւս նոյն պատնէշն է. 61։

Իսրայէլ յոգնած է Նեթանյահուէ՞ն։ Այս հարցումին պարզապէս «այո» կամ «ոչ» պատասխանել կարելի չէ։ Իսրայէլի հասարակութեան մէկ հատուածը Նեթանյահուի մէջ տակաւին կը տեսնէ այն ղեկավարը, որ կրնայ երկիրը առաջնորդել Իրանի, «Համաս»ի, «Հիզպուլլահ»ի եւ տարածաշրջանային այլ սպառնալիքներու դիմաց։ Միւս հատուածը, ընդհակառակն, կը կարծէ, թէ նոյն ղեկավարութիւնը պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի 7 հոկտեմբեր 2023-ի ձախողումներուն եւ պատերազմական ամբողջ շրջանին համար։ Բայց, ընտրութիւնը միայն Նեթանյահուի անձին մասին չէ։

Իսրայէլ այսօր կը վիճի իր ապագայ պետական եւ հասարակական կառավարման ձեւաչափը ստեղծելու շուրջ։ Իսրայէլի մէջ կրօնականի եւ աշխարհիկի հակասութիւնը կը խորանայ։ Հրետի (կամ հրետին. ծայրայեղական աւանդոյթներով ապրող համայնք) համայնքի զինուորական ծառայութեան հարցը կը մնայ զգայուն։ Դատական համակարգի շուրջ վէճերը չեն անհետացած։ Տնտեսութիւնը եւ կեանքի սղաճը կը շարունակեն ազդել ընտրողներուն վրայ։ Իսկ Կազզէի պատերազմէն եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններէն ետք, անվտանգութիւնը կը մնայ օրակարգի թիւ մէկ հարցերէն մին։ Այս բոլոր խնդիրները իրարու միացած են։ Հետեւաբար, յառաջիկայ ընտրութիւնը միայն Նեթանյահուի համար հանրաքուէ մը չէ։ Անիկա Իսրայէլի քաղաքական համակարգի մասին աւելի լայն քննութիւն մըն է։

Էական հարցերէն մին ալ հետեւեալն է. եթէ ոչ Նեթանյահու, հապա ո՞վ… Ահա այն հարցը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ՝ առանց վերջնական պատասխանի։ Նեթանյահուի իշխանութեան դէմ համախմբուիլը համեմատաբար դիւրին է, բայց, անոր փոխարէն միասնական իշխանութիւն մը կառուցելը շատ աւելի դժուար։ Եթէ ընտրութիւններէն ետք որեւէ ճամբար չկարենայ 61 աթոռ ապահովել, ապա Իսրայէլ կրնայ մտնել երկար եւ բարդ համախոհութեան բանակցութիւններու փուլի մը։ Այստեղ Նեթանյահուի տասնամեակներու փորձառութիւնը կրկին կրնայ նշանակութիւն ունենալ։ Ո՛չ այն պատճառով, որ ան անպայման պիտի վերադառնայ, այլ որովհետեւ ան գիտէ քաղաքական փակուղիներու մէջ շարժելու արուեստը։

Ուստի, այժմ սխալ պիտի ըլլայ պնդել, որ Նեթանյահուն պարտուած է։ Նոյնքան սխալ կ՚ըլլայ պնդել, որ ան կը վերադառնայ։ Ներկայ պահը երկու պնդումներուն համար ալ վաղաժամ կը համարուի։ Իրական պատկերը կը նմանի փակուղիի մը, ուր երկու մեծ ճամբարներն ալ ուժեղ են, բայց, երկուքն ալ 61 աթոռ գրաւելու իսկական ներուժը չունին։

Իսրայէլի մօտալուտ ընտրութիւնը սովորական իշխանափոխութեան մը ընտրութիւնը չէ։ Անիկա երեք տարիներու պատերազմի, անվտանգային ցնցումներու, քաղաքական պատասխանատուութեան եւ ներքին պառակտումներու հաշուետուութեան պահ մըն է։ Նեթանյահուն խաղէն դուրս չէ։ Ընդհակառակն, ան տակաւին ունի իշխանութիւնը պահպանելու իրական ճանապարհ մը, բայց, այդ ճանապարհը այլեւս չի չափուիր միայն իր կուսակցութեան՝ «Լիքուտ»ի ուժով։ Միւս կողմէ, Նեթանյահուի հակառակորդներն ալ տակաւին չունին պատրաստի 61-նոց մեծամասնութիւն մը։

Եւ ահա այս պատճառով Իսրայէլի ընտրութեան հաւանական արդիւնքը պէտք է դիտել ո՛չ թէ պարզապէս «Նեթանյահու ընդդէմ ընդդիմութեան» ձեւով, այլ՝ իբրեւ պայքար 61-րդ աթոռի համար։ Նեթանյահուի վերջին ճակատամարտը, թերեւս, այն չէ, թէ ան քանի՞ աթոռ պիտի ստանայ։ Իրական հարցը շատ աւելի պարզ է. ան պիտի կարենա՞յ գտնել իր 61-րդ աթոռը։ Արդարեւ, այդ մէկ աթոռը կրնայ որոշել ո՛չ միայն Նեթանյահուի քաղաքական ապագան, այլեւ՝ Իսրայէլի յաջորդ քաղաքական փուլին ուղղութիւնը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2026